ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Զատիկ է այսօր։ Անգամ մը եւս կու գանք զգալ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարի հոգեւոր ուրախութիւնը։ Հրեշտակաւանդ Սուրբ Աւետիսի առթած ուրախութեան ընդմէջէն կը վերյիշենք, թէ «Աստուած չէր կամենար մեղաւորին մահը, այլ կը փափաքէր որ ան իր չար ընթացքէն դառնար եւ փրկուէր»։ Սուրբ Յարութեան աւետիսը խորքին մէջ կը յայտարարէր այս ճշմարտութիւնը ու համայն մարդկութեան կը ներշնչէր նոր կեանքի յոյսը։ Սուրբ Յարութեան աւետիսը իր հետ կը բերէր մեր կորուսած պատմուճանը։ Մեղաւորի պատառատուն ցնցոտիներու մէջ խեղճութեան մատնուածներուս կը շնորհէր յարութեան, յաւիտենական կեանքի երջանկութեան յոյսին պատմուճանը։ Այդ պատմուճանը մեզի կու տայ քաջութիւն, երգակցելու Հեթանոսաց Առաքեալին. «Մահը կուլ գնաց յաղթութեան։ Ո՞ւր է, մահ, քու յաղթութիւնդ. ո՞ւր է, դժոխք, քու խայթոցդ» (Ա. Կորնթացիս, 15.55)։

Աստուծոյ կամքը գեր ի վերոյ է քան այն բոլոր տեսակի արժէքները, որոնց կամայ եւ ակամայ կարեւորութիւն կ՚ընծայենք մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին։ Մեծ պահքի ապաշխարութեան շրջանին բոլորս անգամ մը եւս աղօթքի ճամբով հաղորդ դարձանք Աստուծոյ կանքի գերակայութեան անյեղլի ճշմարտութեան։ Մենք հրաւիրուած ենք մեր երկրաւոր կեանքը վերակերպարանաւորելու ու մեր ներաշխարհի կեդրոնը հաստատելու գահ մը, որպէս բազմոց այս ճշմարտութեան։

Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Աստուած իր կամքը յայտնելու նպատակաւ անըմբռնելի ու անքննելի իմաստութեամբը, որ «ի վեր է քան զամենայն միտս եւ զբանս», կը զատէ անձեր, որպէսզի անոնք ծառայեն Իր Աստուածային կամքին իրագործման ուղղութեամբ։ Աստուած կոչնատէրն է, ու կը կանչէ կոչեցեալները, որոնք ընթացք կու տան հրաւէրին, իրենց ներաշխարհին մէջ «Կոչում» զգալով։ Կոչումէն կարելի չէ փախուստ տալ։ Աստուած անգամ մը եթէ տնօրինած է որ իր կամքը կատարուի, այդ ի վերջոյ կը կատարուի։ Նոյնիսկ եթէ փախուստ տրուած ըլլայ, Աստուած այնպէս մը կը տնօրինէ, որ ի վերջոյ Իր կամքը կը յաղթանակէ։ Այս ուղղութեամբ Յովնան մարգարէի գիրքը լաւագոյն դասը կու տայ մեզի։ Աստուած զինքը ղրկած էր Նինուէի ժողովուրդին ապաշխարութիւն քարոզելու առաքելութեամբ։ Սակայն ան փոխանակ ընդառաջելու Տիրոջ կամքին, հակառակ ուղղութեամբ ընթացած էր։ Զարգացած դէպքերու շարանը սակայն զինքը բերած ու հաստատած էր այն ծառայութեան ուղիին մէջ, ուր Աստուծոյ կամքն էր որ Նինուէի ժողովուրդը լսէր ապաշխարութեան քարոզութիւնը։ Եւ յիրաւի այդ կատարուեցաւ, որ ինքնին յայտարարութիւնն էր Աստուծոյ կամքի յաղթանակին։ Յովնան մարգարէի գիրքը կարդալով, առաջին առթիւ կը տեսնենք Աստուծոյ կամքէն փախուստ տուող կոչեցեալի մը տիպարը, որ ի վերջոյ ընթացած էր Աստուծոյ կամքին զուգահեռ։

Յովնան մարգարէի օրինակէն յետոյ մենք կը հրաւիուինք Սուրբ Աւետարանի ուղղութեամբ լաւագոյնս ըմբռնելու Յարուցեալ Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի փրկագործ առաքելութիւնը։ Հաւատքով երբ կը մօտենանք Աւետարանական ճշմարտութեանց, հոն կը տեսնենք, թէ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն՝ Քրիստոսի առաքելութիւնը հաստատուած էր Հօր Աստուծոյ կամքը առանց այլեւայլի իրագործելու հիման վրայ։ Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ կամքով, կոչուած էր փրկել մարդկութիւնը։ Քրիստոսի երեք տարուան առաքելութեանը մէջ դժկամակութեան նշոյլին իսկ կարելի չէ հանդիպիլ։ Իր քարոզութեանը մէջ ըսած էր. «Այն ամէնը զոր Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գայ, եւ ով որ ինծի կու գայ՝ դուրս պիտի չհանեմ զայն. Որովհետեւ ես երկինքէն իջայ ոչ թէ իմ կամքս կատարելու համար, այլ՝ կամքը անոր, որ զիս ղրկեց» (Յովհաննէս, 6.37-38)։ Ան յանձն առաւ մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ սեղան նստիլ, ըսելով «Առողջներուն բժիշկներ պէտք չեն, այլ հիւանդներուն։ Ես չեմ եկած արդարները կանչելու, այլ մեղաւորները՝ ապաշխարութեան» (Ղուկաս, 5.32)։ Ինչպէ՞ս չյիշել Գեթսեմանիի առանձնութեանը մէջ իր աղօթքին վերջաւորութեան արտասանած բառերը. «Հայր իմ, եթէ կարելի է, այս բաժակը թող անձնի ինձմէ, բայց ոչ ինչպէս ես կ՚ուզեմ, այլ ինչպէս դուն» (Մատթէոս, 26.39)։ Հօր Աստուծոյ տուած պաշտօնն էր քարոզել Սուրբ Աւետարանը, որպէս փրկութեան միակ լաստը, աշխարհի ալեկոծեալ ծովուն մէջ։ Ան կամաւոր կերպով յանձն առաւ այն ամէն ինչը, զոր պէտք էր մարդկութեան փրկութեանը համար։ Յուդայի համբոյրով մատնութենէն յետոյ ձերբակալման պահուն, Պետրոս առաքեալի ուղղած խօսքը մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի խոնարհութիւնը, առաջի Հօր Աստուծոյ կամքին. «Այդ սուրդ նորէն իր պատեանը դիր. Այն բաժակը զոր Հայրը տուաւ ինծի, պիտի չխմե՞մ» (Յովհաննէս, 18.11)։

Եսայի մարգարէն մարգարէացած էր Քրիստոսի կամաւոր կերպով առանց այլեւայլի յանձն առած զոհողութիւնը. «Տէրը մեր ամենուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ։ Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ. մորթուելու տարուող ոչխարի մը պէս, ու իր խուզողներուն առջեւը մունճ կեցող մաքիի պէս՝ անանկ իր բերանը չբացաւ» (Եսայի, 53.6-7)։

Քրիստոս տարբեր էր յատուկ առաքելութեամբ կանչուած սուրբ անձերէն։ Առաքելական Եկեղեցին կը դաւանի յիշեցնելով, թէ ո՞վ է Ան, որ որպէս Փրկիչ աշխարհի յայտնուեցաւ։ Քրիստոս՝ «Աստուած է Աստուծմէ, լոյս է լոյսէն, ճշմարիտ Աստուած է, ճշմարիտ Աստուծմէ…։ …Մեզի մարդոց համար եւ մեր փրկութեան համար, երկինքէն իջնելով մարմին առաւ, մարդացաւ, ծնաւ կատարելապէս Սուրբ Կոյս Մարիամէն՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ։ Որու միջոցաւ առաւ մարմին, հոգի եւ միտք եւ ամէն բան՝ որ կայ մարդուն մէջ, ճշմարտապէս եւ ոչ կարծեօք։ Չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ…» (Հաւատոյ Հանգանակ)։

Քրիստոս, Յովնան մարգարէի երեք օր կէտ ձուկին փորին մէջ մնացած ըլլալը յիշելով ակնարկած էր իր երեքօրեայ թաղման. «…ինչպէս որ Յովնան երեք օր եւ երեք գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, այնպէս ալ մարդու Որդին երեք օր եւ երեք գիշեր երկրի սրտին մէջ պիտի մնայ» (Մատթէոս, 12.40)։ Քրիստոսի անապական թաղման յաջորդեց յաղթական յարութիւնը, որ էր «քակուած տաճարին երեք օրէն վերականգնումը» (Յովհաննէս, 2.19-22)։

Սուրբ Յարութիւնը առանց բացառութեան միանգամընդմիշտ զգետնեց մեղքը, չարութիւնը, խաւարը, սատանայական սադրանքները։ Սուրբ Յարութեան աւետիսը «որպէս լոյս ծագեցաւ բոլոր անոնց վրայ, որոնք խաւարին ու մահուան շուքին ներքեւ կ՚ապրէին»։ Այս առումով Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը հոգեւոր յաղթանակի տօն է։ Պարապ գերեզմանը խորհրդանշանն է մահուան իրականութեան կրած պարտութեան։ Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը անկրկնելի յաղթանակն էր Հօր Աստուծոյ կամքին, որ յայտարարուած էր մեր նախածնողքին մեղքով անկման օրը։

Սուրբ Յարութեան աւետիսը ունեցաւ միարար զօրութիւն, որով առաքեալներ մէկտեղուեցան։ Անոնք յիշեցին Քրիստոսի խօսքերը, թէ «պիտի մատնուէր քահանայապետներուն ու դպիրներուն, եւ զայն մահուան պիտի դատապարտէին ու հեթանոսներուն պիտի մատնէին զայն՝ ծաղրուելու, ծեծուելու եւ խաչը հանուելու համար. Սակայն երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէր» (Մատթէոս, 20.19)։ Առաքեալներու մէկտեղման օրինակը նաեւ հրաւէր մըն է բոլորիս համախմբուիլ Սուրբ Յարութեան ճշմարտութեան շուրջ, զօրանալ Սուրբ Յարութեան ճշմարտութեամբ եւ անոր ընդմէջէն բղխած յաւիտենական կեանքի աւետիսին յոյսովը շարունակել մեր երկրաւոր կեանքը։

Աստուած «աշխարհի սկիզբէն պատրաստած է արքայութիւնը սուրբերուն համար» եւ Աստուած իր արքայութեան դուռը բաց կը պահէ, որ իր կամքն է։ Մենք կանչուածներ ենք երկնքի արքայութեան կոչունքին, որուն նախապայմանն է «ունենալ պատշաճ զգեստ», (Մատթէոս, 22.12) որ է հաւատաւոր կեանքի մը պտուղները։ Յովհան Մանդակունի հայրապետի բառերով երբ մեր աղօթքը կ՚ուղղենք «…բազումողորմ եւ խաղաղութիւն պարգեւող Աստուծոյ, որ իր խաղաղութեամբը հաստատէ բոլորս» շարունակութեանը մէջ կը կարդանք թէ. «…Աստուծոյ կամքը այդ է՝ որ մենք խաղաղ ու հոգեւոր սիրով ապրինք իրարու հետ եւ արթուն մտքով սպասենք մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի յայտնուելուն. Եւ արժանի ըլլանք հանդիպիլ ամպերուն մէջ՝ երբ ամպերով օդին մէջէն Աստուծոյ Տէրութեանը առջեւ ելլենք։ …» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս, 4.16)։

Երբ կ՚ապրինք Սուրբ Յարութեան ուրախութիւնը, նկատի ունենանք Աստուծոյ կամքը եւ զայն որպէս կեանքի նշանաբան ընկալելու ուղղութեամբ կամաւորապէս ի սպաս դնենք մեր Աստուածատուր կարողութիւնները եւ շնորհները, թագադրուած՝ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։

Երանաշնորհ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի թարգմանութեամբ կ՚երգակցինք Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին, Խաղաղական ժամերգութեան համար գրի առած երգին բառերով.

Ձգած կրակովդ՝ ամէն հոգի՝
Սիրոյդ կրակովն՝ թող բորբոքի.
Մեր խորհուրդներն մաքրելով ան՝
Արծարծէ լոյսդ գիտութեան,
Թող զմեզ հանէ մահուան քունէն,
Վառէ բոցովդ միտքերն ամէն.
Որ թէ ցորեկ եւ թէ գիշեր
Քեզ անդադար փառք տանք, ո՜վ Տէր։

Սուրբ Յարութեան լոյսը եւ հաւատքը անմար մնայ բոլորիս մէջ եւ մենք արժանի ըլլանք զգալու ու ապրելու Աստուծոյ կամքին մեր կեանքերէն ներս տարած յաղթանակին հոգեւոր երջանկութիւնը։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան կենսանորոգ զօրութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից մեզի հետ ըլլայ. Ամէն

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

(11 ապրիլ 2019, Գատըգիւղ)

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2019