Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԵԼԺԻԱ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Պելժիա։ Պրիւքսելի օդակայանին մէջ նորին սրբազնութիւնը դիմաւորուեցաւ Պելժիոյ Հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Տ. Զատիկ Վրդ. Աւետիքեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Պրիւքսելի Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Գրիգոր Պօղոսեան եւ փոխ-ատենապետ Միքայէլ Եաղպասան։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ժամանման իսկ օրը Պրիւքսելի մէջ ընթրիքով մը մեծարուեցաւ Հայաստանի դեսպանին՝ Թաթուլ Մարգարեանի կողմէ, որ միեւնոյն ժամանակ Եւրոմիութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչն է։ Ճաշասեղանի շուրջ անմիջական զրոյցի մթնոլորտով արծարծուեցան Հայաստանի առկայ մարտահրաւէրները, Հայ Եկեղեցւոյ խնդիրները, եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութիւնը, սփիւռքի գոյատեւման հարցերը, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական, դիւանագիտական եւ ընկերային խնդիրներ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան կեցութեան օրերուն առանձին խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Գրիգոր Պօղոսեանի հետ։ Իր նախագահութեամբ Պրիւքսելի ծխական խորհուրդը ժողով մըն ալ գումարեց։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ հայր սուրբին ու բոլոր ժողովականներուն փոխանցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ողջոյններն ու օրհնութիւնները։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց ծուխի ձեւաւորման եւ անցեալի, ինչպէս նաեւ ներկայ կացութեան եւ ապագայ ծրագրերուն շուրջ։ Հոգաբարձութեան անդամներն ալ որդիական խոր յարգանքով ականջ տուին հայրապետական պատուիրակի յորդորներուն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նուիրեալ զաւակներէն Տէր եւ Տիկին Համբիկ Իփէքճեանները Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ի պատիւ սարքեցին սեղան մը։ Անոնք իրենց գնահատելի նպաստը կը բերեն տեղւոյն հայ համայնքի ամրացման համար։ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ շրջանի առաջնորդը՝ Ժան Արք. Քոքրոլս եւս ներկայ գտնուեցաւ սիրոյ սեղանին։ Ճաշասեղանի շուրջ բարձրաստիճան հոգեւորականները կարծիքներ փոխանակեցին՝ մեր ժամանակներու հոգեւոր մարտահը-րաւէրներուն դիմակայելու, միասնաբար մտածելու լուծման ճանապարհներ որոնելու շուրջ։

Այցելութեան օրերուն Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Պրիւքսելի Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ։ 9 դեկտեմբերի այս արարողութեան մասնակցեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Պրիւքսելի առընթեր, Պելժիոյ զանազան քաղաքներէն հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւս մասնակցեցան Ս. Պատարագին։ Հայաստանի դեսպանատունէն պաշտօնատարներ եւս ներկայ էին արարողութեան։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան օրուան քարոզին մէջ շեշտեց պատմութեան ընթացքին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ստանձնած դերակատարութեան կարեւոր նշանակութիւնը։ Ան յայտնեց, որ հայոց պարագային ազգն ու պետութիւնը ձեւաւորուած են նոյնանման արժէքներու հիման վրայ։ «Հաւատքով մտածելն ու գործելը գրաւականն են մեր հաւաքական յաջողութիւններուն», ըսաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Ս. Պատարագին յաջորդեց Պրիւքսելի Հայ Տան մէջ կազմակերպուած համայնքային ճաշկերոյթը։ Նորին սրբազնութեան նախագահութեամբ համախմբուեցան դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, Պրիւքսելի, Անթվերպենի, Լիէժի եկեղեցիներու ծխական խորհուրդներու անդամները, սպասաւոր սարկաւագներն ու դպիրները, ինչպէս նաեւ յարակից համայնքային կազմակերպութիւններու ատենապետները։ Ճաշկերոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան, որմէ վերջ արտայայտուեցան Գրիգոր Պօղոսեան եւ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան։ Գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր՝ Հրայր եւ Յասմիկ Կարապետեան ամոլին կողմէ։

Ճաշկերոյթը աւարտին հասաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի խօսքով։ Այս առթիւ ան բոլորին յորդորեց՝ շարունակել հաւատարիմ մնալ մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման եւ անոնց անաղարտ փոխանցման՝ յատկապէս սփիւռքի մէջ։ Հաւաքական կեանքէ ներս համոզումներու տարբերութիւններն ու զանազանութիւնները երբեք պէտք չէ արգելք հանդիսանան ձեռք ձեռքի տալու, լաւագոյն ապագայ մը կերտելու տեսակէտէ։ Վերջին հաշուով, տարբերութիւնը հարստութիւն է։ «Մեր հայրենիքը աւելի քան երբեք պէտք ունի մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Պէտք է լծուինք հայրենասիրութեան եւ ամուր ու անվտանգ պետութեան մը կերտման նուիրական գործին», ըսաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Նորին սրբազնութիւնը բոլորը շնորհաւորեց մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։

Սա Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի առաջին այցելութիւնն էր դէպի Պելժիա՝ Արեւմտեան Եւրոպայի պատուիրակի հանգամանքով։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018