ՔԷՕԼՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» բարձր շքանշանը շնորհեց Գերմանիոյ հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց նորին սրբազնութեան բազմամեայ եւ բազմարդիւն ծառայական վաստակը եւ այդ հիման վրայ կատարեց սոյն պարգեւատրումը։
Անցեալ շաբաթավերջին Քէօլնի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ այդ շքանշանը Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին յանձնուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Գերմանահայոց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեանի ձեռամբ յանձնուեցաւ այդ շքանշանը։ Արարողութեան ներկայ էին Գերմանիոյ թեմի ենթակայ համայնքներու կամ ծուխերու պատգամաւորները, հոգեւորականաց դասը, թեմի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Տքթ. Շաւարշ Յովասափեան եւ բազմաթիւ համայնքային գործիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան։
Քէօլնի առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, նոյնպէս անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ հայոց թեմի հերթական պատգամաւորական ժողովը՝ նախագահութեամբ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեանի։ Երկօրեայ նիստերու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան առաջնորդարանի եւ անոր ենթակայ ծուխերու կամ համայնքներու տարեկան հաշուետուութիւնները, թեմի մշակութային եւ երիտասարդական գործունէութիւնները, Հայաստանի դեսպանութեան եւ գերմանահայկական այլ աշխարհիկ կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւնները եւ այլն։
Ժողովներու ընթացքին թեմական խորհուրդի անդամ ընտրուեցան Սօսի Շայէր, Սերովբէ Օտապաշեան, Գրիգոր Սաղլամէր, Սոկրատ Ափոսթոլիտէս, Անահիտ Թուրանօղլու, Հիլտա Տէյիրմէնճի, Տքթ. Գնունի Կարապետեան եւ Արամազդ Սարգիս Կարապետեանց։