ՎԵՐԸՆՏՐԵԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ թեմական պատգամաւորական ժողով։ Օթթաուայի Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ գումարուեցաւ թեմի 36-րդ պատգամաւորական ժողովը։ Օրակարգի վրայ էր նաեւ թեմակալ առաջնորդի ընտրութեան հարցը։

Կը հաղորդուի, որ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան վերընտրուած է գանատահայոց թեմակալ առաջնորդ։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019