Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետն ու Հանրապետութեան նախագահը քննարկեցին Հայաստանի ապագային, պետութիւն-եկեղեցին յարաբերութիւններուն եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ խնդիրներ։ Անոնք խօսեցան նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապերու մասին, կարեւորեցին անոնց առաւել սերտացումը, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի միասնաբար դիմակայելու առկայ մարտահրաւրէներուն։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2018