ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԱՅՑԵԼԱԾ ՊԱՏԱՆԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՅՈՐԴՈՐԵՑ ՀԱՍԱԿ ԱՌՆԵԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԻՐՈՅ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արմաւիրի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները։ Մանուկներէ եւ պատանիներէ բաղկացեալ այս հսկայ խումբին առաջնորդեց Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Տ. Սիոն Արք. Ադամեան։ Կիրակնօրեայ դպրոցներու շուրջ 240 սաները ուխտի մեկնած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ այս առթիւ ստացան Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց մանուկներու, պատանիներու եւ ուսուցիչներու հետ համախմբման այս առիթին համար։ Ան բոլորին փոխանցեց իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց թեմերէ ներս գործող կիրակնօրեայ դպրոցներու առաքելութիւնը, որու շնորհիւ հայորդիները հնարաւորութիւն կ՚ունենան ուսանելու Տէր Յիսուս Քրիստոսի կենսաբեր պատգամները, հաղորդ դառնալու Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ անոր սրբութեան։ Նորին Սրբութիւնը սաներուն յորդորեց Աստուծոյ սիրոյ մէջ հասակ առնել, լաւ ուսանիլ եւ ազգի արժանի զաւակները դառնալ՝ Աստուծոյ պատուիրաններուն հաւատարիմ կազմելով իրենց կեանքի ընթացքը։
«Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ ըլլալ՝ կը նշանակէ ըլլալ միաժամանակ աստուածասէր եւ հայրենասէր անձ։ Այս երկու հասկացութիւնները սերտօրէն շաղկապուած են՝ աստուածսիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն։ Անոնք մեր պատմութեան նուիրագործուած հասկացողութիւններն են՝ դարձած ամբողջութիւն մը։ Ազգասիրութիւն կը նշանակէ սիրել ազգի կերտած մշակոյթը, ազգի անցած ուղին, մղած պայքարները, անոր ամբողջ արժէքային համակարգը, իսկ մեր պարագային այդ ամբողջը շաղախուած է քրիստոնէական հաւատքով, աստուածսիրութեան զգացումով», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը նուէրներ յանձնեց փոքրիկ ուխտաւորներուն։