ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ…
Բանկալթիի «Նոսթալժի» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, «Galeri Birzamanlar»ի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ երիտասարդ հասարակական գործիչ եւ հրապարակագիր Յարութ Էքմանեան։ Հալէպի մէջ ծնած, իրաւաբանութեան ուսում ստացած եւ աւելի վերջ Հայաստան հաստատուած Յարութ Էքմանեան վերջին տարիներուն կ՚աշխատակցի «Սիվիլնէթ» հեռուստակայանին։
«Պիրզամանլար» հրատարակչատան տնօրէն Օսման Քէօքէրի ողջոյնի խօսքով սկսաւ այս երեկոյթը, որ ձօնուած էր Հալէպի հայոց՝ անցեալով, ներկայով եւ ապագայ հեռանկարներով հանդերձ։ Յարութ Էքմանեան հանգամանօրէն արտայայտուեցաւ օրուան նիւթին շուրջ։ Ան առաջին հերթին սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ Հալէպի հայութեան պատմութեան շուրջ։ Էքմանեան բացատրեց, որ Կիլիկիան թագաւորութեան շրջանէն ի վեր Հալէպի մէջ գոյութիւն ունի հայութիւն։ Սա շատ հին համայնք մըն է, որ հայ իրականութեան մօտ կ՚ընկալուի որպէս մայր գաղութ։ Հայերը պատմականօրէն լիարժէք դրծուած են Հալէպի կեանքին՝ բոլոր ուղղութիւններով եւ բոլոր բնագաւառներու մէջ։ Որպէս յատկանշական օրինակ ան շեշտեց, որ 18-րդ դարուն Հալէպի մէջ առաջին տպարանը հիմնուած էր հայոց կողմէ։ Յարութ Էքմանեան քաղաքէ ներս հայութեան գոյութեան վաղեմութեան իմաստով իբրեւ վառ ապացոյց՝ յիշեցուց, թէ քաղաքի Ս. Քառասուն Մանկանց առաջնորդանիստ եկեղեցին մօտաւոր անցեալին նշած էր իր հիմնադրութեան 750-ամեայ յոբելեանը։
Պատմական ֆոնը յաջող ձեւով նկարագրելէ վերջ Յարութ Էքմանեան կանգ առաւ Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան արդի պատմութեան վրայ։ Այս ծիրին մէջ ան մատնանշեց քաղաքի տասն հայկական կրթօճախները, բազմաբնոյթ տասնեակ միութիւններն ու ակումբները, քաղաքական կուսակցութիւնները, մամուլն ու հրատարակչութեան կեանքը։ Տեղականներուն առընթեր, լիբանանահայ մամուլն ալ կանոնաւոր կը հասնէր Հալէպ, ուր կը գտնուէին բազում հայկական թաղամասեր։ Յարութ Էքմանեան յիշեց ՆորԳիւղը, Ազիզիէն, Սիւլէյմանիէն, Վիլլաները եւայլն։ Այս վերջիններուն բոլորը դիրքաւորուած են իրարու շատ մօտիկ։ Անցեալին այդ թաղամասերը ստեղծուած էին որպէս արուարձաններ, իսկ յաջորդող տասնամեակներուն քաղաքի ընդլայնման զուգահեռ աստիճանաբար միացան կեդրոնին։ Ընկերային բնագաւառի մանրամասնութիւններուն անդրադառնալու ժամանակ Յարութ Էքմանեան առանձնապէս կանգ առաւ երիտասարդութեան դաստիարակչական նախընտրութիւններուն վրայ։ Այսպէս, եթէ մինչեւ 1970-ական թուականները երիտասարդութիւնը հայերէնով ուսում կը ստանար, ապա յաջորդող ժամանակաշրջանին նախընտրութիւնը սահեցաւ դէպի արաբերէնի։
Յարութ Էքմանեանի բացատրութիւնները սահմանափակուած չմնացին Հալէպով, այլ ցոլացուցին նաեւ ընդհանուր տպաւորութիւն մը Սուրիոյ հայութեան շուրջ։ Էքմանեան այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուց Քեսապը, ուրկէ հասած են նաեւ հեղինակաւոր մտաւորականներ։ Ատենախօսը վերյիշեց նաեւ անցեալին Քեսապի մերձակայքին գտնուած այլ զանազան հայկական գիւղերու անունները։
Արդի շրջանին վերաբերեալ բացատրութիւնները ընդլայնելով Յարութ Էքմանեան խօսեցաւ նաեւ մօտաւոր անցեալին ապրուած քաղաքական վերիվայրումներուն մասին։ Սուրիոյ մէջ երբ ալեւիներու եւ սիւննիներու միջեւ դաւանական բախումներ կամ լարուածութիւններ կ՚ապրուէին, հայերը միշտ կ՚օգտագործուէին որպէս խաղաքարտ։ Էական մանրամասնութիւնը այն էր, որ այդպիսի իրավիճակներու մէջ հայերը առաւելագոյն նախանձախնդրութիւն կը դրսեւորէին չէզոքութիւն պահելու համար, սակայն արդիւնքին 100 տոկոսով չէին կրնար խուսափիլ խաղաքարտ դառնալէ։ Հուսկ, Էքմանեան դիտել տուաւ նաեւ Արաբական գարունին ունեցած անդրադարձը՝ Սուրիոյ եւ Հալէպի կեանքին վրայ։
2012 թուականէն սկսեալ բախումները ծաւալիլ սկսան Սուրիոյ տարածքէն ներս եւ նոյն ամրան զինեալ ընդդիմադիրները արդէն մուտք գործած էին նաեւ Հալէպ։ Յարութ Էքմանեանի խօսքերով, առաջին հերթին Հալէպէն հայ երիտասարդները մեկնեցան Հայաստան, ապա յաջորդեցին ընտանիքները։ Բացի Հայաստանէն գաղթողները մեկնեցան նաեւ դէպի Լիբանան, Արաբական ծոցի երկիրներ եւ այլուր։ Բախումներու մթնոլորտին մէջ հաստատուեցան պատերազմական տնտեսութեան մը պայմանները։ Արդիւնաբերութիւնը փուլ եկաւ Հալէպի մէջ, քաղաքի ընկերամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման զուգահեռ։ Իսկ պատերազմական տնտեսութեան պայմաններէն կ՚օգտուին ինչպէս զինեալ ընդդիմադիրները, այնպէս ալ պետական պաշտօնեաները։
Առկայ ներքին պատերազմէն առաջ Հալէպի մէջ կ՚ապրէր շուրջ 60 հազար հայ, իսկ Սուրիոյ մէջ հայութեան ընդհանուր թիւը կը հասնէր 80 հազարի։ Այսօր դժբախտաբար այդ քանակութիւնը իջած է մօտաւորապէս մէկ քառորդին եւ հայութեան թիւը կը հաշ-ւարկուի 15-20 հազարի միջեւ։ Մարդուժի կորուստին առընթեր Յարութ Էքմանեան ցաւով արձանագրեց նաեւ Հալէպի եւ Տէր Զօրի եկեղեցիներուն սրբապղծումը։ Սուրիոյ մէջ մինչեւ մօտաւոր անցեալը խորհրդարանի մէջ կը գտնուէր հայկական արմատներով երեսփոխան մը՝ որպէս երկրի հայութեան ներկայացուցիչ։ Վերջին տարիներուն չկայ այդ երեսփոխանը եւ փոխարէնը կառավարութեան կազմին մէջ ընդգրկուած է հայազգի նախարար մը։ Դամասկոսի ղեկավարութեան մէջ թէեւ այսպիսի հաւասարակշռութիւն մը նկատի առնուած է, սակայն Յարութ Էքմանեանի խօսքերով՝ գործնականօրէն պետութեան մը իշխանութիւնը զգալի չէ Հալէպի մէջ։
Առկայ իրադրութեան լոյսին տակ ան պատասխանեց նաեւ ասուլիսի մասնակիցներու հարցումներուն։
Էքմանեանի արտայայտութիւններու աւարտին Օսման Քէօքէրն ալ փոխանցեց իր տպաւորութիւնները 2009 թուականին Հալէպ կատարած այցելութեան տպաւորութիւններուն եւ յուշերուն լոյսին ներքեւ։