«ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐԷՆ ՇԵՂՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ԴԱՌՆԱԼ ԱՌ»

-Ի՞նչ կը մտածէք Հայաստանի մէջ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի դէմ սանձազերծուած տխուր ցոյցերուն մասին։

-Կանխաւ ըսեմ, որ այդ բոլորը անընդունելի են։ Բնականաբար, մարդիկ իրաւունք ունին հարցեր ներկայացնելու։ Ազատ աշխարհ է, սակայն խնդիրները ներկայացնելու ձեւը կայ։ Եթէ գանգատ մը կայ, կարելի է ներկայացնել եկեղեցական պատկան ատեաններուն։ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդէն սկսեալ, մինչեւ Թեմական ներկայացուցչական ժողովը՝ համապատասխան բոլոր հնարաւորութիւնները գոյութիւն ունին։ Բայց ոչ թէ երկու, երեք կամ տասը հոգի վեր կանգնին, բան մը պահանջեն, այդպէս բացարձակապէս չ՚ըլլար։ Կաթողիկոսը ընտրուած է Ազգային-եկեղեցական ժողովին կողմէ եւ միայն անոր հաշուետու է։ Ինչպէս ըսի, եկեղեցական կեանքի մէջ խնդիրներու լուծումը չունի ճամբաներ, կան զանազան միջոցներ, որոնցմէ շեղումը քաոսի պատճառ կրնայ դառնալ։

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019