ԵՐԿՈՒ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ երկու յատկանշական գործ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ լոյս տեսած են այս գործերը։

Առաջին գիրքը Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի երեք գործերը կը համատեղեն։ Անոնք են Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք», «Պապիկ եւ թոռնիկ», «Սիրաք եւ Սամուէլ» բարոյախրատական երկերը, որոնք ժողովածոյի մը ձեւով կը մատուցուին ընթերցողին։

Երկրորդ գիրքն է գրող-հրապարակագիր Ռազմիկ Դավոյեանի «Համատարած Թումանեան» մենագրութիւնը։

Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի երկերու ժողովածոն տպագրուած է յատկանշական փուլի մը մէջ, որովհետեւ ներկայ՝ 2019 թուականը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած է Ընտանիքի տարի։ Այդ երկերու ժողովածոն յորդորներ ու խրատներ կու տայ հայ երիտասարդին՝ քրիստոնէական արժէքներով եւ սկզբունքներով ամուր ընտանիք կազմելու համար, բարոյախրատական դասեր կը բովանդակէ՝ աշխարհի, մարդու, անոր կոչման, հասարակական կեանքէ ներս ունեցած պարտականութիւններուն եւ իրաւունքներուն մասին։ Գիրքը արեւելահայերէնի վերածած են Ա. Մատոյեան եւ Վ. Պարանեան։

«Համատարած Թումանեան» գրող-հրապարակագիր Ռազմիկ Դավոյեանի աշխատութեան հրատարակութիւնն ալ կը համընկնի ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Այս աշխատութիւնը նուիրուած է բանաստեղծի՝ հայ մարդ-անհատ եւ հայ հասարակութիւն կերտելու կամովին ստանձնած առաքելութեան։ Մենագրութեան մէջ ոչ մեծ, բայց կարեւոր բաժին մը յատկացուած է նաեւ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Նարեկացիի ստեղծագործական ու գաղափարական առընչութիւններուն։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2019