ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի դասախօսական անձնակազմը եւ խումբ մը ուսանողներ։ Հիւրերը գլխաւորուած էին Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեանի կողմէ։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ բարձր գնահատելով ֆաքիւլթէի գործունէութիւնը արեւելագիտութեան բնագաւառէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը մեծապէս կարեւորեց արեւելագէտ պատմագէտներու պատրաստումը, հասնիլը՝ ուսանողներուն յորդորելով ուսման մէջ ըլլալ ջերմեռանդ, իսկ հայրենիքին ծառայելու գործին մէջ՝ նախանձախնդիր։
Իր որդիական խոնարհումն ու երախտագիտութիւնը յայտնելով Նորին Սրբութեան՝ Փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեան անդրադարձաւ արեւելագիտութեան զարգացման ուղղութեամբ հոգեւորականութեան նշանակալի դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ ԵՊՀ-ի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի հետ սերտ համագործակցութեան։ Արդարեւ, այսօր ալ հոգեւորականները դասախօսութիւններով իրենց նպաստը կը բերեն 50-ամեայ այս ֆաքիւլթէի արդիւնաւորման։
Ընդունելութեան տեւողութեան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն, անոնց յաղթահարման ուղղեալ ջանքերուն։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան։