ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած հրադադարի խախտումներուն բերումով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան հակամարտ զօրքերու շփման գծի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ նախորդ գիշեր (Ապրիլի 20-21) ժամը 05.15-ի սահմաններուն՝ պատահեցան բախումներ։ Ատրպէյճանի զօրքերը ձեռնարկեցին հետախուզական ներթափանցման հերթական յարձակման։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւններով, պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը ճիշդ ժամկէտով անդրադարձան Ատրպէյճանի զօրքերու յառաջխաղացման ու շարժման անցան անմիջապէս։ Տեղի ունեցաւ մերձամարտ մը, որ տեւեց շուրջ 15 վայրկեան։ Ազէրի զօրքերը դէպքի վայրին վրայ թողուցին արեան բազմաթիւ հետքեր, նռնակի մասեր, զանազան սարքաւորումներ, զէնքեր, կապի միջոցներ, բժշկական ասեղներ եւայլն։ Դէպքէն վերջ անոնք վերադարձան իրենց ելման դիրքերը։
Վերոյիշեալ աղբիւրներու հաղորդումներով, հայկական դիրքապահ ուժերը կորուստներ չեն տուած, իսկ ազէրի կողմը ունեցած է առնուազն մէկ զոհ եւ վիրաւորներ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ վարչական խորհրդակցութիւն մը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտնեց, որ հայկական զօրքերու հրամանատարական կազմի խնդիրն է յառաջիկայ օրերուն զգօնութեամբ հետեւիլ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն։