ՎԱՌ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկահայ յայտնի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան եւ իր ընտանիքի անդամները կը շարունակեն իրենց ուղեւորութիւնը դէպի Հայաստան։ Անոնք Երեւանի մէջ երէկ անցուցին հետաքրքրական օր մը։ Իրենց ծրագիրը կ՚ընթանայ հանրային կարծիքի եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու անմիջական հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Քիմ Քարտաշեան եւ իր ընտանիքի անդամները համակրանքի առարկայ կը դառնան փողոցներուն մէջ։ Երէկ օրուան տեւողութեան անոնք այցելեցին Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգին, Մատենադարանը, Կասկատը եւ Գեղարդի վանքը։
Հայաստանի պետական աւագանին ալ աննկատ չթողուց ամերիկահայ հեռուստաաստղին Երեւան այցելութիւնը։ Այս շրջագծով Քիմ Քարտաշեան եւ իր ընտանիքի անդամները երէկ հիւրընկալուեցան Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւններ ընելէ խուսափելով հանդերձ, Քիմ Քարտաշեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ շատ խանդավառ ու դրական տպաւորութիւններ կը փոխանցէ այս ուղեւորութեան մասին։ Քիմ Քարտաշեան յայտնած է նաեւ, թէ եթէ հայրը ապրէր, ապա իրմով հպարտ պիտի զգար՝ Հայաստան այցելութեան բերումով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային մետիան ալ մօտիկ ուշադրութեամբ կը հետեւին այս այցելութեան, որուն շրջագծով Քիմ Քարտաշեան պիտի այցելէ նաեւ Կիւմրի։
Մինչ այդ, Քիմ Քարտաշեանի այցելութեան մասին արձագանգները կը շարունակուին նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։