ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՎԱՏԻԿԱՆ ԱՅՑԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր եղբայրական այցելութեամբ կը մեկնի Վատիկան՝ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Սրբազան Պապի հրաւէրին ընդառաջ։
Վաղը Վեհափառ Հայրապետը պիտի գտնուի Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մէջ ու պիտի հանդիսապետէ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մատրան վերաբացման արարողութեան։ 2015-ին զուգադիպած տարելիցին ի յիշատակ այնտեղ պիտի զետեղուի խաչքար մը, որու օրհնութիւնն ալ պիտի կատարուի զուգահեռաբար։
Կիրակի, Ապրիլի 12-ին, Վեհափառ Հայրապետը պիտի գտնուի Վատիկանի մէջ, ուր պիտի մասնակցի Ս. Պետրոսի տաճարէն ներս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ մատուցուելիք Ս. Պատարագին։ Նոյնպէս 100-րդ տարելիցին պիտի ձօնուի այս Ս. Պատարագը, որուն ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Հայ Կաթողիկէից Կաթողիկոս-Պատրիարքն ալ պիտի մասնակցի Ս. Պատարագին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներուն հաղորդումներով, Վատիկանի Ս. Պատարագի արարողութեան մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ աշխարհասփիւռ հայոց թեմերէն ժամանած ուխտաւորներ՝ իրենց թեմակալ առաջնորդներուն գլխաւորութեամբ։
Դէպի Վատիկան եղբայրական այցելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Կոտայքի Թեմի Առաջնորդ Տ. Առաքել Արք. Գարամեան, Հարաւային Ռուսաստանի Առաջնորդ Տ. Մովսէս Եպսկ. Մովսիսեան, Եգիպտոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեան, Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան, գաւազանակիր Տ. Անանիա Աբեղայ Ծատուրեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։