ՓՐՈՖ. ԱՐՈՒՍ ԵՈՒՄՈՒԼԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԱՍՈՒԼԻՍ

Յայտ­նի ըն­կե­րա­բան, «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Փրոֆ. Ա­րուս Եու­մուլ ե­րէկ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Մարք­սիզմ 2015» խո­րագ­րեալ քննար­կում­նե­րու ծի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ա­սու­լի­սի մը։ Այս քննար­կում­նե­րու շար­քին նա­խա­ձեռ­նած է Ըն­կեր­վա­րա­կան յե­ղա­փո­խա­կան բա­նուո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը։ Հա­շուի առ­նե­լով 2015-ին զու­գա­դի­պած տա­րե­լի­ցը՝ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը սոյն քննար­կում­նե­րու ծի­րին մէջ ընդգր­կած են նաեւ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ ա­սու­լիս­ներ։

«Թաք­սիմ Հիլլ» պան­դո­կին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած ա­սու­լի­սը խո­րագ­րուած էր՝ «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը»։ Նիս­տա­վարն էր նա­խա­ձեռ­նարկ կու­սակ­ցու­թե­նէն Էօզ­տէն Սէօն­մէզ։ Ա­րուս Եու­մու­լի ա­ռըն­թեր միւս ա­տե­նա­խօս­ներն էին նա­խա­ձեռ­նարկ կու­սակ­ցու­թեան վար­չա­յին­նե­րէն Ա­թիլ­լա Տի­րիմ եւ հե­տա­զօ­տող-գրող Իւ­միտ Քուրտ։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Ա­րուս Եու­մուլ մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բին եւ  նա­խորդ դա­րա­վեր­ջին ապ­րուած ող­բեր­գու­թիւն­նե­րուն բռնու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ կա­տա­րուած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ան յատ­կա­պէս ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ յաչս պե­տու­թեան Պատ­րիար­քա­րա­նին կող­մէ կա­տա­րուած դի­մում­նե­րը, հնչե­ցուած ա­հա­զան­գը, միշտ կ՚են­թար­կուէին ան­տար­բե­րու­թեան։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015