ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Ապ­րի­լի 24-ին ըն­դա­ռաջ Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւիլ մի­ջազ­գա­յին թա­տե­րա­բե­մի բո­լոր զար­գա­ցում­նե­րուն եւ զու­գա­հե­ռա­բար կեան­քի կը կո­չէ իր մշա­կած ծրա­գի­րը։ Այ­սօր ե­րե­կո­յեան Իս­թան­պու­լի մէջ կը բա­ցուի Խա­ղա­ղու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, ո­րու տան­տէրն է Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան։ Աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէն պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կը գու­մա­րուի Խա­ղա­ղու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, ո­րուն ըն­դա­ռաջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ շա­րու­նա­կե­ցին պատ­գամ­ներ փո­խան­ցել խիստ ո­ճով։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ տպա­ւո­րու­թիւ­նը այն է, որ վա­ղուան ո­գե­կո­չում­նե­րուն ըն­դա­ռաջ Ան­գա­րա­յի թի­րա­խը դար­ձած են Ե­րե­ւա­նի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Էր­տո­ղան ե­րէկ յայտ­նեց. «Ի­րենք պի­տի նուա­գեն, ի­րենք ալ պի­տի խա­ղան»։

­Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան դի­տել տուաւ, թէ Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գին վրայ կը գտնուի հա­մաշ­խար­հա­յին խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ «Ի՞նչ պի­տի ը­նեն 24-ին, Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի մէկ­տե­ղուին, ի­րենք պի­տի նուա­գեն, ի­րենք ալ պի­տի լսեն։ Պի­տի խօ­սին, Թուր­քիոյ դէմ ա­նար­գանք­ներ պի­տի կա­տա­րեն։ Ապ­րի­լի 24-ին մենք ալ պի­տի խմբուինք Չա­նաք­քա­լէի մէջ, սա­կայն մեր օ­րա­կար­գին վրայ Հա­յաս­տա­նը չկայ։ Մենք պի­տի խօ­սինք հա­մաշ­խար­հա­յին խա­ղա­ղու­թեան մա­սին, սա է մեր տար­բե­րու­թիւ­նը», շա­րու­նա­կեց Էր­տո­ղան։

Էր­տո­ղան հա­կազ­դեց նաեւ այն պնդում­նե­րուն դէմ, ըստ ո­րոնց Չա­նաք­քա­լէի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը իբ­րեւ թէ կը կա­տա­րուին որ­պէս փո­խա­դար­ձու­թիւն։ «Մենք նման հարց մը չու­նինք, նման մտա­հո­գու­թիւն մըն ալ չու­նինք։ Այն­տեղ ինչ որ ալ խօ­սին թող խօ­սին, Ապ­րի­լի 24-ին Թուր­քիոյ մէջ հա­մախմ­բուե­լիք շուրջ հա­րիւր պե­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րը, վար­չա­պետ­նե­րը, նա­խա­րար­նե­րը, դես­պան­նե­րը յստակ պի­տի տես­նեն, թէ այն­տեղ ի՛նչ կը կա­տա­րուի», ա­ւել­ցուց նա­խա­գա­հը։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Էր­տո­ղան ընդգ­ծեց, թէ քա­նիցս յայտ­նած է, որ Թուր­քիա պատ­րաստ է բա­նա­լու իր ար­խիւ­նե­րը՝ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն շուրջ։ «Եւ­րո­միու­թիւ­նը ոչ թէ կու գայ մեր ե­տե­ւէն, այլ մե­զի կը հե­տե­ւի բա­ւա­կան հե­ռուէն։ Ի­րենց վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը խօ­սուի ար­խիւ­նե­րու բաց­ման մա­սին։ Ես տաս­ներ­կու տա­րիէ ի վեր կ՚ը­սեմ, թէ միշտ պատ­րաստ ենք այդ ար­խիւ­նե­րը բա­նա­լու։ Ա­սոնք կա՛մ ա­կանջ ու­նին ու չեն լսեր եւ կամ ու­րիշ բա­նե­րով զբա­ղած են։ Մենք պատ­րաստ ենք մեր ար­խիւ­նե­րը բա­նա­լու, ե­թէ Հա­յաս­տանն ալ ու­նի, թող բա­նայ ար­խիւ­նե­րը», մատ­նան­շեց նա­խա­գա­հը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ան կրկնեց, թէ եր­րորդ եր­կիր­ներն ալ պէտք է բա­նան ի­րենց ար­խիւ­նե­րը։ Պատ­մա­բան­նե­րը պէտք է աշ­խա­տին, ա­ւե­լի վերջ այդ բո­լո­րը պէտք է դրուին ի­րենց առ­ջե­ւը։ Այդ փու­լէն յե­տոյ, ըստ Էր­տո­ղա­նի, պատ­րաստ պի­տի ըլ­լան անհ­րա­ժեշտ ո­րո­շու­մը տա­լու։

«Նա­յե­ցէ՛ք, մեր երկ­րին մէջ շուրջ 100 հա­զար հայ կայ, շուրջ կէ­սը մեր հայ­րե­նա­կիցն է։ Ա­սոնք մի­թէ ի­րա­ւունք ու­նի՞ն այս մար­դոց ան­հանգս­տու­թիւն պատ­ճա­ռե­լու։ Կ՚ան­հանգս­տաց­նեն զա­նոնք։ Նա­յե­ցէ՛ք, միշտ կ՚ը­սեմ, Վա­նի Աղ­թա­մար կղզին եւ այն­տե­ղի ե­կե­ղե­ցին, վար­չա­պե­տու­թեանս շրջա­նին վե­րա­նո­րո­գու­մը կա­տա­րե­լով այդ տե­ղը տա­րուան ո­րոշ շրջան­նե­րուն բա­ցինք պաշ­տա­մուն­քի ու կա­րե­լի է այն­տեղ եր­թալ պաշ­տա­մունք կա­տա­րել։ Ար­դեօք Հա­յաս­տա­նի մէջ նման մօ­տե­ցում մը գո­յու­թիւն ու­նի՞։ Ո՛չ։ Մենք այս բո­լո­րը կը կա­տա­րենք։ Սա կը նշա­նա­կէ, որ ոե­ւէ մէ­կը խա­ղա­ղու­թիւն ո­րո­նե­լու ջան­քին մէջ չէ», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Ա­ւե­լի վերջ նա­խա­գա­հը անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդրին։ Իր խօս­քե­րով, մի­ջազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը թէեւ ար­դար կը նկա­տեն Ատր­պէյ­ճա­նը, սա­կայն տա­կա­ւին Նա­խի­ջե­ւա­նի եւ Ղա­րա­բա­ղի շրջան­նե­րուն մէջ խնդիր­նե­րը չեն կար­գա­ւո­րուած։ «Եւ Ղա­րա­բա­ղի առ­կայ այս խնդիր­նե­րը կա­րե­լի չ՚ըլ­լար լու­ծել։ Ուր որ է քսա­նե­րեք տա­րի ե­ղաւ։ Այս­տեղ ե­րեք միջ­նորդ եր­կիր կայ. Ա­մե­րի­կա, Ռու­սաս­տան, Ֆրան­սա։ Հար­ցը տա­կա­ւին չէ լու­ծուած։ Ի մի կը հա­ւա­քուին, կը խօ­սին, սա­կայն այն­տե­ղի դժուա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի։ Աշ­խարհ կը շա­րու­նա­կէ այս­պի­սի տա­րօ­րի­նա­կու­թեան մը վրայ։ Հի­մա 24-ին ի՞նչ պի­տի ը­նեն։ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի մի պի­տի գան, ի­րենք պի­տի նուա­գեն, ի­րենք ալ պի­տի լսեն», շա­րու­նա­կեց Էր­տո­ղան։

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն ալ ե­րէկ շա­րու­նա­կեց անդ­րա­դառ­նալ հայ­կա­կան հար­ցին։ Ան յի­շե­ցուց նա­խա­պէս իր կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն մին, ըստ ո­րու տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն մըն է։ «Հա­յե­րը մե­զի հետ միա­սին պատ­մու­թիւն մը կեր­տե­ցին։ Մօ­տա­ւո­րա­պէս տա­սը դար հա­յերն ու թուր­քե­րը չեն պա­տե­րազ­մած։ Թուր­քե­րու եւ հա­յե­րու յա­րա­բե­րու­թիւ­նը ա­րիւ­նա­լի պատ­մու­թեան մը յա­րա­բե­րու­թիւ­նը չէ», մատ­նան­շեց Տա­վու­տօղ­լու։

Միւս կող­մէ, Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տուաւ Աւստ­րիոյ դէմ, որ պաշ­տօ­նա­պէս 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը ճանչ­ցաւ որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Աւստ­րիոյ խորհր­դա­րա­նի ո­րո­շու­մը կը նշա­նա­կէ ի­րա­ւուն­քի դէմ ո­ճիր։ Թուր­քիա խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար ետ հրա­ւի­րած է նաեւ Վիեն­նա­յի մօտ իր դես­պա­նը՝ Հա­սան Կէօ­յիւ­շը։

Բաց աս­տի, թրքա­կան կող­մը ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի նաեւ վա­ղը Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս նա­խա­տե­սուած հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ քննարկ­ման նա­խոր­դած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ Գեր­մա­նիա­յէն վեր­ջին օ­րե­րուն լուրջ ազ­դան­շան­ներ գալ սկսած են այն մա­սին, թէ 1915 թուա­կա­նին ապ­րուած­նե­րուն պէտք է տրուի ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­րա­կու­մը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ Իսկ գեր­մա­նա­կան կարգ մը լրա­տուա­մի­ջոց­ներ այս ա­ռըն­չու­թեամբ ընդգ­ծե­ցին, թէ թրքա­կան կող­մը կը ջա­նայ մի­ջամ­տել Գեր­մա­նիոյ ներ­քին գոր­ծե­րուն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2015