ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱԿԱԴՐԵԼ

Մարդ որքան ալ զօրաւոր նկարագիր ունենայ, ի վերջոյ «մարդ» է եւ ունի նաեւ մարդկային տկարութիւններ եւ թերութիւններ, որոնք պատճառ կ՚ըլլան զանազան փորձութիւններու։ Արդարեւ, մէկու մը նկարագրին զօրութիւնը կարելի է չափել՝ անոր փորձութիւններու հակադրելու հաստատակամութեամբ։

Մարդ որքան որ կրնայ հակադրել փորձութիւններու, ա՛յնքան զօրաւոր է նկարագրով։ Ուստի փոփոխական, տկար նկարագրի տէր մարդիկ, անմիջապէս կը տարուին փորձութիւններու ազդեցութեամբ, եւ ո՛չինչ կը համարեն սկզբունք, համոզում եւ անշուշտ՝ նկարագի՛ր։

Աշխարհային շահերու, օգուտներու յոյսը եւ ակնկալութիւնը՝ շատ անգամ փորձութիւններ յառաջ կը բերէ, կամ կը գրգռէ սապէս. «Ինչո՞ւ համար դուն երկչոտ ես այսչափ, եւ ինչո՞ւ այսքան խղճահար պիտի ըլլաս. ինքզինքդ քիչ մը ազատութեան տո՛ւր, եւ վիճակդ շատ աւելի աղէկ պիտի ըլլայ, որովհետեւ, ահաւասի՛կ հիմա է ժամանակդ։

Այս եւ ասոր նման խօսքեր վտանգաւոր եւ մարդս մոլորեցնող փորձութիւններ են, եւ շուտով՝ առանց վարանումի պէտք է մերժուին։ Այսպիսի փորձութիւններու տեղի տալը՝ ենթակային հոգւոյն աւելի՛ վնաս պիտի հասցնէ, քան թէ ժամանակաւոր ստացուածք մը, շահ մը պիտի կարենայ օգուտ ընծայել անոր կարելի եղածին չափ։ Եւ ի՞նչ շահ պիտի ունենայ մարդ թէ որ ամբողջ աշխարհը վաստկի եւ իր հոգին կորսնցնէ։

Մարդուս հոգեւոր օգուտներուն հետ ի՞նչ բան կարելի է բաղդատել, կամ ինչ բան կայ որ կարենայ անոնց ամենափոքր վնասը փոխարինել։

Գուցէ մեղքին պզտիկութիւնը, սխալին անկարեւորութիւնը անիկա ազատօրէն գործելու համար իբրեւ պատճառ մը մէջ կը բերուի ընդհանրապէս՝ բաղդատելով աւելի մեծ մեղքերու եւ կարեւոր սխալներու հետ։ Բայց մեղքին մեծը եւ պզտիկը, սխալին կարեւորը եւ անկարեւորը չի փոխուիր երբեք. մեղքը մեծ կամ պզտիկ՝  «մե՛ղք» է, եւ սխալն ալ՝ կարեւոր կամ անկարեւոր՝ «սխա՛լ» է եւ չեն փոխուիր անոնց մեղքի կամ սխալի հանգամանքը։ Զոր օրինակ, երբեմն կ՚ըսեն սուտին համար, «անմեղ սուտ», կամ «անվնաս սուտ» եւ կը ջանան արդարացնել սուտը։ Սակայն եթէ որեւէ բան՝ խօսք կամ արարք եթէ ճշմարտութեան չի համապատասխաներ, սո՛ւտ է, մեղադրելի եւ անընդունելի՛։ Եւ մանաւանդ որ փոքր սուտեր ի վերջոյ կը ստեղծեն մեծ սուտեր, պզտիկը կատարողը վաղը մե՛ծն ալ դիւրութեամբ կը գործադրէ։ Պզտիկ սուտը՝ մեծ սուտերու թէեւ փոքր բայց առաջի՛ն քայլն է, եւ ամէն արարքի մէջ կարեւորը եւ ազդուն առաջին ձեռնարկն է. սկիզբը եւ նախնականը։

Եւ սուտի նման շատ մոլորութիւններ կը սկսին միշտ պզտիկ քայլերով՝ փորձերով եւ փորձութիւններով եւ հետզհետէ կ՚աճին, կը մեծնան եւ կը տարածուին՝ անդառնալի եւ ահաւոր կը դառնան։

Ուստի «պզտիկ մեղք»ը սապէս կ՚արդարացնեն. «Այս փոքր, ոչինչ եւ չնչին, անկարեւոր բան մըն է՝ որ այսպիսի հաճոյք եւ զուարճութիւններ պիտի պատճառէ, ոչ մէկուն ալ որեւէ վնաս պիտի պատճառէ»։

Բայց երկնային իշխանութիւնն ալ պզտի՞կ է։

Եւ եթէ այս մեղքը գործելու ըլլայ մարդ, Աստուծոյ դէմ մեծապէս կը մեղանչէ, քանի որ պզտիկ կամ մեծ, որեւէ մեղք կը վշտացնէ զԱստուած։ Խորհեցէ՛ք պահ մը, սիրելի՜ ընթերցող ազնիւ բարեկամներ, կը գտնուի՞ պզտիկ դժոխք մը պզտիկ մեղք գործող մեղաւորները պատժելու համար։ Ո՛չ։ Դժոխքին մէջ գտնուող ամենափոքր, ամենա-կըրտսեր մեղաւորներն անգամ թշուառութեամբ լեցուած են։

Մեծ բարկութիւն դիզուած է ամէն անոնց համար, որոնք աշխարհի առջեւ «պզտիկ մեղաւոր»ներ սեպուած եւ աննշան նկատուած են իրենց «պզտիկ մեղք»երը։ Բայց որքան որ պզտիկ ըլլայ մեղքը՝ անիկա գործելու համար եղած հրապոյրն ալ այնքան պզտիկ կ՚ըլլայ։

Մէկ չնչին բանի մը համար բարկութեան պիտի չարժէ՞ մարդ Աստուծոյ առջեւ. պիտի կորսնցնէ խաղաղութիւնը, պիտի վիրաւորէ իր խիղճը, եւ պիտի տրտմեցնէ Սուրբ Հոգին եւ անոնց ամէնը պիտի կատարէ փո՛ւճ տեղը։ Եւ ի՜նչ անխոհեմութիւն է այս։

Երբեմն մեղքերու թողութիւն գտնելու յոյսէն, եւ Աստուծոյ ողորմութենէն ալ փորձութեան պատճառ տուող փաստ մը կը հանեն մարդիկ։

Աստուած ողորմած է, այս բանը տկարութիւն չէ, այլ աստուածային շնորհ մը՝ մեծին եւ պզտիկին, կարեւորին եւ անկարեւորի՛ն։

Արդարեւ, ակամայ վնասները, եւ այն տկարութիւնները՝ որոնց համար կը զղջայ մարդ, կը ներուին. «Բայց այն անձը որ յանդգնութեամբ բան մը կ՚ընէ, երկրի բնիկ ըլլայ եւ կամ օտարական, անիկա Տէրը կը նախատէ. այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի։ Տէրոջը խօսքը արհամարհելուն եւ անոր պատուիրանները զանց ընելուն համար այն անձը անշուշտ պէտք է կորսուի. անոր անօրէնութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ», (ԹՈՒՈՑ ԺԵ 30-31)։

Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (ՂՈՒԿ. ԻԳ 34)։

Մարդկային տկարութիւն մըն է տարուիլ կիրքերէ, ուստի կիրքերը երբեմն կը գրգռեն եւ կը ստիպեն մարդս մեղք գործելու։ Այս կերպով, սուրբ մարդիկ իսկ տարուելով կիրքերէ, եղան պահեր որ այսպէս եւ այնպէս մեղանչեցին, եւ կրկին դարձի եկան, ուստի ամէն մարդ ալ կրնայ մեղանչել, սակայն եւ այնպէս «սուրբ» մը ըլլալ եւ փրկուիլ։ Մեղքին անդրադառնալ՝ առաջին քայլն է մեղքէն ազատելու եւ փրկուելու։ Մարդ, աւելի ուշադիր ըլլալու է փորձութիւններու նկատմամբ եւ փորձութիւնը անմիջապէս մերժէ։ Իսկ այն որ փորձութիւնը մերժելու մէջ կը տարակուսի, արդէն փորձութեան մէջ ինկած, փորձութեան ենթարկուած է։ Թէեւ մարդ իր աշխարհային կեանքին մէջ միշտ պաշարուած է փորձութիւններով, եւ սակայն ան յաղթական կը հանդիսանայ, որ կրնա՛յ հակադրել փորձութիւններուն եւ չի՛ տարուիր անոնց հրապոյրէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 21, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018