ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ Շարժայի Պետական տեղեկատուական խորհուրդի ընդհանուր նախագահ Շէյխ Սուլթան պին Ահմէտ էլ Քասըմիի հրաւէրին ընդառաջ։ Վեհափառ Հայրապետը Շարժա այցելեց՝ մասնակցելու համար 2019 թուականի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէ ներս իբրեւ հանդուրժողութեան տարի հռչակման առթիւ կազմակերպուած խորհուրդի կրօնական նիստին։ Նորին Սրբութեան ընկերացան Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ուղեկցեցաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն)։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Շարժայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ կառավարիչ Շէյխ Տքթ. Սուլթան պին Մուհամմէտ էլ Քասըմիի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շարժայի Պետական տեղեկատուական խորհուրդին կողմէ ուղարկուած հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ կարեւորեց հանդուրժողութեան եւ խաղաղ համակեցութեան, կրօնական-մշակութային արժէքներու պահպանման ու վերականգնման ուղղութեամբ Շարժայի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած քայլերը։
Իր ժամանումէն օր մը վերջ, մայիսի 20-ի երեկոյեան, Շարժայի «Էլ Մաճազ» ամփիթատրոնէն ներս, Շարժայի Պետական տեղեկատուական խորհուրդի հովանաւորութեան ներքեւ գործող Մամուլի ակումբէն ներս Նորին Սրբութիւնը հանդէս եկաւ յատուկ բանախօսութեամբ։ Այս առթիւ ան ներկայացուց հանդուրժողականութեան եւ խաղաղ համակեցութեան ընկալումները՝ հիմնուած քրիստոնէական վարդապետութեան եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր-ազգային փորձառութեան վրայ։
Ծաւալուն բանախօսութենէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ ներկաներու զանազան հարցումներուն եւ քըն-նարկման արդիւնքով յառաջացած հարցադրումներուն։