ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՑ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ պատ­մա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը սրբա­դա­սեց Հա­յոց Մեծ Ե­ղեռ­նի բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րը։ 1915 թուա­կա­նէն դար մը անց, 100-րդ տա­րե­լի­ցի մթնո­լոր­տին մէջ այս պատ­մա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը բնո­րո­շեց ո­գե­կո­չում­նե­րու նոր հար­թու­թիւն մը։ 2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­դէն իր նա­հա­տակ սուր­բե­րուն բա­րե­խօ­սու­թեան հայց ներ­կա­յա­ցուց՝ խո­րա­պէս տպա­ւո­րիչ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Ինչ­պէս Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը նշեց իր ե-­րէ­կուան պատ­գա­մին մէջ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­մար­մին զինուոր­նե­րու յաղ­թա­կան օրհ­ներ­գու­թիւ­նը։ Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րի զան­գե­րը ղօ­ղան­ջե­ցին՝ ազ­դա­րա­րե­լով պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ գլխա­ւո­րուած ծան­րա­շուք թա­փօ­րը վե­հա­րա­նէն սկսաւ ըն­թա­նալ դէ­պի Ս. Տրդա­տի բաց խո­րա­նը։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս հա­ւա­քուած ծո­վա­ծա­ւալ բազ­մու­թիւ­նը ճեղ­քե­լով թա­փօ­րը յա­ռա­ջա­ցաւ շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։ Եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը կը քա­լէին ամպ­հո­վա­նիի ներ­քեւ, իսկ թա­փօ­րին մէջ բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ կը կրէին Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ բազ­մա­թիւ սրբու­թիւն­նե­րը եւ այդ սրբա­զան մա­սունք­նե­րուն ա­ռըն­թեր նաեւ՝ նա­հա­տակ­նե­րու մա­սունք­ներ։

Երբ թա­փօ­րը բարձ­րա­ցաւ Ս. Տրդա­տի բաց խո­րա­նը, ար­դէն սկսաւ Սրբա­դաս­ման բուն ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը կանգ­նած էին Ս. Սե­ղա­նին ճիշդ առ­ջե­ւը՝ հայ­րա­պե­տա­կան լրիւ հան­դեր­ձան­քի մէջ եւ ի­րենց շուրջ կա­յին բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ՝ բո­լո­րը ե­պիս­կո­պո­սա­կան լրիւ հան­դեր­ձան­քով։ Ա­րա­րո­ղու­թեան սկիզ­բին Տ. Սե­պուհ Արք. Սարգ­սեան ներ­կա­յա­ցուց Սրբա­դաս­ման վկա­յա­բա­նու­թիւ­նը։ «Ու­րախ լեր» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թե­նէն վերջ Տ. Նա­ւա­սարդ Արք. Կճո­յեան ըն­թեր­ցեց Ե­պիս­կո­պո­սա­կան ժո­ղո­վին կող­մէ ըն­դու­նուած հա­մա­պա­տաս­խան հռչա­կա­գի­րը։ Յա­ջոր­դեց «Էջ­միա­ծինն ի հօ­րէ» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին ար­ձա­կուե­ցան սպի­տակ ա­ղաւ­նի­ներ՝ ի նշան խա­ղա­ղու­թեան։ Տ. Ար­շակ Եպսկ. Խա­չատ­րեա­նի եւ Տ. Շա­հան Եպսկ. Սար­գի­սեա­նի կող­մէ կա­տա­րուած Ս. Գրա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րէ վերջ քա­ղուե­ցան սաղ­մոս­ներ եւ շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեան զու­գա­հեռ հա­սաւ սրբա­պատ­կե­րի օրհ­նու­թեան փու­լը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ ըն­թեր­ցուե­ցան ա­ղօթք­ներ եւ «Կեն­դա­նա­րար Աս­տուած» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ վե­րա­բե­րուե­ցաւ միւ­ռո­նա­թափ ա­ղաւ­նին։ Վա­ւե­րա­կան սրբա­պատ­կեր­նե­րը սրբա­լոյս միւ­ռո­նով օ­ծե­ցին եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը, ո­րոնք ա­ւե­լի վերջ խնկար­կե­ցին զա­նոնք։ Ա­պա խո­րա­նի վրա­յի ե­պիս­կո­պոս­նե­րը երկր­պա­գե­ցին սրբա­պատ­կե­րին։ Մինչ այդ, սուր­բե­րուն ձօ­նուած շա­րա­կանն ալ կը հնչէր խորհր­դա­ւոր ձե­ւով։ Այդ շա­րա­կա­նի հե­ղի­նակն է Կի­լի­կիոյ հան­գու­ցեալ միա­բան­նե­րէն Տ. Զա­րեհ Արք. Ազ­նա­ւու­րեան, իսկ յօ­րի­նու­մը կա­տա­րուած է Ե­րուանդ Եր­կա­նեա­նի կող­մէ։

«Պսա­կից սրբոց» սուր­բե­րու բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը հայ­ցող ա­ղօթ­քը ըն­թեր­ցուե­ցաւ եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք դար­ձեալ շա­րու­նա­կե­ցին ա­ղօ­թա­սա­ցու­թիւ­նը։

Ա­ւե­լի վերջ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը տուաւ իր պատ­գա­մը, որ ներ­կա­յա­ցու­ցած է յա­րա­կից սիւ­նա­կին մէջ։ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոսն ալ խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը, ո­րու ըն­թաց­քին նշեց, թէ Ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ­նե­րը, ո­րոնք սրբա­ցած են այ­լեւս, կեն­դա­նի ու կեն­դա­նա­րար ներ­կա­յու­թիւն մը կը հա­մա­րուին։ «Ա­նոնք մե­զի հետ ապ­րե­ցան հա­րիւր տա­րի ու մեր կեան­քին տուին ըն­թացք», ը­սաւ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը եւ ա­ւել­ցուց, թէ ի­րենց սրբաց­նող ներ­կա­յու­թեամբ ա­նոնք կը պայ­ծա­ռաց­նեն մեր ե­կե­ղե­ցին։

Այս պատ­գամ­նե­րէն վերջ, ի պան­ծա­ցումն սրբա­դա­սեալ նա­հա­տակ­նե­րուն, դար­ձեալ հնչեց շա­րա­կա­նը, եր­գուե­ցաւ նաեւ «Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց» շա­րա­կա­նը։

Այս խորհր­դա­ւոր մթնո­լոր­տին մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ խա­չակն­քե­լով երկր­պա­գեց վա­ւե­րա­կան սրբան­կա­րին առ­ջեւ։ Իր գլխա­ւո­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին ամ­բող­ջա­կան կազ­մով հե­տե­ւե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թեան։ Ներ­կայ էին նաեւ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ի մաս­նա­ւո­րի Ա­սո­րի, Ղպտի եւ Հնդիկ Մա­լան­կա­րա­յի դա­ւա­նա­կից ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տե­րը։ Սփիւռ­քէն բազ­մա­թիւ գոր­ծիչ­ներ ալ մաս­նակ­ցե­ցան Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, նե­րա­ռեալ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան։

Ար­դէն ժա­մը հա­սած էր 19.15-ին, երբ յայ­տա­րա­րուե­ցաւ լռու­թեան պահ եւ հա­րիւր ան­գամ ղօ­ղան­ջե­ցին Մայր Տա­ճա­րի զան­գե­րը։ Նոյն պա­հուն աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րու հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ ցա­մա­քա­մա­սե­րու գլխա­ւոր քա­ղաք­նե­րու մե­ծա­գոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն զան­գերն ալ հնչե­ցին՝ սրբա­դա­սեալ նա­հա­տակ­նե­րուն ի յար­գանս։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղադ­րուած մե­ծա­դիր պաս­տառ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ բո­լո­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան նաեւ հե­տե­ւե­լու այդ տպա­ւո­րիչ պա­հուն։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին դար­ձեալ կազ­մուե­ցաւ ծան­րա­շուք թա­փօր մը եւ Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ ա­ւար­տին հա­սաւ՝ շուրջ հինգ դար վերջ Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ վե­րա­հաս­տա­տուած Սրբա­դաս­ման կար­գի կա­տա­րու­մը։

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015