Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թաց­նե­րով, այս տա­րի եւս Իս­թան­պու­լի մէջ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ։ Այս շրջագ­ծով ե­րէկ ե­րե­կո­յեան յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Իս­թան­պու­լի Հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ, Հար­պիէ։ «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր»ի եւ «Քա­լան միւ­զիք»ի կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած փա­ռա­շուք ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը եւ պէտք է ը­սել, որ ցարդ Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ո­գե­կո­չում­նե­րուն գա­գաթ­նա­կէ­տը կրնար հա­մա­րուիլ՝ մաս­նակ­ցու­թեան եւ ո­րա­կի ի­մաս­տով։

1915 թուա­կա­նին դէ­պի մահ ու­ղար­կուած հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն յի­շա­տա­կին ձօ­նուած այս հա­մեր­գը խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն վրայ։ Յայ­տագ­րին մէջ հան­դէս ե­կան բազ­մա­թիւ յայտ­նի մե­նա­կա­տար­ներ եւ խում­բեր. ինչ­պէս՝ «Քար­տէշ թիւր­քիւ­լէր», Յաս­միկ Յա­րու­թիւ­նեան եւ Կա­րի­նէ Յով­հան­նի­սեան, Էր­քան Օ­ղուր, Էր­թան Թե­քին, Ա­րի Հէր­կէլ, Ա­րա Տինք­ճեան եւ Օն­նիկ Տինք­ճեան, Հայկ Եա­զը­ճեան, Շա­հան Արծ­րու­նի, Էր­ման Ի­մայ­հան, Է­լիըն Խա­չա­տու­րեան, Ճոր­տի Սա­ւալ եւ Տէյ­վիտ Մա­յո­րալ, Գա­գիկ Մու­րա­տեան, Հայկ Սա­րը­գու­յում­ճեան եւ այլք։

Յայ­տագ­րի ըն­թաց­քին ըն­թեր­ցուե­ցան 1915-ին նա­հա­տա­կուած մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի, Տիգ­րան Չէօ­կիւ­րեա­նի, Գե­ղամ Բար­սե­ղեա­նի, Սմբատ Բիւ­րա­տի, Սիա­ման­թո­յի եւ Բար­սեղ Շահ­պա­զի գոր­ծե­րը։ Ըն­թեր­ցում­նե­րը կա­տա­րե­ցին՝ Ար­սի­նէ Խան­ճեան, Պօ­ղոս Չալ­կը­ճըօղ­լու, Գա­րին Գա­րա­գաշ­լը, Սե­դա Բիւ­րատ, Ժե­րար Մալ­խա­սեան եւ Գա­րօ­լին Մա­մի­կո­նեան։

Յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Զիւլ­ֆիւ Լի­վա­նե­լիի ձե­ռամբ յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նուե­ցան նա­հա­տակ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու շա­ռա­ւիղ­նե­րէն Ռե­հան Սա­րը­պա­յի (Ռու­բէն Սե­ւակ), Սե­րով­բէ Չու­պու­քէ­րեա­նի (Դա­նիէլ Վա­րու­ժան) եւ Սե­դա Բիւ­րա­տի (Սմբատ Բիւ­րատ)։

Ե­րե­կոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ, դի­ւա­նա­գէտ­ներ, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, ա­րուես­տա­գէտ­ներ, մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ եւ հայ-թրքա­կան երկ­խօ­սու­թեան հե­տա­մուտ շրջա­նակ­նե­րէն բազ­մա­թիւ դէմ­քեր, ո­րոնց միա­ցած էին նաեւ Իս­թան­պու­լի ո­գե­կո­չում­նե­րուն մաս­նա­կից սփիւռ­քա­հա­յեր։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015