ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

 Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քեց Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը հա­մա­կար­գէ 2015-ի տա­րե­լի­ցի պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Իր կող­քին էին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ա­րա­րո­ղա­կար­գա­յին բաժ­նի վա­րիչ Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Վի­գէն Սարգ­սեան այս առ­թիւ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ 100-րդ տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ձօ­նուած գլխա­ւոր ձեռ­նարկ­նե­րու մեկ­նար­կին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Այս­պէս, այ­սօր ե­րե­կո­յեան Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րան-կա­ճա­ռի վե­րա­կա­ռու­ցեալ սրա­հի բա­ցու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։ Այս թան­գա­րա­նը ամ­բող­ջու­թեամբ ձե­ւա­փո­խուած է, ե­ռա­պատ­կուած է ցու­ցադ­րաս­րա­հին տա­րած­քը եւ գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռու­մով հե­տաքրք­րա­կան ձե­ւով մը մա­տու­ցուած է ա­մէն ինչ։ Վի­գէն Սարգ­սեա­նի բա­նա­ձե­ւու­մով, թան­գա­րա­նը հպար­տու­թեան ա­ռիթ մըն է, ո­րով­հե­տեւ հսկա­յա­կան գործ տես­նուած է, հա­ւա­քուած են նոր նիւ­թեր։ Տե­սո­ղա­կան ա­ռար­կա­նե­րու առըն­թեր, ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կ՚ընդգր­կէ ցու­ցան­մոյշ­ներ, ի­րեր, վե­րապ­րած­նե­րու ա­ռար­կա­ներ։

Վա­ղը «Կա­րէն Տէ­միր­ճեան» մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րին մէջ պի­տի բա­ցուի «Ընդ­դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան» հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան կլո­պալ հա­մա­ժո­ղով մը, որ ձօ­նուած պի­տի ըլ­լայ հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջազ­գա­յին պայ­քա­րին։ Բարձր ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան կազմ մը պի­տի մաս­նակ­ցի այս ձեռ­նար­կին։ Հա­մա­ժո­ղո­վի երկ­րորդ օ­րը պի­տի կա­տա­րուին խորհր­դա­րա­նա­կան ձե­ւա­չա­փով քննար­կում­ներ, ո­րոնց պի­տի մաս­նակ­ցին զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ ե­րես­փո­խան­ներ։ Աշ­խա­տան­քը կ՚ընդգր­կէ նաեւ մաս­նա­գի­տա­կան քննար­կում­ներ՝ ի­րա­ւա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։

Ապ­րի­լի 23-ին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ նա­հա­տակ­նե­րու Սրբա­դաս­ման կար­գը։ Վի­գէն Սարգ­սեան մատ­նան­շեց, որ սա բա­ցա­ռիկ ե­րե­ւոյթ մըն է եւ չա­փա­զանց կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի տա­րե­լի­ցի հո­գե­ւոր եւ բա­րո­յա­կան հէն­քը ձե­ւա­ւո­րե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Սրբա­դաս­ման կար­գը պի­տի ա­ւար­տի ժա­մը 19.15-ին եւ այդ խորհր­դան­շա­կան վայր­կեա­նին մէջ պի­տի ազ­դա­րա­րուի հա­մազ­գա­յին լռու­թեան պահ մը, ո­ր պի­տի ըն­թա­նայ զան­գե­րու հա­րիւր ղօ­ղան­ջով։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան պի­տի միա­նան նաեւ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ ե­կե­ղե­ցի­ներ. Պուէ­նոս Այ­րէ­սի ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ Փա­րի­զի Նոթ­րը Տա­մը։ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի սկսին ա­ռա­ւօ­տեան։ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը եւ Ե­րե­ւան ժա­մա­նե­լիք ա­ւե­լի քան վաթ­սուն եր­կիր­նե­րու կամ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րը պի­տի այ­ցե­լեն Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը։ Այս պա­հու դրու­թեամբ Ֆրան­սա­յի, Ռու­սաս­տա­նի, Սեր­պիոյ եւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի նա­խա­գահ­նե­րը վերջ­նա­կա­նօ­րէն հաս­տա­տած են ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։

Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ նա­խա­տե­սուած է մեծ հա­մերգ մը, ո­րու ըն­թաց­քին 43 եր­կիր­նե­րէ ա­ւե­լի քան 100 ե­րա­ժիշտ­ներ պի­տի մեկ­նա­բա­նեն հայ եր­գա­հան­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Միւս կող­մէ, ըստ Վի­գէն Սարգ­սեա­նի, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ ալ պի­տի ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի ո­գե­կո­չում­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լիք օ­տա­րերկ­րեայ պատուի­րա­կու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015