ՎՐԱՍՏԱՆԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմէն ուխտաւորներ։ Թիֆլիզի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Յարութիւնեանի կողմէ գլխաւորուած էին ուխտաւորները։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ ողջունեց վիրահայոց թեմի հաւատաւոր հայորդիները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին առաջնորդելու նախաձեռնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց Հայաստանէ հեռու բնակող հայորդիներու այցելութիւնները եւ անոնց հաղորդ դառնալը պատմական սրբավայրերուն, ժողովուրդի ապրելակերպին, հոգերուն ու ձեռքբերումներուն, որպէսզի լիցքաւորուած եւ զօրացած վերադառնան իրենց օճախները, նաեւ աւելի նախանձախնդրութեամբ լծուին ազգային կեանքի շինութեան։
Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ քանիցս հովուապետական այցելութեամբ գտնուած է Վրաստանի մէջ եւ ականատեսը դարձած՝ վիրահայոց զօրաւոր հաւատքին, որու շնորհիւ անոնք կարողացած են պահպանել եւ աշխոյժ պահել իրենց ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքը։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ուխտաւորներուն չընկրկիլ դժուարութիւններու առջեւ, այլ նախնիներու հաւատքով զօրացած շարունակել արարել եւ ստեղծագործել ի պայծառութիւն հայոց կեանքի եւ վիրահայոց թեմի։
Միեւնոյն ժամանակ, հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ վիրահայոց թեմի հոգեւորականաց դասուն մասին։ Ան ընդգծեց, որ հոգեւոր հայրերը նախանձախնդրութեամբ եւ նուիրումով կ՚իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը ազգային արժէքներու պահպանման համար։ Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը հայորդիներուն մաղթեց, որ Աստուած նորոգէ անոնց ուխտը՝ մշտապէս զանոնք պահելով իր սիրոյ եւ խաղաղութեան մէջ։