ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԷՋ
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ, վերջին երեք օրերուն Պելժիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց հաւաք մը։ «Արդարութեան Ս. Աստուածամայր» վանքին (Ռհոտ-Սեն-Ժընէզ) մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու առթիւ համախմբուեցան այն հոգեւորականները, որոնք կը ծառայեն Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս։ Յիշեալ վանքէն ներս առանձնացան Պելժիոյ, Հոլանտայի, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ մէջ ծառայող հովիւները։
Առանձնացումին մեկնակէտը, ինչպէս նաեւ խոկումի ու խորհրդածութեան համար հիմք ընտրուած էր Յովհաննու Աւետարանէն հատուած մը։ Եռօրեայ անհատական ու հաւաքական աղօթքներուն զուգահեռ՝ կատարուեցան ինքնաքննութեան վարժութիւններ, կարծիքներու փոխանակումներ ու բերուեցան անձնական փորձառութիւններու հիման վրայ վկայութիւններ։ Մեծ պահոց շրջանը առաւել իմաստաւորելու եւ խորապէս ապրելու կամքը, հոգեպէս իրարու հետ հարստանալու ոգին հանդիսացան կարգախօսն ու այս առանձնացումի բարեյաջող ընթացքը ապահոված ուժն ու գրաւականը։ Ամէն առաւօտ Արեւագալի, իսկ երեկոյեան Հանգստեան եւ Խաղաղական ժամերգութիւնները հոգեւորականներու մէջ ամրապնդեցին աղօթակցութեան ոգին եւ ընդգծեցին եղբայրական մշտանորոգ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը, յաճախակի հանդիպելու կամքն ու ցանկութիւնը։
Նորին սրբազնութեան գլխաւորութեամբ, հաւաքի օրերուն եկեղեցական հայրերը բաժնեցին կարծիքներ եւ դիտարկումներ իրենց հովուական կեանքի մէջ ծառայակերպի եւ կենցաղավարութեան ձեւին ու բնոյթին շուրջ։
Մեծ պահոց Միջինքի օրը, Պրիւքսելի Ս. Մարիամ Մագդաղինացի Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հսկում։ Աղօթքէն յետոյ տեղւոյն տիկնանց կազմը պահքի սիրոյ սեղանով մը հիւրասիրեց բոլոր ներկաները։
Հոգեւորականաց առանձնացումի եզրափակիչ փուլին բոլորը ներկայացուցին իրնեց տպաւորութիւններն ու կարծիքները, նաեւ առաջարկներ յառաջիկայ հաւաքներուն կամ աշխատանքային ժողովներուն համար։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հաւաքը ամփոփեց գնահատանքի պատգամով մը, որու մէջ յղեց զանազան յորդորներ եւ մասնակիցներու հովուական ծառայութեան համար մաղթեց յաջողութիւններ։
Կը ծրագրուի, որ այս ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ յառաջիկայ յունիսին։