ՀՄՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՆՀՐԱԺԵ՛ՇՏ

Մարդ կրնայ կար­դալ ու կար­դա՜լ եւ ու­սում­նա­կան աս­տի­ճան­ներ ստա­նալ եւ բարձ­րա­նա՜լ ու բարձ­րա­նա՜լ, մարդ կրնայ հո­գե­ւոր մար­զի մէջ ալ բարձր դիր­քե­րու հաս­նիլ, աս­տի­ճան­նե­րու տի­րա­նալ, գիտ­նա­կա­նի կամ հո­գե­ւո­րա­կա­նի հո­վեր առ­նել. «մե՛ծ» ըլ­լալ, եւ տա­կա­ւին կրնայ «քա­ռա­կու­սի գլուխ» մը ու­նե­նալ՝ կար­ծա­տես ու նեղ­միտ մնալ, մէկ խօս­քով՝ հմտու­թիւն չու­նե­նալ…։

Ո՜ր­քան ցա­ւա­լի է, երբ մէ­կը ինք­զինք կը կար­ծէ այն­պէս՝ ինչ­պէս որ եր­բեք չէ՛։ Խե՜ղճ մարդ է ան, որ շրջա­նա­կը «լայն» է, բայց գլու­խը «նեղ» քա­ռա­կու­սի՛ մը միայն։ Եւ «քա­ռա­կու­սի գլուխ»ով մար­դիկ կը շրջա­պա­տեն լայ­նա­միտ­նե­րը եւ կը կաշ­կան­դեն ա­նոնց ա­զա­տու­թիւ­նը։ Այդ­պի­սի­ներ զրկուած են կեան­քի վա­յելք­նե­րէն, բայց ցա­ւա­լին այն է, որ կը զրկեն նաեւ ա­նոնք՝ ո­րոնց կեան­քի հո­րի­զոն­նե­րը ան­սահ­մա՜ն են։

Կան մար­դիկ՝ որ ա­մէն աս­տի­ճան, ա­մէն դիրք ու­նին, կեան­քը կը վա­յե­լեն, բայց բո­լո­րո­վին զո՛ւրկ են ո­րե­ւէ տա­ղան­դէ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կա­րո­ղու­թե­նէ։

Ու­սու­մը լա՛ւ բան է, տա­րա­կոյս չու­նինք այդ մա­սին. սա­կայն ու­սու­մը ինք­նին, հա­մալ­սա­րան մը իսկ մար­դուս մտքին տա­րո­ղու­թիւ­նը չի՛ փո­խեր։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ նեղ միտ­քը չի լայն­նար, փոքր հո­գին չի մեծ­նար, մար­դուս հո­րի­զո­նը չի տա­րա­ծուիր, այլ՝ ե­ղա­ծը քի՛չ մը կը յար­դա­րէ, քի՛չ մը կը բա­րե­փո­խէ միայն։ Բնա­ծին, բնիկ տա­ղան­դը եւ ա­րուես­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, ըն­դո­ծի­նը եւ ստա­ցա­կա­նը եր­բեք պէտք չէ՛ ի­րա­րու հետ շփո­թել։ Զոր օ­րի­նակ՝ իս­կա­կան ի­մաս­տով, քա­րո­զիչ մը՝ «քա­րո­զիչ» չ՚ըլ­լար, քա­նի որ ճե­մա­րա­նի մը դասըն­թաց­քը ա­ւար­տած է, ե­թէ նոյն ա­տեն Սուրբ Հո­գիին կրա­կը չի վա­ռիր ա­նոր հոգ­ւո7-Յն մէջ։ Այս ի­մաս­տով՝ «խօ­սող»ներ շա՜տ են, բայց «քա­րո­զող»ներ շատ քի՛չ…։

Եւ դար­ձեալ, գրա­գէ­տը կամ բա­նաս­տեղ­ծը, ընդ­հան­րա­պէս գրա­գի­տու­թեան դպրո­ցի մը մէջ չեն պարտ­րաս­տուիր։ Նմա­նա­պէս, վար­ժա­պե­տը կամ ու­սու­ցի­չը չէ՛ որ ե­րա­ժիշտ կը ստեղ­ծէ. ե­րա­ժիշ­տը ստեղ­ծո­ղը Աստուած է, ըն­դո­ծին հմտու­թիւնն է, ճար­տա­րու­թիւ­նը, բնու­թեան շնոր­հած ձիրքն է, յատ­կու­թիւ­նը, տա­ղան­դը՝ որ դաս­տիա­րա­կու­թեամբ կ՚ա­ճի ու կը զար­գա­նայ…։

Ու­սու­ցի­չը, դաս­տիա­րա­կը ստեղ­ծուած տա­ղան­դին ոս­կին, ը­սենք, միա՛յն կը փայ­լեց­նէ։ Աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն մար­դի­կը «վայ­րի ծա­ղիկ»ներ ե­ղած են։ Մար­դիկ «յար­դա­րիչ»ներ են. Աս­տուած՝ ստեղ­ծի՛չ։

Ե­թէ կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը հի՛մն է դա­տու­մին, ուս­տի պէտք է հե­տեւցնել՝ թէ «սրտի մաք­րու­թիւն»ը չի ստացո­ւիր, չի շա­հուիր, հա­պա՝ բնա­ծի՛ն է. ու­րիշ խօս­քով՝ մարդ կա՛մ կեղ­ծա­ւոր կը ծնի կա՛մ ան­կեղծ ու պար­կե՛շտ։

Ար­դա­րեւ, «ճշմա­րիտ բա­րե­կա­մու­թիւն»ը ան­կե­րա­լի՛ է կեղ­ծա­ւոր­նե­րու մի­ջեւ, նոյ­նիսկ երբ մէկ կող­մը ան­կեղծ է եւ միւս կող­մը՝ կեղ­ծա­ւո՛ր։ Սէ­րը չ՚իյ­նար, երբ ա­նոր աղ­բիւ­րը Աս­տու­ծոյ սիրտն է։ Աս­տու­ծոյ սրտէն բղխած սէ­րը հա­րա­զատ սէ՛րն է մար­դուս մէջ. միշտ վստա­հե­լի՛։

Մարդ երբ մտա­ծէ՝ կը տա­րուի խո­րա­նա­լու, թէ ի՛նչ որ գե­ղե­ցիկ է եւ հմա­յիչ մարդ­կա­յին նկա­րագ­րին մէջ էա­պէս ա՛յն է, զոր Աս­տուած ի՛նք դրած է. «բնա­տուր շնորհք» ը­սուա­ծը, որ ան­կա­րե­լի է շա­հիլ եւ կամ ստա­նալ ո­րե­ւէ մի­ջո­ցով, ո՛չ վար­ժու­թեամբ, ո՛չ դաս­տիա­րա­կու­թեամբ եւ ոչ ալ ա­րուես­տա­կան յար­դա­րան­քով, վրա­դիր ու ան­ցա­ւոր փայ­լով, այլ որ­պէս «պար­գեւ» ըն­դու­նե­լով ուղ­ղա­կի՛ Աս­տուծ­մէ։

Աս­տու­ծոյ տուա­ծը մարդ չի կրնար տալ, եւ ե­րա­նե­լի ա­նոնք, ո­րոնք Աս­տուծ­մէ ըն­դու­նած են ի՛նչ որ ու­նին՝ կամ, ի՛նչ որ են…։

Ու­րեմն ան­կեղ­ծու­թիւ­նը ե­ղա­ծին պէս տես­նուիլն է, կամ տես­նուա­ծին պէս ըլ­լա՛լ։ Ու­րիշ կեր­պով վա­րուիլ՝ պար­զա­պէս ինք­նա­խա­բէու­թիւն է եւ ո՛չ մէկ օ­գուտ ու­նի, այլ կրնայ վնաս պատ­ճա­ռել թէ՛ ան­հա­տա­կան, թէ՛ հա­ւա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին ամ­բողջ կեան­քին։

Ուս­տի սի­րել եւ հաշտ ըլ­լալ կա­րե­լի չէ՛ խառ­նած­նու­թիւ­նը ո՛չ բնու­թեան մէջ եւ ոչ ալ մար­դուս մէջ։

Ի՞նչ հասկ­նանք «մա­ռա­խու­ղա­յին» նկա­րա­գիր բա­ցատ­րու­թեամբ։ Ի՛նչ որ կը հասկնանք «մա­ռախ­լա­պատ օդ» բա­ցատ­րու­թեամբ։ Մա­ռա­խու­ղը՝ լոյ­սին վրայ նե­տուած թաց քօ­ղի մը կը նմա­նի։ Նոյն­պէս ալ կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը, խար­դա­խու­թիւ­նը, նեն­գու­թիւ­նը, ա­տե­լու­թիւ­նը կը քօ­ղար­կէ մարդ­կա­յին հո­գիին սրբու­թիւ­նը, անբ­ծու­թիւ­նը, բիւ­րե­ղեայ յստա­կու­թիւ­նը, ան­խար­դախ ճմշար­տու­թիւ­նը եւ սպի­տա­կու­թիւ­նը, կ՚աղ­տե­ղէ ցե­խով, պա­տուա­կա­նու­թիւ­նը կ՚ան­պա­տուէ եւ կ՚ա­պա­կա­նէ։

Մու­թը՝ մա­ռա­խու­ղա­յին մի­ջա­վայ­րը կ՚ա­պա­կա­նէ կեան­քը։ Մա­ռա­խու­ղին առ­կա­խեալ ան­տե­սա­նե­լի գո­լոր­շի­նե­րուն նման՝ հո­գիին ջինջ մթնո­լոր­տին մէջ կը խտա­նան նա­խանձ, չա­րա­կա­մու­թիւն, փա­ռա­մո­լու­թիւն, սնա­պար­ծու­թիւն, ստա­խօ­սու­թիւն, կեղ­ծաւո­րու­թիւն, եւ մեղ­քի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քը. մին­չեւ տա­սը սե­րունդ։

Եւ ա­ւա՜ղ, ներ­կայ ըն­կե­րու­թեան մէջ հո­գե­ւոր եւ բա­րո­յա­կան մա­ռա­խու­ղը հետզ­հե­տէ վա­նե­լու վրայ է պայ­ծառ լոյ­սը ճշմար­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ սի­րոյ, ա­նոնց տե­ղը դնե­լով ա­տե­լու­թիւ­նը, կաս­կա­ծը, դաւը, խա­բե­բա­յու­թիւ­նը։

Խա­ղա­ղու­թեան ար­ծա­թա­շող հո­րի­զո­նին վրայ՝ մարդ­կա­յին ան­բա­րոյ կիր­քե­րուն մա­ռա­խու­ղը սփռեց իր «թաց քօղ»ը եւ ա­հա՛ ակն­կա­լուած «նոր եր­կին­քին եւ նոր երկ­րին» տեղ ե­րե­ւան ե­կաւ «հին»ը, ա­ռանց «եր­կինք»ի, իր զզուե­լի տգե­ղու­թիւ­նո­վը։

Խա­ղա­ղու­թեան խոս­տա­ցեալ ա­րե­ւը այս­պէս ծած­կող «դա­ւա­ճան»ներ, դժբախ­տա­բար կը վնա­սեն ամ­բողջ մարդ­կու­թեան։ Ինչ­պէս միշտ կը կրկնենք. ան­կեղ­ծու­թիւ­նը անհ­րա­ժե՛շտ է մարդ­կու­թեան հա­մար եւ եթէ կ՚ու­զէ մարդ խա­ղա­ղու­թեան մէջ եր­ջա­նիկ ապ­րիլ, ան­պայ­մա՛ն պէտք է ան­կե՛ղծ ըլ­լայ ա­մէն մար­զի մէջ, թէ՛ ինք ի­րեն եւ թէ ու­րիշ­նե­րու հան­դէպ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 6, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015