ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ «ԿԱՆԱՉ ՄՈԼՈՐԱԿ 2015» ԲՆԱՊԱՀՊԱՆԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹԸ

Ա­նա­նիա Շի­րա­կա­ցիի ան­ուան ճե­մա­րա­նին մէջ սկսաւ «Կա­նաչ մո­լո­րակ» բնա­պահ­պա­նա­կան մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թի հա­յաս­տա­նեան փու­լը: Ար­դէն եր­րորդ տա­րին է, որ մի­ջազ­գա­յին այս մրցոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ճե­մա­րա­նին կը վստա­հին տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին փու­լի կազ­մա­կեր­պու­մը: Ի դէպ, պա­տա­նի բնա­պահ­պան­նե­րու խո­շո­րա­գոյն մրցոյ­թին կը մաս­նակ­ցին շուրջ ե­րեք տաս-նեակ եր­կիր­նե­ր. ինչ­պէս՝ Սպի­տակ Ռու­սիա, Պրա­զի­լիա, Պուլ­կա­րիա, Գեր­մա­նիա, Հա­յաս­տա­ն, Հնդկաս­տա­ն, Ի­տա­լիա, Չի­նաս­տա­ն, Ղա­զա­խիս­տա­ն, Ռու­մա­նիա, Ռու­սաս­տա­ն։ Այս եր­կիր­նե­րէն մրցոյ­թին կը մաս­նա­կին ա­ռա­ջի­նէն մին­չեւ տաս­ներկ­րորդ դա­սա­րան­նե­րու շուրջ հինգ հա­րիւր ա­շակ­րետ­ներ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս տա­րի մրցոյ­թը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ չորս ա­նուա­նա­կար­գի տակ. «Ան­տա­ռա­յին կեանքն ու մարդ­կա­յին ճա­կա­տագ­րեր», «Կա­նաչ մո­լո­րա­կը ե­րա­խա­նե­րու աչ­քե­րով», «Դա­րա­ւոր ա­ւան­դոյթ­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թիւն» եւ «Բնու­թիւն, մշա­կոյթ եւ է­քո­լո­ժի»:

«Շի­րա­կա­ցիի ա­նուան ճե­մա­րա­նի եր­դի­քին տակ հա­յաս­տան­եան փու­լի ի­րա­կա­նա­ցու­մը կը վկա­յէ այն մա­սին, թէ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ որ­քան բարձր կը գնա­հա­տուի կրթօ­ճա­խի ներդ­րու­մը դպրո­ցա­կան­նե­րու է­քո­լո­ժիի դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ շարժ­ման ա­ջակ­ցե­լու գծով», ը­սաւ մրցոյ­թի հա­յաս­տան­եան փու­լի կազ­մա­կեր­պիչ, ճե­մա­րա­նի կեն­սա­բա­նու­թեան ու­սուց­չու­հի, կեն­սա­բա­նա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու Նա­րի­նէ Քսա­ջիկ­եա­ն ու նշեց, թէ այս տար­ուան հա­յաս­տան­եան փու­լին կը մաս­նակ­ցին Եր­ե­ւա­նը, Կիւմ­րին, Վա­նա­ձո­րը, Գա­ւա­ռը, Սի­սիա­նը, Ոս­կե­վազ, Ձո­րակ, Ձո­րաղբ­իւր գիւ­ղե­րու դպրոց­նե­րը ներ­կա­յաց­նող շուրջ ութ­սուն ա­շա­կերտ­ներ:

Ա­մե­նա­շատ մաս­նա­կից ու­նի Եր­ե­ւա­նի Յով­հան­նէս Թու­ման­եա­նի ան­ուան թիւ 32 դպրո­ցը: Ա­նոնք տասն­մէկ հո­գի են: Իսկ Եր­ե­ւա­նի Ա­նա­նիա Շի­րա­կա­ցիի անուան ճե­մա­րա­նի սա­նե­րը կը մաս­նակ­ցին ե­րեք՝ «Կա­նաչ մո­լո­րա­կը ե­րա­խա­նե­րու աչ­քե­րով», «Բնու­թիւն, մշա­կոյթ եւ է­քո­լո­ժի» եւ «Դա­րա­ւոր ա­ւան­դոյթ­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թիւն» ան­ուա­նա­կար­գե­րու մէջ։ «Բնու­թիւն, մշա­կոյթ եւ է­քո­լո­ժի» ան­վա­նա­կար­գին գծով ճե­մա­րա­նը կը ներ­կա­յաց­նէ կրթօ­ճա­խի թա­տե­րա­խում­բի միակ ե­լոյ­թը՝ ռուս ան­ուա­նի գրող Տե­նիս Ֆոն­վի­զի­նի «Տհա­սը» ներ­կա­յաց­մամբ: Այս ծրագիրը միակ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցումն է, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ մրցոյ­թի հա­յաս­տան­եան փու­լէն ներս:

Այս մա­սին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Գա­րիկ Ղա­զար­եա­ն, որ հիմ­նադ­րած է թա­տե­րա­խում­բը։ Իսկ թա­տե­րա­խում­բը կը շա­րու­նա­կուի Շի­րա­կա­ցիի ճե­մա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան օ­րե­րէն։ Գա­րիկ Ղա­զա­րեա­նի սա­նե­րը ե­րեք ան­գամ ար­ժա­նա­ցած են «Կա­նաչ մո­լո­րակ» մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թի դափ­նեկ­ի­րի կոչ­ման: Գա­րիկ Ղա­զար­եա­ն բարձր կը գնա­հա­տէ իր սա­նե­րու շնորհն ու ու­նա­կու­թիւն­նե­րը եւ յոյս կը յայտ­նէ, որ այս ան­գամ ալ ա­նոնք ան­պայ­ման մրցանկ մը կը ստա­նան: «Այս փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին կը գնա­հա­տուին ե­րա­խա­նե­րու խա­ղը եւ բե­մադ­րու­թիւ­նը։ Այս մէ­կը ոչ թէ բե­մա­դի­րի մրցոյթ է, այլ ե­րա­խա­նե­րու», ը­սաւ Գա­րիկ Ղա­զա­րեան։

Մինչ այդ ճե­մա­րա­նի մէջ ցու­ցադրուած՝ ե­րա­խա­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը գրա­ւե­ցին ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րու, ա­նոնց ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ ման­կա­վարժ­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը: Իւ­րա­քանչ­իւր աշ­խա­տան­քի մօտ ե­րե­ք-­չորս ճե­մա­րա­նա­կան կար ու ա­նոնք քննար­կե­ցին ներ­կա­յացուած գոր­ծե­րը: Իսկ դա­տա­կազ­մի ան­դամ­ներն ալ ա­մե­նայն ու­շադ­րու­թեամբ ծա­նօ­թա­ցան ներ­կա­յաց­ուած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րոն­ցմէ շա­տե­րը գրե­թէ կա­տար­եալ գոր­ծեր էին: Թէեւ այս ո­րա­կը ո­րո­շա­կի դժուա­րու­թիւն ստեղ­ծեց ընտ­րու­թեան հա­մար, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ու­րա­խա­ռիթ էր: Այ­ցե­լու­նե­րը հպար­տա­ցան շնոր­հա­շատ ա­շա­կերտ­նե­րով, յատ­կա­պէս ու­րա­խու­թիւն յայտ­նե­ցին, թէ նման ե­րա­խա­ներ կան Հայաստանի գիւ­ղա­կան դպրոց­նե­րէն ներս։ Դա­տա­կազ­մը կա­տա­րեց ընտ­րու­թիւ­նը, ընտ­րուե­ցան այն գոր­ծե­րը, ո­րոնք կ՚ու­ղար­կուին Մոս­կուա՝ եզ­րա­փա­կիչ փու­լին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար։

«Իս­կա­պէս, մեր պա­տա­նի նկա­րիչ­նե­րը դժուա­րին կա­ցու­թեան մատ­նե­ցին դա­տա­կազ­մի ան­դամ­նե­րը։  Մենք չկրցանք իւ­րա­քանչ­իւր ան­ուա­նա­կար­գէն պա­հանջ­ուող ե­րեք լա­ւա­գոյն գոր­ծե­րը ընտ­րել: Ստիպ­ուած չոր­սա­կան աշ­խա­տանք ընտ­րե­ցինք: Նա­խա­պէս ալ ե­ղած էր նման պա­րա­գայ մը եւ Մոս­կուա­յի մէջ քննուած էին ա­շա­կերտ­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Լա­ւա­գոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը մե­ծա­մաս­նու­թիւն կազ­մե­ցին», ը­սաւ Նա­րի­նէ Քսա­ջի­կեան։

Միւս կող­մէ, Մոսկ­ուա ու­ղարկ­ուած գոր­ծե­րու «աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը» բա­ւա­կա­նին ծա­ւա­լուն է. բա­ցի Եր­ե­ւա­նէն ներ­կա­յաց­ուած են Կիւմ­րիի, Գա­ւա­ռի, Սի­սիա­նի, ինչ­պէս նաեւ Ձո­րաղբ­իւր, Ձո­րակ, Ոս­կե­վազ եւ Ա­գա­րակ գիւ­ղե­րու դպրո­ցա­կան­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը:

Հիմա կը սպասուի արդիւնքներուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015