ՍԱՄԱԹԻԱՑԻՆԵՐԸ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՆ Ս. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

 

Ս. Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին նա­խորդ շա­բա­թա­վեր­ջին Ս. Զա­տի­կը նշեց ըստ Հին տո­մա­րի։ Ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը։ Այս տա­րի եւս Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին տնօ­րի­նու­թեամբ Պո­լի­սէն ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ դէ­պի Ս. Քա­ղաք։ Ուխ­տա­ւոր­նե­րու խում­բը գլխա­ւո­րեց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Խում­բին կո­րի­զը կազ­մեց Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը, ո­րու նա­խա­գահն է միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Հայր Սուր­բը։

Ս. Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Ա­ւագ շաբ­թուան կա­նո­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին սա­մա­թիա­ցի­նե­րը, ո­րոնք կա­տա­րե­ցին եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Ս. Յա­կո­բեանց Մայր տա­ճա­րին մէջ Ճրա­գա­լոյ­ցի Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Բագ­րատ Վրդ. Պուր­ճէ­քեան, իսկ տա­ղա­ւա­րի օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր՝ Տ. Ա­րիս Արք. Շիր­վա­նեան։ Սա­հա­կեան երգ­չա­խում­բի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծե­ցին տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն վրայ։ Խմբա­վար Սե­ւան Ա­կօ­շեան եւ իր սա­նե­րը ար­ժա­նա­ցան բո­լո­րի ջերմ գնա­հա­տան­քին։

Ուխ­տա­ւոր­նե­րը Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քին մէջ ըն­դու­նուե­ցան նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի կող­մէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015