ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ԸՆԾԱՅ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ մասնակցեցան «Վերապրած ձեռագրեր» ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Մատենադարանի երդիքին տակ։ Ներկայ էին նաեւ Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, գիտնականներ, մտաւորականներ եւ հիւրեր։
Ձեռնարկի բացման ընթացքին Սերժ Սարգսեան ձեռագիր մը նուիրեց Մատենադարանին։ Սա 17-րդ դարու մեծարժէք նկարազարդ Ս. Աւետարան մըն է՝ աւետարանիչներու էջադիր մանրանկարներով, կիսախորաններով եւ լուսանցքազարդերով։ Նուիրուածը կոչուած է Կարմիր Աւետարան։ Ունի հետագայ դարերու ուշագրաւ յիշատակարաններ, որոնց շնորհիւ կը պարզուի, թէ ձեռագրի տէրը՝ տիրացու Սահակ այդ մէկը 1752 թուականին նուիրաբերած է Կարսի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ։ 19-րդ դարուն այս ձեռագիրը անցած է ձեռքէ ձեռք եւ 20-րդ դարուն յայտնուած՝ Ջաւախքի Ճալա գիւղին մէջ, Պաղտասար Շահպասովի մօտ։
Հարկ է նշել, որ Մատենադարանի մէջ բացուած ցուցահանդէսի ծիրին ընդգրկուած են բացառիկ ձեռագրեր եւ արխիւային ձեռագրեր։ Յատուկ շեշտադրում ստացած է Երանաշնորհ Տ.Տ. Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ անոր կարգադրութեամբ ձեռագրերու փրկութեան առաքելութեան երբմենի հայաշատ գաւառները ուղարկուած յանձնախումբերուն գործունէութիւնը։