ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

 Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վեր­ջին օ­րե­րուն Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց կարգ մը խում­բեր։ Այս­պէս, Եւ­րո­խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Անն Պրա­սէօ­րը, որ վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թուր­քիոյ մէջ։ Անն Պրա­սէօր փա­փա­քած էր ծա­նօ­թու­թիւն հաս­տա­տել Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն հետ եւ այս ծի­րին մէջ փու­թաց Պատ­րիար­քա­րան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նեց այս այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ յայտ­նեց իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան խօ­սե­ցաւ մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քին եւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ան կանգ ա­ռաւ նաեւ երկ­րէն ներս ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն՝ փոք­րա­մաս­նու­թեանց կեան­քին վրայ ու­նե­ցած դրա­կան անդ­րա­դար­ձին վրայ։ Այս ա­ռու­մով Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ընդգ­ծեց երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ դրսե­ւո­րուած քա­ղա­քա­կան կամ­քը։

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար՝ Անն Պրա­սէօր գոհ տպա­ւո­րու­թեամբ հրա­ժեշտ ա­ռաւ Պատ­րիար­քա­րա­նէն։

Բաց աս­տի, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը հիւ­րըն­կա­լեց իս­թան­պու­լաբ­նակ նախ­կին ա­րաբ­կիր­ցի խումբ մը հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ­ներ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Օն­նիկ Նալ­պանտ­ղա­զա­րօղ­լուի։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը վե­րա­հա­սու դար­ձաւ, թէ վեր­ջին տա­րի­նե­րու ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցի հի­ման վրայ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին ա­րաբ­կիր­ցի­նե­րը կը պատ­րաս­տուին ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նել դէ­պի Ա­րաբ­կիր։ Ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լու ժա­մա­նակ ա­նոնք մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռին տեղ­ւոյն գե­րեզ­մա­նա­տան բա­րե­կարգ­ման ջան­քե­րուն վրայ։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ մեր ազ­գա­յին­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րուն շուրջ եւ ա­նոնց մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­պէս կա­րե­ւո­րեց յա­ռա­ջի­կայ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը, ո­րու նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար ալ մաղ­թեց բա­րի ըն­թացք։

Ա­րաբ­կիր­ցի­նե­րը Պատ­րիար­քա­րա­նէն հրա­ժեշտ ա­ռին՝ ստա­նա­լով Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին օրհ­նու­թիւն­նե­րը։

ՆՈՐ ՀՐԱ­ՏԱ­ՐԱ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆ

Միւս կող­մէ, Պատ­րիար­քա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան բա­ժան­մուն­քը լոյս ըն­ծա­յեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հա­մար Պա­տա­րա­գա­մա­տոյց մը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը մի­ջո­ցէ մը ի վեր նկա­տած էր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու շրջա­նա­կէն ներս նման պա­հան­ջարկ մը եւ այս հի­ման վրայ ա­րա­րո­ղա­կան գիր­քե­րու շար­քէն ներս հրա­տա­րա­կուե­ցաւ «Պա­տա­րա­գա­մա­տոյց» խո­րագ­րեալ հա­տո­րը։

Սոյն հա­տո­րին մէջ հա­ւա­քուած են Ս. Պա­տա­րա­գի հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ լսուած մա­սե­րուն գրա­բար բնա­գի­րը, աշ­խար­հա­բար թարգ­մա­նու­թիւ­նը, լա­տի­նա­տառ տա­ռա­դար­ձու­թիւ­նը եւ թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը։ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կին մե­կե­նա­սու­թեամբ լոյս ըն­ծա­յուած է գրքին, ո­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան հանգ­րուան­նե­րուն շուրջ ու մա­նա­ւանդ գա­ղա­փա­րի հա­սու­նաց­ման մա­սին ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ գրի ա­ռած է Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015