ԿԱՆՈՒԽ ՏԱՐԻՔՈՏ ԸԼԼԱԼ
Կ՚ըսեն՝ թէ ծերութեան շրջանը երկարատեւ ըլլալու համար պէտք է կանուխ ծերանալ։ Արդարեւ տարիքոտ ըլլալ եւ ծեր ըլլալ, թէեւ մերձիմաստ են, բայց էապէս կը տարբերին իրարմէ։ Տարիք ունեցող մէկը կրնայ ինքզինք երիտասարդ զգալ, եւ փոխադարձաբար տարիքը քիչ ըլլալ բայց ծեր զգալ ինքզինք։
Ուստի երիտասարդութիւն եւ ծերութիւն՝ մարմնական-բնախօսական վիճակէ մը աւելի՝ տրամադրութեան հարց մըն է։ Ուրեմն, կարելի է ըսել՝ թէ տարիքը միակ չափանիշը չէ՛ երիտասարդութեան կամ ծերութեան։ Ինչպէս ըսինք, հոգեվիճակը, տրամադրութիւնը, աշխարհի հայեցողութիւնը, կեանքի զանազան պայմանները դեր կը խաղան, կ՚ազդեն եւ ընթացք կու տան «ծերութեան» կամ «երիտասարդութեան»։ Կեանքի ծանրութեան, կեանքի պայքարին դիմադրելու տարողութիւնը եւ կարողութիւնը մեծ մասամբ կ՚որոշէ մարդուն այն վիճակը՝ որ ընդհանրապէս կը կոչենք «երիտասարդութիւն» կամ «ծերութիւն»։
Կեանքի պայքարին մէջ պարտասած՝ յոգնած, ուժասպառ մարդը բնականաբար ինքզինք «ծե՛ր» կը զգայ։
Եւ երբ այս խորհրդածութիւնները կ՚ընէինք՝ հեռաձայնի զանգակին հնչիւնը միջամտեց։ Հեռախօսին միւս կողմը կար մեր բժիշկ բարեկամը, ինչ որ բարեպատեհ առիթ մըն էր երիտասարդութեան ու ծերութեան հրացը խորհրդակցիլ իրաւասու մէկու մը հետ։ Իրեն ըսի վերոյիշեալ խօսքը՝ թէ եթէ մարդ կ՚ուզէ, որ իր ծերութիւնը երկար տեւէ, պէտք է կանուխ ծերանայ, տարիքոտ ըլլայ։
Մեր բարեկամին պատասխանը նոր հորիզոն մը բացաւ մեր առջեւ։ Ան ըսաւ, թէ եթէ մարդ կանուխ ծերանայ, թէեւ կ՚երկարի ծերութեան շրջանը, բայց կը կարճնայ, կը նուազի կեանքին տեւողութիւնը։ Բնաւ չէի խորհած հարցին այս կողմին վրայ, իրապէ՛ս կեանքը ապրիլ տարբեր բան էր՝ իսկ երիտասարդ կամ ծեր ըլլալ բոլորովին տարբե՛ր բան։ Այս կը նշանակէ, թէ պէտք է հայց մը ուսումնասիրել իր զանազան երեսներով, տարբեր տեսանկիւններէ դիտել զայն եւ պէտք է, որ որեւէ որոշում, հետեւանք երբեք վճռական կամ վերջնական չըլլայ։ Արդարեւ պէտք է նկատի ունենալ միշտ երկրորդ հաւանականութիւն մը։ Այս պատճառաւ հազուագիւտ ըլլալու է «վերջակէտ»ը մեր մտածումներուն, գաղափարներուն մէջ…։
Ուրեմն, կանուխ ծերանալն ալ ճար մը չէ՛ ծերութեան, հնարք մը չէ, այլ պարզապէս ինքնախաբէութիւն, մխիթարութիւն, եւ ի՛նչ որ կ՚անուանէք։
Իրականութեան մէջ բնական կեանքի ընթացք մըն է երիտասարդութենէ ծերութեան տանող այս գնացքը։ Բայց ի՛նչ որ ալ ըլլայ, այդ ճամբան թէեւ դժուարութիւններով եւ նեղութիւններով լեցուն է, բայց մարդս կ՚առաջնորդէ երջանկութեան, եթէ քա՛ջ ըլլայ, տոկայ այդ բոլորին։
Բժիշկ բարեկամիս հետ խօսակցելով՝ հետզհետէ համոզուեցայ, որ «ծերութիւն» ըսուած շրջանը քաղցր շրջան մըն է՝ կեանքի պտուղները քաղելու ժամանա՛կն է այդ շրջանը եւ պտուղ քաղել, միշտ հաճոյք կը պատճառէ մարդուն, եւ ես անդրադարձայ այս իրողութեան եւ ստուգեցի իրողութիւն մը եւս, թէ ծերութեան այդ շրջանէն խուսափիլ կարելի չէ՛, այլ պէտք է ընդունիլ այդ իրականութիւնը՝ որ կեանքին իրականութիւնն է արդարեւ։
Բարեկամէս սորվեցայ նաեւ կեանքի ուրիշ մէկ ճշմարտութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ հետզհետէ կը զգայ, որ ամէն օր քալած ճամբան, շիտակ ճամբայ կարծած այդ ճամբան մինչդեռ զառիվեր՝ դէպի վե՛ր բարձրացող ճամբայ մըն է եղեր, եւ աւելցուց, «Կարծեմ ծերութիւնը տարիներէ ի վեր քալած շիտակ ճամբուն՝ զառիվեր ըլլալուն անդրադառնալու ժամանա՛կն է»։ Շնորհակալ եմ իրեն այս նշմարին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 15, 2015, Իսթանպուլ