ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը։ Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ այս էքիւմենիք աղօթքը, որուն նախագահեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան։ Ներկայ էին նաեւ թեմի նախկին առաջնորդ Տ. Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեան, Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Սան Ֆրանսիսքոյի մետրապոլիտ Կերասիմոս Արքեպիսկոպոս, Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց դասու անդամները, այլ բազմաթիւ քոյր եկեղեցիներէ հոգեւորականներ եւ ներկայացուցիչներ։ Հարիւրաւոր հաւատացեալներ մասնակցեցան արարողութեան, որու ընթացքին հիւր հոգեւորականները փոխանցեցին իրենց պատգամը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանն ալ հանդէս եկաւ քարոզով մը։ Ան լանջախաչ մըն ալ նուիրեց օրուան մեծարեալին՝ Տ. Յովհաննէս Քհնյ. Պաքասին, որ իր հոգեւոր ծառայութեան յոբելենական հանգրուաններէն մէկուն մէջ կը գտնուէր։

Արարողութեան աւարտին յարակից «Գալայճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը, որ կազմակերպուած էր առաջնորդանիստ տաճարի «Բարի Սամարացի» միութեան կողմէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018