Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիաւ Պելոցերքովսքին, որ վերջին օրերուն Հայաստանի ղեկավարութեան յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներու պատմական առընչութիւններուն եւ ընդհանրութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն։ Խօսուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կարեւոր առաքելութեան, Իսրայէլի հայոց համայնքային կեանքին, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ։ Դեսպան Պելոցերքովսքի ընդգծեց, որ տպաւորուած է Հայաստանի պատմութեամբ, հայ ժողովուրդի եւ անոր հարուստ մշակութային ժառանգութեամբ։
Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019