ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ՝ ՀԱՅ ԱԶԳԻ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց յայտնի արուեստաբան ու շարժանկարի մասնագէտ Արմէն Մետվետեւը։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը նախապէս արժանացած է «Եղիցի լոյս» մրցանակին։ Իրեն կ՚ընկերանար «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի շարժանկարի միջազգային փառատօնի հիմնադիր Յարութիւն Խաչատրեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, նկարիչ ու բեմադրիչ Կարի Պարտի եւ շարժանկարի մասնագէտ Մհեր Մկրտչեան։

Վեհափառ Հայրապետը հիւրերը ողջունելով իր գնահատանքը փոխանցեց Յարութիւն Խաչատրեանի, որ նախաձեռնած էր այս հանդիպման կազմակերպման։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց արուեստի գործիչներու նախանձախնդիր աշխատանքը, որով անոնք կը նպաստեն ներկայ ու գալիք սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան՝ քարոզելով սէր եւ համամարդկային արժէքներ։

Իր հերթին, Արմէն Մետվետեւ ուրախութեամբ նշեց, որ Վեհափառ Հայրապետի հետ հանդիպումը հնարաւորութիւն է բարձր պարգեւի արժանացած ըլլալու համար երախտիքի ու խոնարհման խօսքեր հնչեցնելու. բան մը, որու հնարաւորութիւնը չէր ունեցած «Եղիցի լոյս» մրցանակը ստանալու ժամանակ։ Արմէն Մետվետեւ խօսեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն կրած իր անմոռանալի տպաւորութիւններուն մասին։ Ան նշեց, որ իրեն համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հայ ազգի միասնութեան խորհրդանիշն է։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2018