ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅՔԷՋ
Մօտ երկու տարիէ ի վեր՝ Հայաստանի մէջ կը գործէ «Յուշ» (www.hush.am) համացանցային ընկերութիւնը, որ կը զբաղի աշխարհի բոլոր հայկական գերեզմաններու, յիշարժան վայրերու եւ խաչքարերու մասին տեղեկութիւններ հաւաքագրելով եւ զանոնք զետեղելով համացանցի վրայ՝ ընդհանուր կայքի մը ներքեւ: Այս ծրագրի հեղինակը եւ ղեկավարը Օքսֆորտի համալսարանի հայազգի Տքթ. Միհրան Վարդանեանն է, որու հետ ԺԱՄԱՆԱԿ տեսակցեցաւ Երեւանի մէջ, անոր ընկերութեան՝ այս օրերուն բացուած գրասենեակը եւ մանրամասն զրուցեց անոր տարած հետաքրքրական գործունէութեան մասին:
Միհրան Վարդանեան, ծնած ըլլալով Երեւան եւ տարիներ ապրելով, ուսանելով եւ աշխատելով եւրոպական երկիրներու մէջ, երկու տարի առաջ Հայաստան վերադարձած է իր տիկնոջ՝ Վանենի Վարդանեանի եւ փոքրիկ դստեր հետ՝ հայրենիքի մէջ հաստատուելու նպատակով, միաժամանակ իրականացնելու համար հայապահպանութեան միտուած «Յուշ» նախագիծը: Միհրան Վարդանեան կ՚ըսէ, որ նախագիծը, բացի հայապահպանութենէն, նպատակ ունի անձերը իրարու հետ հա-ղորդակցութեան մէջ դնելու։ Նպատակ մը եւս ունի՝ հոգեբանական, ազգագրական, հասարակական եւ այլ բնոյթի ուսումնասիրութիւններ կատարել մանաւանդ այնպիսի յիշարժան վայրերու միջոցաւ, որոնք տեղեկատուութեան մեծ աղբիւր են:
Հակառակ երիտասարդ տարիքին, Միհրան Վարդանեան Հայաստանի եւ Եւրոպայի մէջ ծանօթ գիտնական է՝ աստղաբնագէտ, որ 2012 թուականին շահած է Օքսֆորտի համալսարանի գլխաւոր մրցանակը՝ Արհեստագիտութեան նորարարութիւններու ասպարէզէն ներս: Ան մրցանակ շահած է իր նորարարական յայտնագործութեան համար՝ ստեղծած է Տիեզերագրութեան նորարար հաշ-ւիչ մը (Cosmology Calculator)՝ iCosmos անունով (www.icosmos.co.uk), որ այսօր կը գործածուի շատ մը համալսարաններէ ներս, ընդգրկուած է զանազան ուսումնական կեդրոններու ծրագրերու մէջ եւ անոր հիման վրայ կը գրուին յօդուածներ ու գիտական աշխատութիւններ: Միհրան Վարդանեան մեզի բացատրեց, որ այդ հաշուիչը (որ համացանցային գործիք մըն է) հնարաւորութիւն կու տայ արագ հաշուարկեր կատարել եւ հասկնալ անջրպետի «վարքը» տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին, բաղդատել անջրպետէ ստացուած ողջ տեղեկատուութիւնը՝ յստակեցնելով գիտութեան համար անհրաժեշտ տարբեր տուեալներ: Օքսֆորտի համալսարանին մէջ ալ ան ստացած է իր տոքթորական աստիճանը (DPhil):
Մեզի համար ուրախութիւն էր հանդիպիլ Միհրան Վարդանեանին հետ, որ այսօր ժամանակակից գիտական աշխարհի մէջ ծանօթ գիտնական մըն է, միջազգային գիտաժողովներու ընթացքին սպասուած հիւր մըն է, գիտական ամսագրերու մէջ մնայուն յօդուածագիր է, բայց միաժամանակ՝ չափազանց համեստ մտաւորական մըն է, որ հակառակ իր կոչումներուն եւ իր անուան շուրջ եղած հմայքին, երբեք չէ մեծամտացած: Ան Երեւանի մէջ վարձած է համեստ գրասենեակ մը, ուր իր տիկնոջ հետ կ՚իրականացնէ նոր նախագիծը՝ կապուած յիշարժան վայրերու թուայնացման հետ: Ընտանեօք կը հետեւին պարզ, անպաճոյճ կեանքի մը՝ քարոզելով բնական սնունդ, բնութեան հետ կապ եւ օրինակ կը ծառայեն երիտասարդներուն՝ մասնակցելով առողջ ապրելակերպի ձեռնարկներու: Միհրան եւ Վանենի Վարդանեաններ նաեւ անվճար կ՚օժանդակեն երիտասարդներուն (մանաւանդ մարզերէ) համացանցային գիտելիքներ ձեռք բերելու մէջ, որու միջոցաւ երիտասարդներ կրնան ստեղծել սեփական մասնագիտական կայքը եւ անոր միջոցաւ աշխատանք ունենալ:
Մեր այն հարցին, թէ եւրոպական երկիրներու գիտական յառաջընթացը ձգած, ինչպէ՞ս որոշած է Հայաստան գալ, Միհրան Վարդանեան ըսաւ, որ այդ մէկը որոշած են նախեւառաջ իրենց դստեր համար, որպէսզի ան մեծնայ հայկական միջավայրի մէջ, հարազատներու խնամքի ներքոյ, ինչ որ, ըստ կողակցին՝ Վանենի Վարդանեանի (որ մանուկներու հոգեբան է), շատ կարեւոր է երախայի մը ճիշդ ձեւով զարգացման համար:
Երկրորդ պատճառը եղած է «Յուշ» նախագիծը, որու համար պարտադիր էր, որ գտնուէին Հայաստանի մէջ, քանի որ հայկական յիշարժան վայրերու մեծ մասը Հայաստանի մէջ են: Հայաստանէն ալ սկսած են թուայնացնել գերեզմանները՝ լուսանկարելով Հայաստանի Կոմիտասի անուան պանթէոնի բոլոր շիրմաքարերը, Եռաբլուրը եւ Հայաստանի տարածքի բոլոր գերեզմանները՝ անուն առ անուն: Այդ լուսանկարները համացանցի վրայ են, եւ ինչպէս Միհրան Վարդանեան ըսաւ, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ապրող հայեր այդ ճանապարհով կը փնտռեն եւ կը գտնեն իրենց հարազատներու, ազգականներու շիրիմները, տեղեկութիւններ կը ստանան, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ են անոնք, անհրաժեշտութեան պարագային ընկերութիւնը կրնայ նաեւ իրականացնել խնամք, բարեկարգում, ծաղիկներու տեղադրում (ինչ որ արդէն վճարովի ծառայութիւն մըն է): Ինչպէս Միհրան Վարդանեան ըսաւ, շատեր այս ճամբով գտած են իրենց հարազատներուն շիրիմները, երբ կայքի ընձեռած փնտռման հնարաւորութիւնները գործածած են, եւ նոյնիսկ եղած են մարդիկ, որ գտնելով իրենց հարազատի շիրիմը՝ Հայաստան այցելած են, առաջին անգամ ըլլալով: Մեր զրուցակիցը շեշտեց, որ այս նախագիծը նպատակ ունի նաեւ կա-պերը զօրացնելու մարդոց իրենց անցեալին, հայրենիքին, արմատներուն հետ: Շատեր կը զարմանան, որ երիտասարդ գիտնականը դիմած է այսպիսի տխուր նկատուող նիւթի մը, բայց Միհրան Վարդանեան կը բացատրէ, որ իրենց կատարած գործը գիտական նշանակութիւն ունի, եւ ներդրում մըն է՝ ապագայի համար, քանի որ հաւաքագրելով տեղեկութիւններ, լուսանկարներ, անուններ, մականուններ՝ անոնք ուսումնասիրութեան անսպառ նիւթ կը հանդիսանան ուսումնասիրողներու համար, եւ նաեւ, եթէ գերեզմանը կամ յիշարժան վայրը ապագային ենթարկուի ոչնչացման, կորուստի (ինչ որ ծանօթ պատմութիւն է, եւ շատ մը գերեզմաններ տարիներու ընթացքին անտէրութեան մատնուելով՝ աւերուած են), իրենց կազմած կայքը կը պահէ այն ամբողջ տեղեկութիւնը, ինչ որ եղած է ոչնչացումէն առաջ:
«Յուշ» նախագիծը ստացած է նորարարութեան ոլորտի երկու մրցանակ (Մոսկուա), իսկ 2013 թուականին Հայաստանի Նորարարութեան զարգացման մրցոյթին արժանացած է յատուկ մրցանակի:
ԽՈՋԻՎԱՆՔԸ՝ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՄԷՋ
«Յուշ» նախագիծը օրերս թուայնացուցած է Թիֆլիզի Խոջիվանքի նշանաւոր հայկական պանթէոնը, ուր յուղարկաւորուած են ծանօթ հայ գրողներ, մտաւորականներ, նկարիչներ, հասարակական գործիչներ. ինչպէս՝ Յովհաննէս Թումանեան, Րաֆֆի, Գրիգոր Արծրունի, Նար-Դոս, Մուրացան, Ջիւանի, Գաբրիէլ Սունդուկեան եւ այլք: Ժամանակի ընթացքին պանթէոնը ենթարկուած է աւերումներու, կոտրուած են հարիւրաւոր տապանաքարեր, պղծուած են շիրիմներ, որու հետեւանքով անհետացած են շուրջ հազար հայու տուեալ: Այսօր ալ Խոջիվանքի գերեզմանատունը յաճախ կ՚ենթարկուի յարձակումներու, ինչ որ, ըստ Միհրան Վարդանեանի, խնդիր մըն է, որու լուծմամբ անյապաղ պէտք է զբաղիլ: Ան յիշեցուց, որ 20-րդ դարու սկիզբի Թիֆլիզի կառուցման ամենէն շատ աւանդը ունեցած են հայերը, սակայն անոնց յիշատակը յարգելը դուրս մնացած է մեր ուշադրութենէն: Ուսումնասիրելով տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող հայկական գերեզմաննոցներ՝ Միհրան Վարդանեան այն կարծիքին է, որ պէտք է հիմնադրամ մը ստեղծուի, որպէսզի զբաղի հայկական յիշարժան վայրերու պահպանմամբ: Առայժմ, ինչպէս ան յայտնեց, այդ տուեալները թուայնացնելը զանոնք պահպանելու միակ ձեւն է, երբ մէկ տարածքի մէջ կը հաւաքուին լուսանկարներ, տարեթիւեր, վայրեր եւ անուններ: Խոջիվանքի մէջ, օրինակ, նշանաւոր հայ նկարիչ Գէորգ Բաշինջաղեանի տապանաքարը կոտրուած եւ մէկ կողմ դրուած է:
Ընկերութիւնը մինչեւ հիմա թուայնացուցած է հինգ երկիրներու մէջ շուրջ հինգ հարիւր հազար անուն գերեզման, այդ կարգին՝ Մոսկուայի հայկական պանթէոնը:
ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԾՐԱԳՐԵՐ
Միհրան Վարդանեան մեզի տեղեկացուց, որ ընկերութեան յառաջիկայ ընելիքը պիտի ըլլայ Պոլսոյ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան տուեալները թուայնացնելը, ինչ որ զայն նկատեց կարեւոր մշակութային ձեռնարկ մը: Նպատակ ունի լուսանկարել Թուրքիոյ, Իրանի եւ այլ երկիրներու մէջ գտնուող հայկական գերեզմաննոցները եւ տեղեկութիւններ հաւաքել անոնց մասին, նաեւ՝ թուայնացնել մէկ այլ նշանաւոր պանթէոն՝ Ֆրեզնոյի «Արարատ» պանթէոնը: Միհրան Վարդանեան տեղեկացուց, որ այսօր մշակութային տեսակետէ կարեւոր արժէք կը ներկայացնեն Շիշլիի, Ֆրեզնոյի, Երեւանի, Մոսկուայի, Իրանի Նոր Ջուղայի գերեզմանատուները, Հայաստանի Նորադուզի խաչքարերու գերեզմանատունը: Մօտիկ անցեալին տակաւին գոյութիւն ունէր նաեւ Նախիջեւանի հայկական գերեզմանատունը, որ, ցաւօք այսօր հողին հաւասարեցուած է: Ընկերութիւնը ծրագիր ունի եղած լուսանկարներուն եւ տեղեկատուութեան հիման վրայ կազմել Նախիջեւանի հայկական գերեզմանատան առցանց պատկերը, որ կարեւոր տեղեկատուութիւն մը պիտի ըլլայ այդ վայրին մէջ հայերու մշակութային անցեալին մասին, ինչ որ յաճախ կը ժխտուի:
Միհրան Վարդանեան կոչ ըրաւ աշխարհի բոլոր հայերուն՝ լուսանկարել իրենց ընտանեկան գերեզմանները, յիշարժան վայրերը եւ զանոնք զետեղել կայքին մէջ։ Այս ձեւով անոնք օգնած կ՚ըլլան կայքի հարստացման, ինչպէս նաեւ այդ ձեւով կապ կը ստեղծուի զանազան երկիրներու մէջ բնակուող հարազատներու միջեւ:
ԽԱՉՔԱՐԵՐՈՒ ՀԱՄԱՅՆԱԳԻՏԱՐԱՆ
«Յուշ» ընկերութեան զուգահեռ, Միհրան Վարդանեան կը զբաղի նաեւ հայկական խաչքարերու ուսումնասիրմամբ եւ համացանցային տարածքի մէջ ստեղծած է աշխարհի ամենէն մեծ խաչքարերու համայնագիտարանը, որ կը կոչուի «Հայաստանի խաչքարերը»: Կրկին տուեալներու հաւաքագրմամբ, մասնագէտներու, խաչքարագործներու հետ համագործակցութեան արդիւնքին նպատակ ունի պահպանել հայկական խաչքարը՝ ոչնչացումէ եւ աշխարհի մէջ պատշաճ կերպով ներկայացնել զայն: Ըստ Միհրան Վարդանեանի, հայկական խաչքարը այսօր աշխարհի մէջ ըստ անհրաժեշտութեան ներկայացուած չէ, եւ յիշարժան վայրերու մէջ դրուած բազմաթիւ խաչքարեր հեռու են աւանդական խաչքարագործութեան սկզբունքներէ, պատահական նախշազարդեր կիրառուած են եւ չեն ներկայացներ հայկական խաչքարը: Ան խորհուրդ տուաւ՝ խաչքար մը պատրաստելէ առաջ ուսումնասիրել հայկական խաչքարագործութիւնը եւ ապա դիմել այդ քայլին: Վիճակը օրհասական նկատեց նաեւ Հայաստանի մէջ, նշելով, որ պատահական մարդիկ յաճախ կը պատրաստեն խաչքարեր:
«Հայաստանի խաչքարերը» համայնագիտարանը երեք լեզուներով կը ներկայացնէ խաչքարի ծագումը, կորսուած եւ վտանգուած խաչքարերու պատմութիւնները եւ կ՚առաջարկէ աւանդական նախշազարդերու լուսանկարներ, որոնք դարեր առաջ կիրառուած են այդ արուեստի նուիրալներուն կողմէ:
Մեր տեսակցութեան աւարտին Միհրան Վարդանեանի հետ զրուցեցինք նաեւ իր մասնագիտութեան մասին, թէ ան որքանո՞վ հեռանկարային կը տեսնէ գիտութեան զարգացումը Հայաստանի մէջ: Միհրան Վարդանեան ըսաւ, որ ինք կը շարունակէ զբաղիլ աստղագիտութեամբ, կը մասնակցի գիտաժողովներու, ունի օտար համահեղինակներ, որոնց հետ գիտական յօդուածներ կը պատրաստէ անգլերէն լեզուով ամսագրերու մէջ, բայց ցաւով նշեց, որ Հայաստանի մէջ գիտութեան ներկայ զարգացումը հեռու է միջազգային յառաջընթացէն: Ան այդ մէկը բացատրեց քաղաքականութեան եւ մշակուած ծրագրի բացակայութեամբ։ «Աշխարհի տարածքին կան սփռուած հայ մասնագէտներ, որոնք պատրաստ են բան մը ընել Հայաստանի համար, բայց չկայ դաշտ, որ կը քաջալերէ գիտութեան զարգացումը», նշեց Միհրան Վարդանեան ու աւելցուց, որ գիտութիւնը սուղ միջողներ պահանջող ասպարէզ մըն է եւ Հայաստանի պէս երկիրներու համար նորարար մօտեցումներու կարիք կայ: Ան առաջարկեց որդեգրել համեստ միջոցներով առաւելագոյնին հասնելու սկզբունքը, ինչ որ կիառելի է Հայաստանի պարագային: Ան նպատակ ունի՝ օտար գիտնականներու ներգրաւմամբ փորձի փոխանակման ծրագրեր իրականացնել։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ, որ լաւատես է Հայաստանի ապագայի առումով, միայն խոչընդոտ նկատեց մանաւանդ աւագ եւ միջին սերունդին քով տիրող կարծրատիպային մտածելակերպը, որ անցեալէն կու գայ եւ կը խանգարէ նոր գաղափարներու ներմուծումը ու անոնց իրականացումը:
Վարդանեանները իրենց օրինակով թարմ շունչ բերած են Հայաստանի ժամանակակից կեանքին եւ յաղթահարելով դժուարութիւնները՝ կ՚իրականացնեն զանազան նախագիծեր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ