ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԶԱՅՐՈՅԹ
Հայկական հարցի վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին վրայ։ Անցեալ շաբաթ ապրուած իրադարձութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Վատիկանի եւ Եւրոխորհրդարանի կողմէ բարձրաձայնուած դիրքորոշումները աննախընթաց զայրոյթ մը յառաջացուցած են Անգարայի մօտ։ Թրքական կողմը մէկ կողմէ ալ մօտալուտ Ապրիլի 24-ին ընդառաջ կը ձգտի հնարաւորինս վերահսկել Ուաշինկթընի իրադարձութիւնները, որպէսզի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան հետ չապրուի արկածախնդրութիւն մը։
Այս մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջին, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան անգամ մը եւս խիստ պատգամներով հանդէս եկաւ հայկական հարցին կապակցութեամբ։ Էրտողան, որ այցելեց Գոճաէլի, այնտեղ ունեցած ելոյթին ընթացքին եւս կանգ առաւ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն, թրքական կողմի բողոքին եւ նախատեսած հեռանկարներուն վրայ։ «Սփիւռքն ու Հայաստանի պետութիւնն է, որ խնդիր ունին մեզի եւ մեր հայ եղբայրներուն հետ», յայտարարեց Էրտողան Գոճաէլիի մէջ։
Էրտողանի համոզմամբ, հայոց տեղահանութեան 100-րդ տարելիցի պատրուակով, անցեալ շաբաթ Եւրոխորհրդարանը վերստին ու աւելի սաստիկ ձեւով սկսաւ յարձակիլ Թուրքիոյ վրայ եւ մրոտել ազգը։ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապն ալ հանդէս եկած էր նման մեղադրանքով մը եւ ըստ Էրտողանի անմիջապէս տրուած էր իր պատասխանը։ Այժմ կը փորձուի ուղղել կատարուած սխալը։ «Տակաւին Պապին սխալը չսրբագրուած, այս անգամ Եւրոխորհրդարանը հանդէս եկաւ նման զառանցանքով մը։ Եւրոպական երկիրներու մէկ մասին մօտ հինէն ի վեր կը վկայենք նման զառանցանքներու։ Եւրոմիութեան խորհրդարանը այսպիսի որոշում մը եթէ ընդունի ի՞նչ կ՚ըլլայ, եթէ չընդունի ի՞նչ կ՚ըլլայ», ըսաւ Էրտողան եւ կրկնեց Ղազախիստան մեկնելէ առաջ արտասանած խօսքերը, թէ «մեր մէկ ականջէն մուտք կը գործէ, իսկ միւսէն դուրս կու գայ»։
Իր ելոյթին մէջ Էրտողան խօսք ուղղեց ամբողջ աշխարհին ու մանաւանդ հայոց։ «Այս խնդիրը պատմական հիմքերէն ամբողջութեամբ կտրելով քաղաքականացնելը՝ ամենաշատ վնասը կը պատճառէ հայոց։ Քաջ գիտենք, թէ այսպիսի որոշումներու կամ յայտարարութիւններու հեղինակներուն բուն նպատակը չէ հայոց իրաւունքին պաշտպանութիւնը։ Միթէ հայոց հետ հեռուէն կամ մօտէն աղերս չունեցողներուն չափին ու սահմանին մէ՞ջ է։ Ուրկէ՛ դուրս կու գայ այս գործը։ Այս պահուն իմ երկրիս մէջ պաշտօնապէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի շուրջ 40 հազար հայ կայ։ Բաց աստի, մեր երկրին մէջ կը հիւրընկալուին Հայաստանէն խոյս տալով եկած հայեր։ Միթէ մենք տանջա՞ծ ենք զանոնք։ Մենք տանտիրութիւն չե՞նք ըներ անոնց։ Անխիղճնե՜ր, դուք այս բոլորը չէ՞ք տեսներ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ կ՚ընէք այս յայտարարութիւնները։ Ինչպէ՞ս կ՚ընէք այս բանը», աւելցուց նախագահը։ Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծեց, որ այս բոլորով մեր երկիրը վնաս պիտի չկրէ եւ իրենք կը կատարեն մարդասիրական ու խղճի պարտականութիւնները։ Էրտողան յիշեցուց, որ իր վարչապետութեան շրջանին վերանորոգուեցաւ Աղթամարի հայկական եկեղեցին եւ պաշտամունքի բացուեցաւ աշխարհի հայութեան համար։
Աւելի վերջ նախագահը բացատրեց, որ Թուրքիոյ հայկական արմատներով քաղաքացիներուն հետ անընդհատ շփման մէջ կը գտնուին ամենածաւալուն իմաստով։ «Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ նման քայլ մը կ՚առնէք։ Ամբողջութեամբ քաղաքական նպատակներով, բոլորովին Թուրքիոյ դէմ թշնամական մօտեցումով յառաջ տարուած այս արշաւանքէն ոչ մէկ բան դուրս կու գայ։ Հովը ի՞նչ կրնայ տանիլ ժայռէն։ Սակայն այս գործէն ամենամեծ վնասը կը կրեն հայերը։ Անատոլուի աշխարհագրութենէն ներս հարիւրաւոր տարիներ այս ազգը ամենամեծ ներդաշնակութիւնով ապրած է հայ հաւաքականութեան հետ։ Բարեկամութիւնը խանգարուած է այն ժամանակ, երբ հայերը տարուած են՝ այսօր ցեղասպանութեան պնդումներով ինքզինքնին յառաջ քշողներու խաղերէն, ենթարկուած են անոնց գրգռութիւններուն», շեշտեց նախագահը։
Բաց աստի, իր բանաձեւումով, անցեալ դարասկիզբին ռուսերու, ֆրանսացիներու, անգլիացիներու եւ տարածքաշրջանէ ներս հաշիւներու հետամուտ այլ երկիրներու գրգռութիւններէն տարուած հայերը հարիւր հազարաւոր մահմետականներ սպաննելով իրենք իսկ տեղահանութեան դռները բացին իրենց համար։ Ըստ Էրտողանի, թուրք ազգի հայոց հետ որեւէ խնդիր չունենալու մեծագոյն ապացոյցն է՝ այսօր Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող շուրջ 80 հազար հայը, որու մեծամասնութիւնը փախստական է։
«Եթէ մենք հայոց դէմ սիստեմաթիկ թշնամութիւն մը ունենայինք, ապա ամէն բանէ առաջ անոնց չէինք հանդուրժեր։ Հիմա հայերը, մեր քաղաքացիներուն, թուրքերու, քիւրտերու, արաբներու եւ չէրքէզներու հետ միասին կ՚ապրին։ Այս պահուն գացէք մեր Սամաթիա թաղամասը, Գոճամուսթաֆափաշա, պիտի տեսնէք, որ այդ տեղերը կ՚ապրին միասին։ Թուրքիա չէ լքած հայերը, ինչպէս կռնակ չէ դարձուցած այն բոլորին, որոնք իր մօտ դարման մը կը փնտռեն իրենց ցաւերուն, իր դռները չէ փակած անոնց առջեւ։ Մեր երկիրը իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդին հետ խնդիր մը չունի։ Թուրքիոյ մէջ հայերը ազատօրէն ուսում կը ստանան, առեւտուր կ՚ընեն, քաղաքական կուսակցութիւններու մէջ գործունէութիւն կը ծաւալեն, թեկնածու կ՚ըլլան, պաշտօնեայ կ՚ըլլան եւ ամբողջութեամբ կրնան օգտուիլ այն բոլոր իրաւունքներէն, որոնց տէր են միւս քաղաքացիները։ Մենք հպարտ ենք այս երեւոյթով։
«Մեզի եւ մեր եղբայրներուն հետ խնդիր ունեցողը հայոց Սփիւռքն է, Հայաստանի պետութիւնը։ Թուրքիա քանիցս ձեռք երկարած է Հայաստանին, ի յայտ բերած է իր բարեացակամութիւնը, սակայն Հայաստանը Սփիւռքի եւ այլ երկիրներու ազդեցութենէն դուրս գալով չի կրնար յառաջ տանիլ իր ուրոյն քաղաքականութիւնը եւ այս պատճառով այդ բոլորը մնացած են ապարդիւն։ Մեր դռները մինչեւ հիմա բաց են Հայաստանի համար։ Եթէ ցեղասպանութեան պնդումներուն եւ Ղարաբաղի բռնագրաւման նիւթին շուրջ առնեն դրական քայլեր, ապա իրենց հետ ամէն տեսակ համագործակցութեան պատրաստ ենք։ Միշտ պատրաստ ենք խօսելու հայ քաղաքական գործիչներուն, Հայաստանի ղեկավարներուն հետ, որոնք այսպիսի կամք մը, համարձակութիւն մը պիտի դրսեւորեն։ Բայց եւ այնպէս, նախ պիտի լուծուի Ղարաբաղի հարցը։ Այստեղ Ամերիկան տակաւին չէ կատարած իրեն վիճակածը։ Ռուսաստան տակաւին չէ կատարած իրեն վիճակածը։ Ֆրանսա տակաւին չէ կատարած իրեն վիճակածը։ Միջազգային կառոյցները թէկուզ արդար ցոյց կու տան Ատրպէյճանը, սակայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները տակաւին չեն պաշտպանած Ատրպէյճանի իրաւունքը։ Եթէ ցեղասպանութեան հարցը ոչ թէ քաղաքականութեան, այլ պատմաբաններու վէճին առարկայ դարձնենք, խնդիրը արդէն լուծուած պիտի ըլլայ մեծաւ մասամբ։ Այս մօտեցումը ատրպէյճանցի մեր եղբայրներուն ալ վէրքն է։ Ղարաբաղեան հարցի լուծման ճանապարհն ալ ինքնին պիտի բացուի։ Մեր դիրքորոշումը այսքան յստակ, այսքան բաց է, սակայն մեր դիմաց կը գտնուի հատուած մը, որ կը շարժի շատ տարբեր հաշիւներով ու շատ տարբեր մտադրութիւններով», շարունակեց Էրտողան։
Իր խօսքերուն տեւողութեան նախագահը յայտնեց, որ հայերը այս հարցին շուրջ դարձած են Թուրքիոյ դէմ գործող ճակատի մը խաղալիքը։ Ըստ իրեն, իրենք սոյն կոչերով իրականութեան մէջ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն, որպէսզի հայերը տէր կանգնին իրենց իսկ կամքին։ Թուրքիա երախտագէտ երկիր մըն է եւ բարեկամներուն օժանդակելու, նպաստելու առումով կրնայ համեմատուիլ շատ սակաւաթիւ երկիրներու հետ։ Հետեւաբար, ան հերթական անգամ կոչ ուղղեց հայոց, որպէսզի արժեւորեն այս հնարաւորութիւնը։ «Եկէ՛ք մէկ կողմ թողէք այս ի զուր ջանքերը, եթէ ձեր նպատակն է խաղող ուտել։ Եւրոխորհրդարանը կ՚ըսէ, որ արխիւները բացուին։ Մեր արխիւները բաց են։ Մենք 10-15 տարիէ ի վեր կ՚ըսենք այս բանը։ Եթէ ունի, Հայաստանն ալ թող բանայ արխիւը։ Եթէ ուրիշ երկիրներն ալ ունին, թող բանան։ Մերինը արդէն բաց է։ Սակայն ասոնք չեն հետեւիր Թուրքիոյ։ Բերէք ձեր փաստաթուղթերը, ապացոյցները, համատեղ յանձնաժողով մը ստեղծենք։ Թող նստին բոլոր երեսակներով քննարկեն խնդիրը, թող արժեւորեն։ Առարկայականօրէն թող հասնին արդար յիշողութեան մը, մենք ալ շարունակենք մեր ճանապարհը», ընդգծեց Էրտողան։
Հանրապետութեան նախագահը յիշեցուց նաեւ, թէ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Ճեմիլ Չիչէք եւ խորհրդարանէ ներս ներկայացուած երեք կուսակցութիւններու խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները պատասխան մը տուած են Եւրոխորհրդարանին, սակայն ահաբեկչական կազմակերպութեան ներկայացուցիչի դիրքով կուսակցութիւն մը չէ դրած իր ստորագրութիւնը այդ յայտարարութեան համար։
Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Էրտողան յառաջիկայ օրերուն նախագահական պալատին մէջ պատմաբաններու, ակադեմականներու եւ մասնագէտներու հետ ճաշասեղանի մը շուրջ պիտի համախմբուի հայկական հարցին կապակցութեամբ։ Սոյն հաւաքոյթը նախատեսուած է վաղը։ Նախագահը կը նախատեսէ այս հարցին շուրջ ստեղծել աշխատանքային խումբ մը։
ԱՊՐԻԼԻ 24-Ի ՍԵՄԻՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
Ապրիլի 24-ին ընդառաջ զանազան իրադարձութիւններ կու գան յստակեցնել այդ օրուան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։
Քրեմլինի աղբիւրները վերջնականօրէն հաստատեցին, որ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին Ապրիլի 24-ին Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի ոգեկոչումներուն՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Մոսկուայի աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Փութին եւ Սարգսեան առանձնա-զըրոյց մըն ալ պիտի ունենան Երեւանի մէջ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն կը խօսուի նաեւ Երեւանի մէջ Փութինի եւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի միջեւ հաւանական տեսակցութեան մը մասին։
Ապրիլի 24-ին «Ֆրանս 24» միջազգային հեռուստակայանը իր ամբողջ օրուան հաղորդումները պիտի յատկացնէ հայկական հարցին եւ հայ ժողովուրդին։
Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց տեղեկացուց, որ հայկական բանաձեւի ընդունուիլէն վերջ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցը կը կրէր քաղաքավարական բնոյթ մը։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Շուլցի կողմէ հերքուած են վարչապետարանի կողմէ այս հեռախօսազրոյցին վերագրուած տարբեր շեշտադրումները։
Իտալիոյ Նախագահ Մաթէօ Ռենզի յայտարարութիւններ ըրաւ ի պաշտպանութիւն Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին եւ զգուշացուց Թուրքիան։
Իր կարգին, Ֆրանսիսքոս Ա. Պապն ալ հարցազրոյցի մը մէջ նշեց, թէ զայրոյթը ազդանշան մըն է՝ երկխօսութիւն հաստատելու անընդունակութեան։
Գերմանիոյ մէջ Նախագահ Եոախիմ Կաուքի վրայ ճնշումներ կը բանեցուին, որպէսզի ան յառաջիկայ ոգեկոչումներուն ընթացքին նախընտրէ ցեղասպանութիւն որակումը։ Նման տրամադրութեան մէջ են նաեւ շարք մը երեսփոխաններ։