ՆԵՆԳԱՒՈՐ ԼԵԶՈՒՆ

Նեն­գամ­տու­թիւն կամ նեն­գու­թիւն կը նշա­նա­կէ՝ չար դի­տա­ւո­րու­թիւն, դաւ, կեղ­ծիք։ Նեն­գա­միտ մար­դիկ ի­րենց մէջ նեն­գու­թիւն պա­րու­նա­կող մար­դիկ են՝ խար­դախ ու խո­րա­մանկ, ո­րոնք ա­մէն ա­տեն պատ­րա՛ստ են ու­րիշ­նե­րու վնաս հասց­նե­լու եւ ի­րենց շահ ա­պա­հո­վե­լու։ Նեն­գու­թիւ­նը ա­ւե­լի եւս կ՚ար­տա­յայ­տուի խօս­քով, այ­սինքն լե­զուո՛վ։ Նեն­գա­միտ մար­դուն ա­մե­նաազ­դու մի­ջոցն է «չար լե­զու»ն։ Ար­դա­րեւ, կա­րե­լի չա­փով հե­ռու պա­հել պէտք է այդ­պի­սի­նե­րը ըն­կե­րա­յին շրջա­նակ­նե­րէ եւ կամ հե­ռո՛ւ մնալ ա­նոնց­մէ։ Բայց որ­քան ալ հե­ռու պա­հել կամ հե­ռու մնալ փոր­ձէք նեն­գա­միտ մար­դոց­մէ, միշտ ներ­կայ են ու պի­տի ըլ­լան ըն­կե­րու­թեան մէջ։

Ան­խու­սա­փե­լի՜ է այս ի­րո­ղու­թիւ­նը։

Չա­րա­խօս, ստա­խօս՝ բամ­բա­սող, ա­նի­րաւ մե­ղադ­րող եւ հայ­հո­յող լե­զուն միշտ պատ­րաստ եւ ներ­կա՛յ է ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ։ Ար­դա­րեւ, մար­դուս սրտին խո­րը միշտ կա՛յ նա­խան­ձը՝ որ պատ­ճառն է ա­մէն նեն­գամ­տու­թեան եւ չա­րա­խօ­սու­թեան։ Նա­խան­ձը թո՛յն մըն է, որ կը տա­րա­ծուի մար­դուս հո­գիին մէջ եւ դուրս կու գայ որ­պէս չա­րա­խօ­սու­թիւն, եր­բեմն ալ՝ ստա­խօ­սու­թի՛ւն։

Սուրբ Գիր­քին մէջ կան բազ­մա­թիւ ա­նուա­նում­ներ «թու­նա­լից լե­զու»ին մա­սին, ո­րոնք միշտ կը նկա­տուին դա­տա­պար­տե­լի՛։ Զոր օ­րի­նակ, նեն­գա­ւոր լե­զուով մարդ չա­րի­քի մէջ կ՚իյ­նայ։ Աս­տուած կը զզուի ստա­խօս լե­զուէն՝ սուտ խօ­սող ա­նի­րաւ վկա­յէն, եւ եղ­բայր­նե­րու մի­ջեւ կռիւ եւ երկ­պա­ռա­կու­թիւն ցա­նող նեն­գա­միտ մար­դէն։ Սաղ­մոս­նե­րէ մէ­կուն մէջ կ՚ը­սուի՝ թէ բռնա­ւո­րին լե­զուն չա­րու­թիւն­ներ կը հնա­րէ եւ սուր ա­ծե­լիի նման նեն­գու­թիւն կը գոր­ծէ եւ զայն կը տա­րա­ծէ։ Իսկ Ի­մաս­տու­նը կը յայ­տա­րա­րէ՝ թէ մա­հը եւ կեան­քը լեզուին ծայրն են։ Կա­րե­լի է բազ­մաց­նել օ­րի­նակ­նե­րը նաեւ մեր կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րուն մէջ։

Ու­րեմն, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե՛ր, ին­չո՞ւ հա­մար «լե­զու»ն չի ծա­ռա­յեց­ներ մարդ կեան­քի ճո­խաց­ման, բա­րու­թեան, գե­ղեց­կու­թեան եւ վեր­ջա­պէս՝ ճշմար­տու­թեան, փո­խա­նակ մեղ­քի, ա­տե­լու­թեան, կռի­ւի, չա­րի­քի եւ մա­նա­ւա՛նդ մա­հուան գոր­ծիք ը­նե­լու…։

Միշտ կը կրկնենք՝ պի­տի կրկնենք, երբ կա՛յ սէ­րը, հա­պա ին­չո՞ւ ա­տե­լու­թիւ­նը։ Ին­չո՞ւ հա­մար մար­դոց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը չի մաս­նակ­ցիր Սաղ­մոս­եր­գուին եւ Ի­մաս­տունին, չի ձայ­նակ­ցիր ը­սե­լով. «Իմ լե­զուս Քո՛ւ ար­դա­րու­թիւնդ պի­տի խօ­սի…»։­

Ուս­տի փոր­ձենք մեր բե­րա­նը բա­նալ եւ լե­զուն գոր­ծա­ծել ի­մաս­տու­թեա՛մբ, եւ մեր լեզուին ա­նայ­լայ­լե­լի եւ մշտնջե­նա­ւոր օ­րէն­քը ը­նենք՝ քաղց­րու­թիւ­նը, որ գե­ղե­ցիկ է եւ բա­րի, մա­նա­ւա՛նդ ճշմա­րիտ…։

Ը­սինք, որ նա­խան­ձը սկիզբն է ա­մէն նեն­գու­թեան։

Թէ ի՞նչ է նա­խան­ձը։ Նա­խան­ձը գլխա­ւոր մո­լու­թիւն մըն է։ Նա­խան­ձը մար­դուս զգա­ցած տխրու­թիւնն է ու­րի­շին բա­րի­քին դի­մաց. ան սան­ձար­ձակ փա­փաքն է զայն սե­փա­կա­նաց­նե­լու։ Բա­րի, ող­ջա­միտ մար­դը կը պայ­քա­րի նա­խան­ձին դէմ։ Նա­խան­ձին հա­կա­թոյ­նը, դեղ­թափն է բա­րե­հա­ճու­թիւ­նը՝ որ ա­նոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը կը չէ­զո­քաց­նէ եւ կ՚ոչն­չաց­նէ։

Խո­նար­հու­թիւնն ալ կա­րե­ւոր մի­ջոց մըն է չէ­զո­քաց­նե­լու նա­խան­ձը։ Ուս­տի մարդ երբ անձ­նավս­տա­հու­թիւն ու­նի, նա­խան­ձի զգա­ցում չ՚ու­նե­նար։ Ամ­բողջ բա­րո­յա­կան ու­սու­ցում­ներ եւ կրօ­նա­կան վար­դա­պե­տու­թիւն­ներ կը պա­հան­ջեն նա­խան­ձը ար­տաք­սել մարդ­կա­յին սրտէն, ինչ որ կ՚ա­պա­կա­նէ ամ­բողջ մար­դը՝ մար­մինն ու հո­գին։ Նա­խան­ձի զգա­ցու­մը պատ­ճառ կ՚ըլ­լան նաեւ, որ մար­դուս միտ­քը ու­ղիղ չգոր­ծէ եւ շի­տակ ո­րո­շում­ներ չտայ։ Նա­խան­ձը կը վնա­սէ ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւունք­նե­րու վա­յել­ման։

Երբ Նա­թան մար­գա­րէ ու­զեց Դա­ւիթ թա­գա­ւո­րը զղջու­մի դրդել՝ պատ­մեց ա­նոր աղ­քա­տի մը պատ­մու­թիւ­նը, որ միայն գառ­նուկ մը ու­նէր՝ ո­րուն հետ իր աղ­ջիկ զաւ­կին պէս կը վա­րուէր. ա­պա այն հա­րուս­տին՝ որ հա­կա­ռակ իր ու­նե­ցած բազ­մա­թիւ հօ­տե­րուն, այս աղ­քատ մար­դուն վրայ կը նա­խան­ձէր, մին­չեւ որ վեր­ջա­պէս գող­ցաւ մար­դուն գառ­նու­կը։

Ուս­տի նա­խան­ձը կրնայ մարդս տա­նիլ յո­ռե­գոյն չա­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու։ Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեա­նը կը վկա­յէ, թէ սա­տա­նա­յին նա­խան­ձին պատ­ճա­ռով է, որ մա՛­հը աշ­խարհ մտաւ (Ի­ՄԱՍՏ. Բ 24)։

­Սուրբ Յով­հան Ոս­կե­բե­րան կ՚ը­սէ. «Մենք երբ ի­րա­րու դէմ կը կռուինք, մեր մէջ մա­խանքն (մա­խանք=չար նա­խանձ, չա­րակ­նու­թիւն) է, որ ի­րա­րու դէմ կը շա­րէ։ Ե­թէ ա­մէնքս այս­պէս շա­րու­նա­կենք խախ­տել մար­մի­նը Քրիս­տո­սի, ո՞ւր պի­տի հաս­նինք։ Մենք Քրիս­տո­սին մար­մի­նը տկա­րաց­նե­լու գոր­ծին լծուած ենք։ Մենք մեզ միեւ­նոյն մար­մի­նին ան­դամ­ներ կը յայ­տա­րա­րենք եւ զի­րար կը յօ­շո­տենք գա­զան­նե­րուն պէս»։

­Նա­խան­ձը գլխա­ւոր մո­լու­թիւն մըն է, ը­սինք։ Ան մա՛յրն է շատ մը չա­րու­թիւն­նե­րու, չա­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, եւ մին­չեւ իսկ «մա­հա­ցու մեղք»ե­րու պատ­ճառ կրնայ ըլ­լալ։ Այս մա­սին Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս կ՚ը­սէ, թէ՝ նա­խան­ձի զգա­ցու­մին մէջ կը տես­նուի սա­տա­նա­յա­կան մեղ­քը, գե­րա­զան­ցօ­րէն։ Նա­խան­ձէն կը ծնին մա­նա­ւանդ նեն­գամտու­թիւն եւ ա­տե­լու­թիւն՝ ո­րոնք կ՚ա­պա­կա­նեն մարդ­կա­յին հո­գին։ Նա­խան­ձը տխրու­թեան ձե­ւե­րէն մէկն է, ու­րեմն ե՛ւ մար­դա­սի­րու­թեան զլա­ցու­մը։

Նա­խան­ձին գլխա­ւոր պատ­ճառ­նե­րէն մէկն ալ է՝ հպար­տու­թի՛ւ­նը։ Ուս­տի մարդ պար­տի մար­զուիլ հո­գե­ւոր բարձր ար­ժէք­նե­րու մէջ, խո­նար­հու­թիւ­նը եւ հա­մես­տու­թիւ­նը հա­կա­թոյնն է՝ նա­խան­ձի վատ զգա­ցու­մին։ Ուս­տի մարդ պէ՛տք է ան­տար­բեր չըլ­լայ կարգ մը հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն հան­դէպ։

Մարդ պէտք է ու­նե­նայ զո­հո­ղու­թեան ո­գին՝ որ նա­խա­քայլն է սի­րոյ եւ ան, որ կը սի­րէ՝ եր­բեք նա­խան­ձի զգա­ցում չ՚ու­նե­նար։ Չմոռ­նա՛լ ոս­կի օ­րէն­քը. ինչ­պէս որ կ՚ու­զէք վա­րուին ու­րիշ­նե­րը ձե­զի հան­դէպ, դուք ալ նոյն­պէս վա­րուե­ցէք ու­րիշ­նե­րու նկատ­մամբ…։

Քաղցր լե­զուն կը յաղ­թա­հա­րէ ա­մէն դժուա­րու­թիւն եւ կը լու­ծէ ա­մէն հարց ու խնդիր՝ ո­րոնք կեան­քը ան­տա­նե­լի կ՚ը­նեն եւ ա­նի­մա՛ստ։ Ուս­տի, ե­թէ կ՚ու­զենք խա­ղաղ կեանք մը ապ­րիլ՝ քաղ­ցրաց­նենք մեր լե­զու­նե­րը, մաք­րենք մեր սիր­տը բո­լոր թոյ­նե­րէ, որ­պէս­զի կեան­քը ըլ­լայ մեղմ ու ա­նուշ, եւ դիւ­րա­տար։

Կեան­քի բազ­մա­զան նե­ղու­թիւն­նե­րը, դժուա­րու­թիւն­նե­րը բա­ւա­կան են, մենք ալ ա­նոնց վրայ չա­ւելց­նենք նոր եւ ա­րուես­տա­կան նե­ղու­թիւն­ներ։

Ո՛չ մէ­կը գե­րա­զանց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով օժ­տուած է, ո՛չ մէ­կը ա­ւե­լի սի­րե­լի է քան ու­րի­շը, ո՛չ մէ­կը ա­ւե­լի կա­րե­ւոր, ա­ւե­լի օգ­տա­կար եւ ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան մէջ է, միակ պա­կասն է վա­րուե­լա­կեր­պը, ո­մանք քիչ մը ա­ւե­լի ինք­նա­մոլ կը վարուին, քիչ մը կ՚ան­տե­սեն «ու­րիշ»ը, այդ­քա՛ն…։

Սի­րե­լի­ներ, փոր­ձենք «ու­րիշ»ին աչ­քով դի­տել մեր շուր­ջը, զգանք «ու­րիշ»ին զգա­ցած­նե­րը, ապ­րինք «ու­րիշ»ին ապ­րած­նե­րը եւ… ան­պայ­մա՛ն ան­կեղծ ըլ­լանք։ Ան­կեղ­ծու­թիւնն է, որ մեզ պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ ճշմար­տու­թեան եւ հո՛ն է ա­մէն նուի­րա­կա­նու­թիւն, սրբու­թիւն, ա­մէն հա­ւա­տա­լիք՝ ո­րոնց հա­մար կ՚ապ­րինք, կամ «ապ­րիլ կ՚են­թադ­րե՜նք…»։­

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 10, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015