ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԶԱԼՑՊՈՒՐԿԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ Զալցպուրկի համալսարանի Քրիստոնեայ Արեւելքի հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէնուհի Փրոֆ. Եասմին Տում-Թրակութը, որուն կ՚ընկերանային համալսարանի դասախօսական կազմէն ներկայացուցիչներ։

Փրոֆ. Եասմին Տում-Թրակութ Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց, որ իրենց Հայաստան այցելութեան համար առիթ կը հանդիսանայ «Հայրենիքէն հեռու, հայրենիքի մէջ. հայ ռազմիկներու ճակատագիրը Առաջին աշխարհամարտին» ցուցադրութեան բացումը։ Զուգահեռաբար համանուն պատկերագրքի շնորհանդէսին ալ մասնակցած են հիւրերը։ Եասմին Տում-Թրակութ այս ցուցադրութեան հեղինակն է։ Ան Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար՝ նշելով, որ իրեն ընկերակից համալսարանական խումբի անդամներուն իւրաքանչիւրը ունի իր ներդրումը այս ծրագրին մէջ եւ հետաքրքրուած է հայագիտական ուսումնասիրութիւններով։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ մասնաւորապէս գնահատելով Եասմին Տում-Թրակութի երկար տարիներու հայագիտական գործունէութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց ցուցադրութեան բացման առթիւ՝ նշելով, որ սա վկայութիւնն է այն իւրայատուկ սիրոյ, զոր ունի նշանաւոր հայագէտը հայ ժողովուրդի նկատմամբ։ Այս առումով Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց նաեւ համալսարանի ներկայացուցիչներու այցելութիւնը Հայաստան եւ անոնց հետաքրքրութիւնը՝ հայոց պատմութեան ու մշակոյթին նկատմամբ։

Զրոյցի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ եկեղեցականներու պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ արտասահմանի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու մէջ եկեղեցականներու ապագայ ուսումնասիրութեան մասին։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ մատնանշեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները բարձրագոյն կրթութիւն կը ստանան Եւրոպայի, Ռուսաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրներու նշանաւոր համալսարաններուն մէջ, նաեւ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր հաստատութիւններէն ներս, ինչ որ կը նպաստէ փոխադարձ ճանաչութեան եւ զանազան եկեղեցիներու հետ կապերու առաւել սերտացման։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս իր գնահատանքը յայտնեց ցուցադրութեան կազմակերպման առթիւ՝ հայցելով, որ Տէրը օրհնէ եւ արդիւնաւորէ գիտնականներու յետագայ գործունէութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2019