Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Աւստրալիա։ Այս ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի եւ թեմական խորհուրդի հրաւէրով։
Հովուապետական այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ գաւազանակիր Տ. Անանիա Աբեղայ Ծատուրեան։
Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019