ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Վեհափառ Հայրապետը ամերիկահայ ուխտաւորներուն հետ մէկտեղուեցաւ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ։ Թեմի հնագոյն համայնքներէն՝ Մինեսոթայէն Հայաստան մեկնած է 36 հոգիէ բաղկացեալ այս ուխտաւորներու խումբը, որ կ՚իրականացնէ երկշաբաթեայ այցելութիւն մը։ Խումբը կը գլխաւորէ Ս. Սահակ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Թադէոս Քհնյ. Բարսեղեան։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ քրիստոնէական հաւատքի եւ հայրենասիրութեան շնորհիւ սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր հայ կը շարունակէ ազգային-հոգեւոր արժէքներով կրթել ու դաստիարակել մատաղ սերունդը։ Ան անդրադարձաւ Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդին։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Սուրբ Էջմիածինը բոլոր հայերու սրտերուն եւ աղօթքներուն մէջ է։ Պատմութեան ամենա-դըժւար պահերուն քրիստոնէական հաւատքն ու յոյսը օգնած են աշխարհասփիւռ հայութեան՝ դիմագրաւել ազգի եւ եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։

Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ սփիւռքի թեմերէն ներս սպասարկող եկեղեցականներուն մասին՝ իրենց հոգեւոր առաքելութիւնը նախանձախնդրութեամբ եւ նուիրումով իրականացնելու եւ ազգային արժէքները պահպանելու համար։

Ամերիկահայ ուխտաւորները Մայր Աթոռի մէջ մասնակցեցան նաեւ Ս. Պատարագի։

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2019