ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՄՈՍԿՈՒԱ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ մեկնեցաւ Մոսկուա։ Հայրապետական այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ կ՚ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներուն հետ՝ քննարկելու համար անոնց հոգածութեամբ ձեռնարկուած ծրագրերը։ Ուղեւորութեան ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ Նորին Սրբութեան հանդիպումը Մոսկուայի եւ համայն Ռուսաստանի Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ։

Մոսկուա մեկնելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանն ու Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեանը, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղը։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետն ու Պերճ Սեդրակեան անդրադարձան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի միջեւ ձեւաւորուած բազմամեայ համագործակցութեան, որ կ՚ընդգրկէ եկեղեցաշինական, կրթական եւ ընկերային զանազան ծրագրեր։ Մասնաւորապէս կարեւորուեցան ՀԲԸՄ-ի աջակցութեամբ տարիներէ ի վեր համատեղ շարունակուող Հայորդեաց տուներու եւ բարեգործական ճաշարաններու գործունէութիւնն ու անոնց ընդլայնման հնարաւորութիւնները։ Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով արձանագրեց ՀԲԸՄ-ի շարունակական զօրակցութիւնը Հայոց Եկեղեցւոյ՝ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի զօրացման եւ եկեղեցւոյ պատմական առաքելութեան ի նպաստ նախաձեռնութիւններուն մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը եւ Պերճ Սեդրակեան խօսեցան նաեւ այն ծրագրերուն մասին, որոնք Հայոց Եկեղեցին եւ ՀԲԸՄ յառաջ կը տանին սփիւռքի մէջ եւ միտուած են համայնքներու կեանքի աշխուժացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման։ Ազգանպաստ այս առաքելութեան արդիւնաւէտ իրագործման մէջ ընդ-գըծւեցաւ պատասխանատու ազգային, հոգեւոր հաստատութիւններու ջանքերու մէկտեղման ու նոր ձեւաւորուող համայնքներու ազգային-հոգեւոր կարիքներու բաւարարման անհրաժեշտութիւնը արդի պայմաններու մէջ։ Այս առընչութեամբ Պերճ Սեդրակեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Մայր Աթոռի բազմաթիւ երիտասարդ ու պատրաստուած հոգեւորականներ  այսօր իրենց արդիւնաւէտ ծառայութեամբ մեծապէս կը նպաստեն սփիւռքի թեմերու ազգային-եկեղեցական կեանքի աշխուժացման, մանաւանդ երիտասարդութեան շրջանակներէն ներս։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը Պերճ Սեդրակեանին տեղեկացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովի արդիւնքները։ Մասնաւորապէս անդ-րադարձ կատարուեցաւ 2020 թուականի նոյեմբերին Ազգային-եկեղեցական ժողով գումարելու որոշման եւ այդ ժողովի կարեւոր առաքելութեան Հայոց Եկեղեցւոյ յետագայ գործունէութեան ուղենշման տեսակէտէ։ Պերճ Սեդրակեան վստահեցուց, թէ ՀԲԸՄ սփիւռքատարած իր աշխարհական պատգամաւորներու միջոցաւ ամենայն աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ եկեղեցւոյ կազմակերպչական հզօրացման ու ազգային-կրօնական եւ ընկերային առաքելութեան նպաստող կարեւոր նշանակութեամբ այս ժողովի յաջողութեան։

ՀԲԸՄ-ի նախագահը Վեհափառ Հայրապետի հետ զրուցելու ընթացքին հետաքրքրուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման եւ վերանորոգութեան մանրամասնութիւններով։ Նորին Սրբութիւնը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ձեռնարկուած աշխատանքները՝ տեղեկացնելով, որ տաճարի ներքին հատուածի վերականգնման աշխատանքներուն համար եկեղեցասէր բարերարներ կը ցուցաբերեն աջակցութիւն ու կը ծրագրուի այս գործը 2020 թուականին հասցնել իր աւարտին։

Խօսելով Հայաստանի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներու մասին՝ Վեհափառ Հայրապետն ու ՀԲԸՄ-ի նախագահը անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ կարեւորեցին սփիւռքի մասնակցութիւնը։ Այս առումով շեշտուեցաւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ համահայկական ներուժի՝ երկրի ապահովութեան ու բարօրութեան ծառայեցնելու կարեւորութիւնը։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետն ու Պերճ Սեդրակեան վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը Հայոց Եկեղեցւոյ եւ ՀԲԸՄ-ի համատեղ ծրագրերով ու համագործակցութեամբ շարունակել ներդնել ջանքեր յանուն Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ազգային միասնութեան ամրապնդման, հայապահպանութեան եւ ազգային-հոգեւոր արժեհամակարգի եւ աւանդութիւններու անաղարտ պահպանման։

ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից խումբ մը հոգեւորականներու հետ։ Ինչպէս ծանօթ է «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս տեղի կ՚ունենան պարբերական վերապատրաստման դասընթացքներ, որոնց կը մասնակցին զանազան հոգեւորականներ, խումբ առ խումբ՝ Հայաստանի, Արցախի կամ սփիւռքի թեմերէն։ Վեհափառ Հայրապետը «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս մէկտեղուեցաւ դասընթացքի մասնակից հերթական խումբի անդամներուն հետ։

Հանդիպման սկիզբին դասընթացքներու պատասխանատու Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան Նորին Սրբութեան տեղեկացուց, որ ցարդ վերապատրաստման մասնակցած է 198 հոգեւորական։ 

Հոգեւոր հովիւներու հետ զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց Մայր Աթոռէ ներս կազմակերպուած այս դասընթացքներու կարեւորութիւնը անոնց ծառայութեան առաւել արդիւնաւէտ իրագործման տեսակէտէ։ Նորին Սրբութիւնը սոյն համախմբումները լաւ առիթ նկատեց Աստուծոյ եւ Սուրբ Էջմիածնի հետ իրենց ուխտի վերանորոգման, հաւատքի եւ հոգեւոր կեանքի մէջ զօրացման առումով։

Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ այսօր Հայոց Եկեղեցւոյ առջեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ծառացած են բազում մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարման համար եկեղեցականը պէտք է ըլլայ ըստ ամենայնի պատրաստուած եւ օժտուած համապատասխան հովուական գիտելիքներով, պէտք է հաւատարմօրէն առաջնորդուի Աստուծոյ պատուիրաններով։

Նորին Սրբութիւնը քահանայ հայրերուն յորդորեց բոլորանուէր իրականացնել իրենց հոգեփրկչական եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան սրբազան առաքելութիւնը աշխարհասփիւռ հայ համայնքներէ ներս։ Իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով հոգեւորականներուն՝ Նորին Սրբութիւնը անոնց մաղթեց Աստուծոյ օգնականութիւնն ու Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութիւնը իրենց պատասխանատու ծառայութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2019