ՀՈ­ՎՈ­ՒԱ­ԿԱՆ ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ Ս. ԶԱՏ­ԿԻ ՏԱ­ՂԱ­ՒԱ­ՐԻՆ ԱՌ­ԹԻՒ

Քրիս­տո­սի Ս. Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Աթէշեանի ար­տօ­նու­թեամբ, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան հո­վուա­կան այ­ցե­լու­թիւն տուին Մա­լա­թիոյ եւ Է­լա­զը­ղի հայ հա­մայնք­նե­րուն։

Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քա­հա­նայ 13 Ապ­րիլ, Եր­կու­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ, օ­դա­յին ճամ­բով մեկ­նե­ցան Մա­լա­թիա, ուր դի­մա­ւո­րուե­ցան Սար­գիս Պօ­յա­ճըի կող­մէ եւ ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան իր մեծհօր՝ Վա­հէ Պեն­կիի բնա­կա­րա­նը։

Նոյն օ­րը,  ժա­մը 18.30-ին, քա­ղա­քի գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Յա­րու­թիւն ա­ղօ­թա­րան-մատ­րան մէջ նախ կա-­տա­րուե­ցաւ Ոտն­լուա­յի ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Հա­մայն­քի ե­րի­ցա­գոյն եւ կրտսեր 12 ան­դամ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այս հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան։

Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Սար­գիս Պօ­յա­ճը, Ա­րէտ Պօ­յա­ճը, Ռո­պէրթ Թա­պաշ, Սե­ւան Թա­պաշ, Ար­տա Թա­պաշ, Ի­լիաս Պայ­յի­ղիտ, Ա­լեքս Թա­պաշ։ Ճա­շու Գիր­քը կար­դաց Մա­րիամ Թա­պաշ։ Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ՝ խումբ մը մա­լա­թիա­ցի ե­րի­տա­սարդ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու կողմէ։

Նախքան Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը՝ Հայր Սուր­բը քա­րո­զեց եւ յի­շե­ցուց Քրի­տո­սի Ս. Յա­րու­թեան նկատ­մամբ հաս­տատ հա­ւատք ու­նե­նա­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ Աս­տու­ծոյ խօս­քին թա­փան­ցե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Հայր Սուր­բը իր խօս­քին ա­ւար­տին յի­շե­ցուց, որ Ս. Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րը, նաեւ ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւնն էր Ս. Յա­րու­թիւն ա­ղօ­թա­րան-մատ­րան։ Աս­տու­ծոյ գո­հու­թիւն եւ փառք մա­տու­ցա­նեց որ, այս գող-տ­րիկ ա­ղօ­թա­տե­ղիին մէջ ան­գամ մը եւս տօ­նուեցաւ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նը։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նա­կից հա­ւա­տա­ցեալ­ներ մու­թին մէջ մո­մեր ի ձե­ռին եւ «Յա­րեաւ Քրիս­տոս» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ թա­փօրով ուղ­ղուե­ցան դէ­պի մատ­րան սրա­հը, ուր կա­տա­րուե­ցաւ Տնօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րու ա­ւար­տին  ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­ները բո­լո­րուե­ցան սի­րոյ սե­ղա­նի շուրջ։

Յա­ջորդ օր, ժա­մը 16.30-ին յետ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան, կա­տա­րուե­ցաւ Ան­դաս­տա­նի ա­րա­րո­ղու­թիւն՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ մա­լա­թիա­ցի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու։ Ա­պա գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կա­տա­րուե­ցաւ ընդ­հա­նուր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն՝ հան­գու­ցեալ մա­լա­թիա­ցի­նե­րու հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

Չո­րեք­շաբ­թի ա­ռա­ւօ­տուն, Հայր Սուր­բը եւ Տէր Հայ­րը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Սէր­տար Պօ­յա­ճըի ուղ­ղուե­ցան Մա­լա­թիոյ Ա­րաբ­կիր գա­ւա­ռա­կը։ Այ­ցե­լու­թիւն տրուե­ցաւ հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։ Պէտք է նշել, թէ գե­րեզ­մա­նա­տու­նը կը գտնուի ներ­կա­յա­նա­լի վի­ճա­կի մը մէջ, բա­րե­զար­դուած՝ տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ ա­րաբ­կիր­ցի ազ­գա­յին­նե­րու ջան­քե­րով։ Գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կանգ­նեցուած քա­րե­ղէն խո­րա­նին առ­ջեւ կա­տա­րուե­ցաւ ընդ­հա­նուր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն՝ հան­գու­ցեալ ա­րաբ­կիր­ցի­նե­րու հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։ Ա­պա այ­ցե­լու­թիւն տրուե­ցաւ քա­ղա­քաբ­նակ Սար­գիս եւ Մի­քա­յէլ եղ­բայր­նե­րու բնա­կա­րա­նը, ուր կա­-տարուե­ցաւ տնօրհ­նէք եւ մա­տա­կա­րա­րուե­ցաւ Ս. Հա­ղոր­դու­թիւն։ Եր­կու եղ­բայր­ները ի­րենց շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն։

Հայր Սուր­բը, Տէր Հայ­րը եւ ի­րենց ըն­կե­րա­կի­ցը յետմի­ջօ­րէին Ա­րաբ­կի­րէն բաժ­նուե­ցան եւ ուղ­ղուե­ցան դէպի Է­լա­զըղ, ուր հիւ­րա­սի­րուե­ցան Եաղ­ճը ըն­տա­նի­քի բնա­կա­րա­նին մէջ։ Ժա­մը 20.00-ին, քա­ղա­քի հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղա­յի մա­տու­ցած առտ­նին Ս. Պա­տա­րա­գին։ Ս. Սե­ղա­նին սպասարկեց Ի­սա Եաղ­մուր։ Ճա­շու Գիր­քը կար­դաց Ար­ման Եաղ­ճը։ Նախքան Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը՝ Հայր Սուր­բը քա­րո­զեց վեր առ­նե­լով Քրիս­տո­սի Ս. Յա­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, հա­ւատ­քի կեան­քի զօ­րաց­ման հա­մար։

Հինգ­շաբ­թի, ժա­մը 12.30-ին, հա­մայն­քի ան­դամ­ները հա­մախմ­բուե­ցան Խուլ­վէնք գիւ­ղի հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, ուր կա­տա­րուե­ցաւ բա­ցօ­թեայ Ան­դաս­տան։ Ա­պա Ս. Յա­րու­թեան եւ հանգս­տեան շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ ընդ­հա­նուր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն՝ հան­գու­ցեալ է­լա­զըղ­ցի­նե­րու հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

Գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կա­տա­րուած ա­րա­րո­ղու­թե­նէն յե­տոյ հո­գե­ւոր հայ­րերը քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թեամբ շնոր­հա­ւո­րե­ցին քա­ղա­քի ա­սոր­ւոց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Մու­շէ Տաղ Վար­դա­պե­տը Քրիս­տո­սի Ս. Յա­րու­թեան տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ։ Անոնք նաեւ ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նե­ցին ա­սոր­ւոց հո­վի­ւին, որ իր եղ­բայ­րը կորսն­ցու­ցած էր Գեր­մա­նիոյ մէջ։ Տ. Մու­շէ Վար­դա­պետ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­ծա­յուած շնոր­հա­ւո­րա­կան եւ ցա­ւակ­ցա­կան այ­ցե­լու­թեան հա­մար։ Շնոր­հա­ւո­րեց նո­րապ­սակ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղան եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց իր հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։

Նոյն գի­շերը ժա­մը 23.00-ին, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քա­հա­նան օ­դա­յին ճամ­բով վե­րա­դար­ձան Իսթան­պուլ։

Մա­լա­թիոյ, Ա­րաբ­կի­րի եւ Է­լա­զը­ղի հայերը մե­ծա­պէս ու­րախ էին մաս­նակ­ցած ըլ­լա­լով Ս. Զատ­կի առ­թիւ մա­տու­ցուած պա­տա­րագ­նե­րուն եւ ստա­նա­լով՝ Ս. Հա­ղոր­դու­թիւն։ Ա­նոնք ի­րենց ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ ցու­ցա­բե­րած հայ­րա­կան հո­գա­ծու­թեան հա­մար եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Սրբա­զան Հօր, որ պատ­շա­ճը տնօ­րի­նած էր սոյն այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամ­բ։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015