ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐ
Իրանի հիւլէական ծրագրին կապակցութեամբ միջազգային գետնի վրայ գոյացած համաձայնութեան մթնոլորտին մէջ ներկայիս քաղաքական մեկնաբանները կը քննարկեն Հայաստանի առջեւ ուրուագծուած նոր հնարաւորութիւնները։ Այսպէս, եթէ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյանայ, ապա Հայաստան կրնայ լաւ հնարաւորութիւն մը ունենալ այդ երկրին հետ համագործակցութիւնը ընդլայնելու համար զանազան ոլորտներէ ներս։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մասնագէտները այս շրջագծին մէջ կ՚առանձնացնեն ուժանիւթի բնագաւառը։ Արդարեւ, Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու վերացումը պիտի նշանակէ համագործակցութեան վերականգնումը այդ երկրին եւ Արեւմուտքին միջեւ։ Իսկ սա իր հերթին կ՚ենթադրէ կազամուղերու եւ նաւթամուղերու կառուցում, անոնց ճանապարհային քարտէսի գծումը։
Հաշուի առնելով տարածքաշրջանի լարուած իրավիճակը եւ Իրանի ու կարգ մը հարեւաններուն միջեւ առկայ խնդիրները, Հայաստան կրնայ աննախադէպ հնարաւորութիւն ունենալ Իրանի ուժանիւթի միջոցներու տարանցման երկիրը դառնալու առումով։ Թէեւ ապագայ իրադարձութիւնները անկարելի է հարիւր տոկոսով կանխատեսել, սակայն Հայաստանի պարագային իրատես կը համարուին այդպիսի հնարաւորութիւնները։
Եթէ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյանայ, որոշ կանխատեսումներով, կրնան բարձրանալ նաեւ նաւթի գիները։ Այդ պարագային Ռուսաստանի տնտեսութիւնն ալ կրնայ աշխուժանալ որոշ չափով, ինչ որ կրնայ դրական գործօնի մը վերածուիլ Հայաստանի տնտեսութեան տեսակէտէ, հաշուի առնելով երկու տնտեսութիւններու անմիջական կապը։ Թէեւ նաւթի գիներու բարձրացումը կրնայ աշխուժացնել նաեւ Ատրպէյճանի տնտեսութիւնը, բնականաբար խնդրայարոյց վարկած մը Հայաստանի տեսանկիւնէն։
Միւս կողմէ, Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլսն ալ վերջերս յայտնեց, թէ իր երկրին կառավարութիւնը կարեւորագոյններու շարքին կը դասէ Հայաստանի ուժանիւթի բնագաւառը։