ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԱԾ ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց շաբաթավերջին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած 12 նորաօծ քահանաները։ Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Տ. Սիոն Արք. Ադամեան, որ կատարած էր ձեռնադրութիւնը։ Նորընծաներուն հետ հանդիպման մասնակցեցան նաեւ նոյն օրը՝ Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, Մայր Աթոռի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցիէն ներս քահանայական կոչման մէջ վերահաստատուած Տ. Դաւիթ Քհնյ. Քարամեան, որ իր հոգեւոր ծառայութիւնը պիտի բերէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, ինչպէս նաեւ Իջման Ս. Սեղանի առջեւ կուսակրօն քահանայութեան ուխտագիրը ստորագրած եւ վեղարի տուչութեան արժանացած Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան։

Տ. Սիոն Արք. Ադամեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց նորաթուխ եկեղեցականները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ զինքը նման պատիւի արժանացուցած ըլլալուն համար։

Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը քահանայ հայրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները՝ ուրախութիւն յայտնելով անոնց ձեռնադրութեան կապակցութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը Տիրոջ զօրակցութիւնը յայտնեց Տ. Սիոն Արք. Ադամեանին՝ նոյն խանդավառութեամբ ու նուիրումով շարունակելու համար իր առաջնորդական ծառայութիւնը եւ կատարելու նորանոր ձեռնադրութիւններ։ Վեհափառ Հայրապետը նորաօծ քահանաներուն յիշեցուց, որ հաւատացեալ ժողովուրդը կը սպասէ իրենց եւ քառասնօրեայ պահեցողութենէն վերջ անոնք հովուական ծառայութեան պիտի կոչուին զանազան համայնքներէ ներս՝ իրենց ամբողջ գիտելիքն ու կարողութիւնները ամենայն սիրով ու պատրաստակամութեամբ ծառայեցնելով առաքելութեան արդիւնաւորման ի նպաստ։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ եկեղեցիէն ներս սպասաւորութիւնը ազգին ծառայելու լաւագոյն ճանապարհն է։ Ան պատգամեց հովութեան մէջ ըլլալ ժրաջան եւ պատասխանատու։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր հոգեւորական անհատ ըլլալով հանդերձ միեւնոյն ժամանակ կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ ամբողջութիւնը։ Ան մաղթեց, որ հոգեւոր ծառայութիւնը միայն ուրախութիւն եւ պատիւ բերէ անոնց։

Հանդիպման աւարտին «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնելով եկեղեցականները՝ Վեհափառ Հայրապետը վերստին Տիրոջ Ս. Աջի հովանին հայցեց բոլորին համար՝ մաղթելով արգասաւոր ու բարի առաքելութիւն։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2019