ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԱԳ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Մար­գար Է­սաեան ար­դէն ձեռ­նար­կած է իր նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւին։ Իս­թան­պու­լի Բ. ընտ­րաշր­ջա­նէն 12-րդ կար­գի վրայ թեկ­նա­ծու ցոյց տրուած Մար­գար Է­սաեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Մէ­ճի­տիէ­գիւ­ղի մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ մաս­նակ­ցե­ցաւ քա­րոզ­չա­կան բնոյ­թով նա­խընտ­րա­կան հա­ւա­քոյ­թի մը։ ԱԳ կու­սակ­ցու­թեան Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած էր այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­կիր­ներ, Մար­գար Է­սաեա­նի կողմ­նա­կից­ներ, ինչ­պէս նաեւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն զա­նա­զան դէմ­քեր։

Ե­րե­կոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին ԱԳ կու­սակ­ցու­թեան Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Շե­րէֆ Սեզ­կին եւ իր տե­ղա­կալ­նե­րը՝ Ահ­մէտ Իւ­նալ եւ Կիւլ­շէն Տէօ­լէք։ Յայ­տա­գի­րը բա­ցուե­ցաւ Կիւլ­շէն Տէօ­լէ­քի եւ Շե­րէֆ Սեզ­կի­նի ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով, ո­րոնց ա­ւար­տին ար­տա­յայ-տըւե­ցաւ Մար­գար Է­սաեան։ Բազ­մա­թիւ նիւ­թե­րու շուրջ ան ը­րաւ ամ­փոփ խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին միշտ ընդգ­ծեց ա­ւե­լի քան տասն տա­րուան իշ­խա­նու­թեան գլուխ մնա­լու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ԱԳ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան դրա­կան եւ յու­սադ­րիչ բնոյ­թը։

Խօ­սե­լով իր թեկ­նա­ծու­թեան վե­րա­բե­րեալ հան­գա­մանք­նե­րուն շուրջ՝ Մար­գար Է­սաեան ընդգ­ծեց, թէ ընտ­րուե­լու պա­րա­գա­յին պի­տի փոր­ձէ թէ՛ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել խորհր­դա­րա­նի ընդ­հա­նուր աշ­խա­տան­քին եւ թէ օգ­տա­կար ըլ­լալ մեր հա­մայն­քին ու փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րու լուծ­ման։ Հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րէն ո­մանք Մար­գար Է­սաեա­նի նկա­տառ­ման յանձ­նե­ցին շարք մը կնճռոտ հար­ցեր, ո­րոնց պա­րա­գա­յին ցարդ վերջ­նա­կան լու­ծում մը գտնել կա­րե­լի չէ ե­ղած։ Ի պա­տաս­խան Մար­գար Է­սաեան ը­սաւ, թէ անհ­րա­ժեշտ է սպա­սել գոր­ծըն­թաց­նե­րու հա­սուն­նա­լուն եւ իր հա­մոզ­մամբ՝ լու­ծում­նե­րը ե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հով պէտք է ըն­թա­նան, ո­րով­հե­տեւ ար­մա­տա­կա­նու­թիւ­նը կրնայ ու­նե­նալ իր հա­ւա­նա­կան ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րը։

Հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բաժ­նին զու­գա­հեռ հա­ւա­քոյ­թի զա­նա­զան մաս­նա­կից­նե­րը հան­դէս ե­կան նաեւ Մար­գար Է­սաեա­նի ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով եւ յա­ջո­ղու­թեան բա­րե­մաղ­թան­քով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2015