ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ԶԵՆՈԲ ԷՖԷՆՏԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը վեր­ջին օ­րե­րուն ո­գե­կո­չեց թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի բա­րե­յի­շա­տակ հիմ­նա­դիր Զե­նոբ Է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նը։ Ան­ցեալ Կի­րա­կի, Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի, մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով ո­գե­կո­չուե­ցաւ լու­սա­հո­գի բա­րե­րա­րը, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Ա­նու­շեա­նի։

Իսկ ե­րէկ, Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը այ­ցե­լու­թիւն մը տուին Զե­նոբ Է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի շիր­մին, որ կը գտնուի Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Տ. Զօհ­րապ Քահանայ Ճի­վա­նեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ այս­տեղ կա­տա­րուե­ցաւ մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։ Առ ի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն ֆէ­րի­գիւղ­ցի­նե­րը թո­ղու­ցին նաեւ ծաղ­կեպ­սակ մը։ Ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ էին Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մին, Ծնո­ղաց միու­թեան, Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին եւ ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ բե­րին ի­րենց խո­նար­հու­մը Զե­նոբ Է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի բա­րի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2015