ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐԵՐ

Ապ­րի­լի 24-ին ըն­դա­ռաջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին ժա­մա­նել սկսան քրիս­տո­նեայ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ՝ ե­րէկ Հա­յաս­տան մեկ­նե­ցաւ Ա­ղեք­սանդ­րիոյ եւ Հա­մայն Ափ­րի­կէի Պապ, Ղպտի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ գա­հա­կալ Տ.Տ. Թե­ւադ­րոս Բ. Պատ­րիար­քը։ «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ Ղպտի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­րիար­քը դի­մա­ւո­րե­ցին՝ Տա­ւու­շի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Եզ­նիկ Արք. Պետ­րո­սեան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­տե­սուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեան։ Օ­դա­կա­յա­նէն հիւր պատ­րիար­քը ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ մայ­րա­վանք, ուր զին­քը ող­ջու­նեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։ Եր­կու հայ­րա­պետ­նե­րու եղ­բայ­րա­կան ող­ջա­գու­րու­մէն վերջ, ա­նոնք հան­դի­սա­ւոր թա­փօ­րով ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րը՝ զան­գակ­նե­րու զուարթ ղօ­ղան­ջին ներ­քեւ։ Ի­ջման Սուրբ Սե­ղա­նին ա­ռ­ջեւ կա­տարուե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթք։

Այս առ­թիւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը ող­ջոյ­նի խօս­քով մը բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց իր հո­գե­ւոր եղ­բօր։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ընդգ­ծեց, թէ հո­գե­ւոր մեծ մխի­թա­րու­թիւն կը նկա­տուի քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը՝ 2015-ի տա­րե­լի­ցին։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մաղ­թեց, որ Երկ­նա­ւոր Տէ­րը ար­դիւ­նա­ւո­րէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու աս­տուա­ծա­դիր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ ա­ւե­լիով նպաս­տե­լու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ փո­խա­դարձ հաս­կա­ցու­թեան եւ հան­դուր­ժո­ղու­թեան ո­գիի զօ­րաց­ման։

Ա­ւե­լի վերջ իր սրտի խօս­քը ար­տա­սա­նեց նաեւ Ղպտի Ուղ­ղա­փառ պատ­րիար­քը, որ նշեց, թէ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թիւ­նը միշտ ե­ղած է իր հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ։ Ան խօ­սե­ցաւ Ղպտի Ուղ­ղա­փառ եւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ բա­րե­կա­մա­կան սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին։ Սրտի խօս­քի ա­ւար­տին Թե­ւադ­րոս Բ. Պատ­րիար­քը վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ իր այ­ցե­լու­թիւ­նը Յի­սուս Քրիս­տո­սի նկատ­մամբ հա­ւատ­քի վե­րա­նո­րոգ­ման ա­ռիթ մը պի­տի հան­դի­սա­նայ։

Միւս կող­մէ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի տե­ղե­կատուու­թեան հա­մա­կար­գը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նով մը հրա­պա­րա­կեց յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րու ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը։ Այս­պէս, վա­ղը ե­րե­կո­յեան, ժա­մը 21.30-ին, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ Մայր Տա­ճա­րին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հսկու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ Հա­յաս­տան ժա­մա­նած կամ ժա­մա­նե­լիք քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­վուա­պետ­ներն ու պաշ­տօ­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րը։ Ապ­րի­լի 23-ի ա­ռա­ւօ­տեան Մայր Տա­ճա­րի մէջ պի­տի մա­տու­ցուի Ս. Պա­տա­րագ։ Նոյն օ­րը 17.15-ին, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Սուրբ Տրդա­տի բաց խո­րա­նին առ­ջեւ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ բազ­մա­թիւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հայ­րա­պետ­ներ կամ բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ պի­տի մաս­նակ­ցին ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Վա­տի­կա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հած Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը պի­տի չմաս­նակ­ցի 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը Հա­յաս­տան այ­ցե­լէ ոչ թէ այս տա­րի, այլ 2016 թուա­կա­նին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015