ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ ԵՒ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Գատըգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին ընթրիքի սեղանով մը մեծարեց նորապսակ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը։ Ս. Զատկի տօնին յաջորդած օրերուն գատըգիւղցիները որոշած էին թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ յարակից «Պալըքճեան» սրահին մէջ կազմակերպել անմիջական երեկոյթ մը՝ անգամ մը եւս ողջունելու համար թաղի նորաօծ քարոզիչին հոգեւոր անդաստանէ ներս մուտք գործելը։ Խրախուսանքի եւ հրճուանքի տրամադրութիւնով գատըգիւղցիները համախմբուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի կողմէ օրհնուած սեղաններու շուրջ։ Հոգեւոր դաշտէն ներս ան առաջին քայլերը կ՚առնէ՝ բոլորի զօրակցութեան եւ գնահատանքի զգացումներուն առարկայ դառնալով։ Արդարեւ, Գատըգիւղի ընտանիքը յոյս ունի, թէ ապագային ան պիտի արձանագրէ նորանոր նուաճումներ եւ օգտաշատ ծառայութիւն մը պիտի բերէ՝ ըլլալով առանց ամօթի մշակ մը։
Շաբաթ երեկոյեան կազմակերպուած ընթրիքին ներկայ գտնուեցան Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, երէցկին-տիրամայր Սիլվա Տամատեան, նորաօծ հայր սուրբի ընտանեկան պարագաները, որոնք եւս արտասովոր զգացումներու շրջանէ մը կ՚անցնին անտարակոյս։ Երեկոյթին ներկայ էին նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Գատըգիւղի զանազան յարակից մարմիններու պատասխանատուներ եւ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած յայտնի թաղեցիներ։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած Ս. Զատկի բնորոշ սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։ Թաղային խորհուրդը ամէն կարգադրութիւն ըրած էր՝ որպէսզի թէկուզ համեստ այս երեկոյթը անմոռանալի դառնայ նորապսակ հայր սուրբին համար։ Թաղի կարգ մը յարակից մարմինները յուշանուէրներ ալ յանձնեցին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանին։
Ընթրիքի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, որ երախտագիտական զգացումներով արտայայտուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հասցէին, որովհետեւ իր բարձր տնօրինութեամբ եւ ձեռամբ տեղի ունեցած էր հայր սուրբին ձեռնադրութիւնը։ Ան հերթական անգամ յաջողութիւն մաղթեց նորապսակ հայր սուրբին։ Արման Պիւքիւճեանէն վերջ իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Խմբավար Սեւան Շէնճանի գլխաւորութեամբ, Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամներն ալ հանդէս եկան տոհմիկ քանի մը երգերով։
Հուսկ, հայր սուրբի օրհնութեան խօսքով ընթրիքը հասաւ իր աւարտին։
Հրաժեշտ առնելէ առաջ բոլորը անգամ մը եւս շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեցին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանին։