ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻԻ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏՊԱԳԻՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՆԵՐԱՌՆՈՒԻՆ UNESCO-Ի ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ

Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի եւ հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­գիր Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի յո­բե­լեան­նե­րը պի­տի նե­րա­ռո­ւին UNISCO-ի յո­բե­լեան­նե­րու ցան­կին մէջ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումով, այս մա­սին, յայտ­նած են Հայաստանի Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բա­ժ­նէն:

UNESCO-ի Գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու օգ­նա­կանը՝ Է­րիկ Ֆալ­տի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած՝ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի ծննդեան (Թէո­դո­սիա, 1817 թ.) 200-ա­մեա­կի եւ Հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­գիր Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի ստեղծ­ման (Ամս­թեր­տամ, 1666 թ.) 350-ա­մեա­կի յայ­տե­րը ըն­դու­նո­ւած են՝ UNESCO-­ի 2016-­2017 թո­ւա­կան­նե­րու յո­բե­լեան­նե­րու ցան­կին մէջ նե­րա­ռնուե­լու հա­մար:

«Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի ծննդեան 200­-ա­մեա­կը» ա­նո­ւա­նա­կար­գը ներ­կա­յա­ցո­ւած է Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նու­թեան հետ՝ Ի­տա­լիոյ ա­ջակ­ցու­թեամբ: «Հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­գիր Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի 350-­ա­մեա­կը» ա­նո­ւա­նա­կար­գի ներ­կա­յաց­ման ա­ջակ­ցած են Ֆրան­սան եւ Հոլանտան: Ըստ կա­նո­նա­կար­գի՝ յայ­տե­րը վերջ­նա­կան հաս­տատ­ման ըն­թա­ցա­կար­գով պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին Գոր­ծա­դիր խոր­հուր­դի, այ­նու­հե­տեւ՝ Գլխա­ւոր գա­գա­թա­ժո­ղո­վի հաս­տատ­ման:

1956 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ՝ UNESCO-­ն­ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ նշուող պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կամ յայտ­նի մար­դոց յո­բե­լեան­նե­րը հան­րահռ­չա­կե­լու գոր­ծին մէջ: Այդ նպա­տա­կով իւ­րա­քան­չիւր եր­կու տա­րո­ւան հա­մար կը հաս­տա­տո­ւին UNESCO-­ի՝ հռչա­կա­ւոր մար­դոց եւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու օ­րա­ցոյց­նե­րը, ո­րոնք կը կազ­մո­ւին ան­դամ եր­կիր­նե­րէ ստացուած՝ հա­մա­պա­տաս­խան հիմ­նա­ւոր­մամբ յայ­տե­րով:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2015