ՄԵՏԱՍԱՆԵՐՈՐԴ ՊԱՀԸ

Եւ ար­դէն մե­տա­սա­նե­րորդ պահն է։ 24 Ապ­րիլ 2015 թուա­կա­նին ըն­դա­ռաջ թէ՛ Թուր­քիա եւ թէ Հա­յաս­տան այ­լեւս կը պատ­րաս­տուին կեան­քի կո­չել ի­րենց մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ծրա­գի­րը։ Մի­ջազ­գա­յին շրջա­նակ­ներն ալ կը շա­րու­նա­կեն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս գալ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ։ Աւստրիոյ խորհր­դա­րա­նը ե­րէկ ըն­դու­նեց հա­յան­պաստ ո­րո­շում մը։ Գեր­մա­նիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն ի­րե­րա­յա­ջորդ ազ­դան­շան­ներ կու տայ, թէ հա­կուած է 1915-ի դէպ­քե­րը ո­րա­կե­լու որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Այս բո­լո­րը բնա­կա­նա­բար Ան­գա­րա­յի ու­շադ­րու­թե­նէն չեն սպրդիր, սա­կայն ե­րէկ Ո­ւա­շինկ­թը­նէն հա­սած լու­րե­րը ար­դէն բա­ւա­կան լից­քա­թա­փե­ցին թրքա­կան կող­մը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու տե­սակ­ցե­ցաւ իր ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Ճոն Քե­րիի հետ։ Սպի­տակ տան աղ­բիւր­նե­րը ա­ւե­լի վերջ տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա այս տա­րուան Ապ­րի­լի 24-ի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ եւս պի­տի չօգ­տա­գոր­ծէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան եզ­րոյ­թը։ Այս ե­րե­ւոյ­թը թրքա­կան կող­մին տե­սա­կէ­տէ դրա­կան է՝ մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն մէջ դիր­քեր չզի­ջե­լու ա­ռու­մով։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Սպի­տակ տան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ Ապ­րի­լի 24-ի Ե­րե­ւա­նի ո­գե­կո­չում­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լիք ա­մե­րի­կեան պա­տուի­րա­կու­թեան գլու­խը պի­տի գտնուի Ելմ­տա­կան նա­խա­րար Ճէյ­քըփ Լիւ։

Թէ՛ Ան­գա­րա­յի եւ թէ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը ար­դէն հրա­պա­րա­կած են ի­րենց նա­խա­տե­սած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լիք մի­ջազ­գա­յին հիւ­րե­րուն ցու­ցա­կը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս Ուր­բաթ Գում­գա­բուի Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուե­լիք Ս. Պա­տա­րա­գին ալ նա­խա­րա­րի մը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լը հա­ւա­նա­կան է։ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այ­լեւս աս­տի­ճա­նա­բար կը կեդ­րո­նա­նան ներ­կայ օ­րե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած ծրագ­րե­րու գոր­ծադ­րու­թեան վրայ՝ յաչս եր­րորդ կող­մե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը մա­սամբ ընդ­հա­տե­լով։ Վա­ղը Իս­թան­պու­լի մէջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Խա­ղա­ղու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղով մը, իսկ օր մը վերջ՝ մի­ջազ­գա­յին այս հա­ւա­քոյ­թին մաս­նա­կից­նե­րը ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցին Չա­նաք­քա­լէի մէջ։

Իս­թան­պու­լի մէջ եւս այս տա­րի դար­ձեալ նա­խա­տե­սուած են ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Այս շրջագ­ծով, այ­սօր ե­րե­կո­յեան հա­մերգ մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հար­պիէի հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ։ «Քա­լան» ե­րաժշ­տա­կան հաս­տա­տու­թեան եւ «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր» ըն­կե­րու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս ձեռ­նար­կը, որ ձօ­նուած է 1915 թուա­կա­նին դէ­պի մահ ու­ղար­կուած հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու յի­շա­տա­կին։ Հայ, թուրք եւ օ­տար ա­րուես­տա­գէտ­ներ հան­դէս կու գան այս ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին։ Բաց աս­տի, վա­ղուը­նէ սկսեալ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կազ­մա­կեր­պուած ձե­ւա­չա­փին մէջ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։ «DurDe!»ի, Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Եւ­րո­պա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի եւ Եւ­րո­պա­յի հա­կա­ցե­ղա­պաշ­տա­կան շարժ­ման (EGAM) հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ պատ­րաս­տուած է այս ծրա­գի­րը։

Ե­րե­ւա­նի մէջ ալ ե­րէկ սկսան ո­գե­կոչ­ման ծրագ­րին գլխա­ւոր հանգ­րուան­նե­րը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րան-կա­ճա­ռի վե­րա­նո­րո­գեալ եւ ըն­դար­ձա­կեալ հա­մա­լի­րին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը։ Իսկ այս ա­ռա­ւօտ, «Կա­րէն Տէ­միր­ճեան» մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րին մէջ սկսաւ «Ընդ­դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան» հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան կլո­պալ հա­մա­ժո­ղո­վը։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ա­ռըն­թեր բաց­ման փու­լին ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Թոր­պիոն Եակ­լանտ։ Հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Թոր­պիոն Եակ­լանտ ը­սաւ, թէ Հա­յաս­տան պե­տու­թիւն մըն է, որ յոյս կը ներշն­չէ։ «Ձեր տա­ռա­պան­քը կրցած էք վե­րա­ծել ու­ժի», ը­սաւ ան։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեանն ալ իր ե­լոյ­թին մէջ ընդգ­ծեց, թէ դէ­պի յի­շո­ղու­թիւն տա­նող ու­ղին ժխտո­ղա­կան կե­ցուած­քը չէ, այլ գի­տակ­ցուած յի­շո­ղու­թիւ­նը։ Իր կար­գին, Ա­մե­նայն Հա­յոց Գարեգին Բ. Կա­թո­ղի­կոսն ալ ը­սաւ. «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը կը խարխլէ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ հա­մընդ­հա­նուր բա­րո­յա­կա­նու­թեան հիմ­քե­րը»։

Եր­կօ­րեայ այս ֆո­րու­մին ա­ռըն­թեր յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն հայ­կա­կան կող­մի նա­խա­տե­սած ծրա­գի­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի նոր հանգ­րուան­նե­րով։ Վա­ղը ե­րե­կո­յեան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ նա­խա­տե­սուած է պատ­մա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի սրբա­դա­սուին նա­հա­տակ­նե­րը։ Իսկ Ապ­րի­լի 24-ին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ պի­տի այ­ցե­լէ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2015