Խորհրդաւոր բանալին…

24 Ապ­րիլ 1915… 24 Ապ­րիլ 2015… Հա­րիւր տա­րի, 100-րդ տա­րե­լից… Մեծ ե­ղեռ­նէն դար մը անց, այ­սօր հա­մայն հա­յու­թիւ­նը կ՚ո­գե­կո­չէ իր բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րը, կը վեր­յի­շէ զո­հե­րը, ո­րոնց դէմ գոր­ծուած ո­ճի­րը յա­ջոր­դած տաս­նա­մեակ­նե­րուն պայ­մա­նա­ւո­րեց մարդ­կու­թեան դէմ կա­տա­րուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն սահ­մա­նում­նե­րը, բնո­րո­շու­մը։

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի այ­սօ­րուան խմբագ­րա­կա­նին կը վե­րագ­րենք ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն՝ որ­պէս վե­րապ­րած օ­րա­թերթ։ Դար մը ա­ռաջ մա­հուան ճա­նա­պար­հը բռնած, նա­հա­տա­կու­թեան պսա­կին ար­ժա­նա­ցած մտա­ւո­րա­կան­նե­րը մեր խո­հե­րուն մէջ են այ­սօր։ Ա­նոնց շար­քին քիչ չէին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի աշ­խա­տա­կից­նե­րը։ Այ­սօր մեր խո­նար­հու­մը կը բե­րենք բո­լո­րի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Եւս ա­ռա­ւե՛լ, այ­սօր այ­լեւս կը խնդրենք ա­նոնց բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը՝ քա­նի որ նա­հա­տակ­նե­րու շար­քին ա­նոնք եւս ե­րէկ սրբա­դա­սուե­ցան Հա­յաս­տեա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ։

100-րդ տա­րե­լի­ցի հանգ­րուա­նին, այ­սօր եր­կու նիւ­թեր կը վե­րահ­րա­տա­րա­կենք ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի 12/25 Ապ­րիլ 1919 թուա­կիր հա­մա­րէն։ Ա­նոնց­մէ մին է՝ Ե­րուանդ Օ­տեա­նի «Փա­ռա­ւոր­ման հան­դէս» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծը, իսկ միւ­սը՝ Յով­հան­նէս Պօ­ղո­սեա­նի «Անձ­նա­կան յի­շա­տակ­ներ»ը։ Եր­կու նիւ­թերն ալ թէ՛ լոյս կը սփռեն ան­ցեա­լին վրայ եւ թէ դար մը անց կրնան պայ­մա­նա­ւո­րել ամ­բողջ ապ­րուած­նե­րուն ար­ժե­ւո­րու­մը։

Ե­թէ դար մը անց բո­լո­րին ձգտու­մը մնալ կը շա­րու­նա­կեն՝ խա­ղա­ղու­թիւ­նը, ար­դա­րու­թիւ­նը, հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը, հան­դուր­ժո­ղու­թիւնն ու հա­մա­կե­ցու­թիւ­նը, ա­պա տա­կա­ւին ո՛ր խորհր­դա­ւոր բա­նա­լիին պէտք է ա­պա­ւի­նիլ ժա­մա­նա­կի եւ տա­րա­ծու­թեան մէջ ապ­րուած­նե­րու ի­մաս­տին ներ­թա­փան­ցե­լու հա­մար։

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015