ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐՈՎ

Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ խոստացաւ վերականգնել Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պեշար Էսատ վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու, հայ գործարարներու հետ։ Հայաստանէն Սուրիա մեկնած այս խումբը գլխաւորեց Ճորճ Բարսեղեան։ Կը հաղորդուի, որ Պեշար Էսատի հետ հանդիպումը անցած է ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Ճորճ Բարսեղեան նշեց, որ վերջերս Սուրիա նոր դեսպան մը նշանակեց Երեւանի մօտ։ Դեսպանատան նոր կազմը սկսաւ աշխոյժ աշխատանք տանիլ Հայաստանի սուրիահայ համայնքին հետ։ Այս ծիրին մէջ օրակարգի վրայ եկաւ Սուրիա-Հայաստան կապերու աշխուժացումը։ Սուրիահայերը խնդրեցին հանդիպում մը ունենալ Պեշար Էսատի հետ։ Արձագանգը եղաւ շատ արագ ու դրական։ Հայաստան հաստատուած սուրիահայոց համար հանդիպումներ կազմակերպուեցան ո՛չ միայն նախագահ Պեշար Էսատի, այլեւ՝ Սուրիոյ պետական աւագանիէն այլ բարձրաստիճան դէմքերու հետ։

Էսատի հետ հանդիպումէն վերջ Ճորճ Բարսեղեան նշեց, որ Սուրիոյ թնճուկը, ըստ երեւոյթին, լուծում կը ստանայ։ Բարեբախտաբար, Պեշար Էսատի իշխանութիւնը յաջողած է ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարել։ Շարք մը արաբական երկիրներ կը մտածեն վերաբանալ իրենց Սուրիոյ դեսպանատուները։ Այս բոլորը կ՚ենթադրէ երկրի վերականգնումը եւ այս նպատակին համար բաւական մեծ տնտեսական ծրագրեր նախատեսուած են։ Սուրիոյ կառավարութիւնը տրամադրուած է այդ ծրագրերու պարագային առաջնահերթութիւն տալ այն երկիրներուն, որոնք վերջին դժուարին տարիներուն իր կողքը դիրք գրաւած էին։ Անոնց շարքին է Հայաստան, որ պատերազմի տարիներուն չփակեց իր դեսպանատունը, պետական կապը միշտ պահեց եւ օգնութիւն ուղարկեց Սուրիա։ Ուստի, յառաջիկայ վերելքի ընթացքին, գործարար ծրագրերու մէջ, վերականգնման աշխատանքներու մէջ առաջնահերթութիւն պիտի տրուի հայերուն։

Ըստ Ճորճ Բարսեղեանի, Սուրիոյ կառավարութիւնը մեծ նշանակութիւն կու տայ հայ համայնքին, ինչ որ միշտ ըսուած է։ Ան պատահական չհամարեց Պեշար Էսատի խոստումը, թէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին պիտի վերականգնուի պետական միջոցներով։

Սուրիահայերը հիւրընկալելու ժամանակ Պեշար Էսատ անոնց հետ քննարկած է երկրի ներկայ իրավիճակը եւ վերակառուցման գործընթացի հեռանկարները։ Հայ գործարարները փափաք յայտնած են մասնակցիլ վերակառուցման աշխատանքներուն։ Էսատի խօսքով՝ Սուրիոյ բարեկամ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ երկրի դէմ սանձազերծուած ահաբեկչական պատերազմի ամբողջ ընթացքին ցուցաբերած աջակցութիւնը թոյլ կու տայ, որ Հայաստան գտնուի այն յառաջատար երկիրներու շարքին, որոնք արդար իրաւունք ունին մասնակցելու Սուրիոյ վերականգնման աշխատանքներուն։

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019