ԻՐԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՅՑԸ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

Ի­րա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Հո­սէին Տեհ­ղան եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պա­քու։ Ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան ղե­կա­վա­րու­թե­նէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րու հետ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ ռազ­մա­կանխնդիր­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ի­րան եւ Ատր­պէյ­ճան այս հանգ­րուա­նին կը նա­խա­տե­սեն պաշտ­պա­նու­թեան եւ ռազ­մա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս նոր մա­կար­դա­կի մը վրայ բարձ­րաց­նել ի­րենց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Այ­ցե­լու­թիւ­նը յատ­կան­շա­կան է նաեւ իր ժամ­կէ­տին ա­ռու­մով, ո­րով­հե­տեւ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ի­րա­նի հիւ­լէա­կան ծրագ­րին շուրջ գո­յա­ցած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ հիւր պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րին հետ քննար­կած է երկ­կող­մա­նի եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին բնոյ­թով խնդիր­ներ։ Հո­սէին Տեհ­ղան կողմ ար­տա­յայ­տուած է երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման հա­մար։ Ա­լիե­ւի մօտ կա­յա­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին շօ­շա­փուած են նաեւ պաշտ­պա­նու­թեան ու ռազ­մա­կան գետ­նի վրայ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդման ու խո­րաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015